Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 2). Իմաստ Եւ Վաստակ
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ Յոբելենական տօնակատարութիւնները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն: Ծափի եւ ողջոյնի առիթներ չեն: Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր կենարար դերին, հաւաքական մեր կեանքին մէջ պէտք է ձգտինք իմաստ եւ վաստակ որոնել մեր հաւաքականութեան անցեալի գործունէութեան մէջ: Պէտք է փորձենք այդ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ խարխափումներէ խուսափիլ եւ ձգտիլ կանխորոշ ու յստակ նպատակներու: Այս տեսակէտով, Մեծի Տանն...



















