Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

July 21, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը Հայաստանի կը շարունակէ իրականացնել նախօրօք խնամքով մշակուած ծրագիրը:

16-17 յունիսին բանակողներուն դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, ինչպէս` ո՞վ է դաշնակցականը, առաջին բուժօգնութիւն, նորօրեայ պատերազմներ, անօդաչու սարքեր վարել եւ այլ: Բանակողները հետաքրքրութեամբ լսեցին վերոնշեալ կարեւոր նիւթերը:

«Ո՞վ է դաշնակցականը» նիւթը ներկայացուց պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ընկերաբան, ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտիչեան:

Բանակողները խմբային աշխատանքներով քննարկում կատարեցին դաշնակցական երիտասարդին նկարագրային գիծերուն, զայն բնորոշող յատկանիշներուն եւ իւրայատկութիւններուն մասին:

Այդ երկու օրերուն բանակողներու այցելութիւններու շարքը գլխաւորեց Եռաբլուր այցը: Տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ Կամաւորական շարժման հասարակական կազմակերպութեան ընկերներուն, խոր երկիւղածութեամբ յարգեցին նահատակներու յիշատակը:

Բանակողները այցելեցին նաեւ ԹՈՒՄՕ կեդրոն, ուր ծանօթացան անոր նախագիծերուն եւ ի գործ դրած ծրագիրներուն, մասնաւորաբար` երիտասարդութեան ուղղուած ուսուցողական նախաձեռնութիւններուն:

Բանակողները եզակի առիթ ունեցան հանդիպելու եւ զրուցելու շարք մը երէց ընկերներուն հետ, որոնք իրենց համեստ ներդրումը բերած են Հայ դատի աշխատանքներուն, զինեալ պայքարին եւ Դաշնակցութեան գումարտակի կազմութեան, ինչպէս` Մուրատ Թօփալեան, Համբիկ Սասունեան, Րաֆֆի Թիթիզեան, Ժիրայր Պէօճէքեան եւ Սիմոն Գաֆալեան: Մտերմիկ զրոյցն ու անկեղծ խօսակցութիւնը բանակողներուն նախասիրած օրակարգերէն մէկն է:

Բանակումի իւրայատուկ պահերէն է խարոյկներու շուրջ համախմբումն ու խրախճանքը: Այստեղ խարոյկի միայն կրակը չէ, որ կը ջերմացնէ երիտասարդները, այլ  նաեւ անոր շուրջ ստեղծուած ջերմեռանդ մթնոլորտն ու անկեղծ մտերմութիւնները տարբեր իմաստ կը հաղորդեն խարուկահանդէսներուն:

Բանակումի առաջին խարոյկը անցաւ ճոխ եւ յեղափոխաշունչ մթնոլորտի մէջ: Մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ երգեցին յեղափոխական երգեր,  նաեւ խումբերէն ներկայացումներ կատարուեցան: Անոնց միացան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, որոնք իրենց կարգին ոգեւորուեցան` ի տես առոյգ ու խոստմնալից երիտասարդութեան:

Նախորդը

Նոր Լոյս Տեսած Գիրքս` Սրտէս Բխած Խօսք Յառաջիկայ Սերունդներուն

Յաջորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 437). Բարոյական Իրաւունք

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.