Անդրադարձ

Ո՞վ Է Գրելու Հայաստանի Ազրպէյճանցիների Իրական Պատմութիւնը

Ո՞վ Է Գրելու Հայաստանի Ազրպէյճանցիների Իրական Պատմութիւնը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անցնող օրերի ընթացքում կարդացի երկու գիրք, երկուսն էլ` ռուսերէնով, երկուսի հեղինակներն էլ` ազրպէյճանցիներ: Այդ գրքերը իմ խնդրանքով Պաքուից Թիֆլիս էր բերել իմ բրիտանացի գործընկերներից Լորէնս Պրոէրսը: Երկու գրքերն էլ Հայաստանի մասին են: Այո, չզարմանաք, հարեւան հանրապետութիւնում պատմաբանները, ուսումնասիրողները եւ քարոզչութիւնն իրականացնողները հեզաբար կատարում են Իլհամ Ալիեւի` տարիներ առաջ Ազրպէյճանի ակադեմիային իջեցրած քաղաքական պատուէրը, այն է` ամէն կերպ ապացուցել,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ճարպիկ Քայլ…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ճարպիկ Քայլ…

Շէյքսփիրեան լեզուով հաւանաբար շատ աւելի լաւ հնչէ smart move բացատրութիւնը, քան` ճարպիկ քայլ կամ ուշիմ ընթացք բացատրութիւնը: Շաբաթասկիզբին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յատուկ նամակ մը յղելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը հաստատէր, թէ յետս կոչած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանի նախագահին այս ճարպիկ քայլը, կամ աւելի ճիշդը` smart move-ը: Քանի մը դրդապատճառներ, ազդակներ եւ ստեղծուած իրավիճակներ...

Խմբագրական «Գանձասար»ի `Փետրուար Բ./2015.   Հայկական Փետրուարը

Խմբագրական «Գանձասար»ի `Փետրուար Բ./2015. Հայկական Փետրուարը

Փետրուարին կը զուգադիպի մեր ժողովուրդին մարտունակութիւնն ու անարդարութեան դէմ ծառանալու խոյանքը խորհրդանշող քանի մը թուական` Վարդանանց պատերազմ, Փետրուարեան ապստամբութիւն, արցախեան գոյամարտ: Բոլորն ալ ազգային մեր ինքնութեան, մերարժէքներու պահպանման, ինքնորոշման իրաւունքի նուաճման, սեփական ճակատագրի տնօրինման ձգտող պատգամներ կը պարունակեն: Եթէ Աւարայրի ճակատամարտը, թէկուզ` զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած պարտութեամբ, ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը իր հոգեւոր արժէքներուն ու մշակոյթին համար մարտնչող եւ ազգային...

Հայոց Մարտիկներ

Հայոց Մարտիկներ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ Մեր այսօրուան անվեհեր ջան ֆետայիներ, Հայոց մարտիկներ : (ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ) Տարիներ շարունակ գովաբանուած են մեր աննման հին ու նոր ֆետայիները, «Հայոց մարտիկներ»-ը, որոնց արիւնով կերտուած է մեր առաջին անկախութիւնն ու ապա` Արցախի ազատագրումը: Յարգա՛նք իրենց անմար յիշատակին: Մեր աննման ֆետայիներու կողքին, արդար է նաեւ յիշել ու գովաբանել մեր մշակոյթի մարտիկները, որոնց տքնաջան աշխատանքով կը...

Այս Անկիւնէն.  Ինչպէ՞ս Չզայրանալ

Այս Անկիւնէն. Ինչպէ՞ս Չզայրանալ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Համացանցը, ինչպէս` բոլոր հաղորդակցական միջոցները ու թերեւս ամէ՛ն գիւտ, կրնայ օգտագործուիլ թէ՛ յաւելեալ օգուտ տալու եւ թէ՛ յաւելեալ վնաս հասցնելու համար մարդկութեան: Համացանցը կը ծառայէ ե՛ւ վեհ գաղափարներ տարածելու, լո՜յս սփռելու համար, ե՛ւ ստորին մտքեր հրապարակ դնելու, խաւարամտութեան զարկ տալու համար: Ամէն օր բազմաթիւ առաքումներ կ՛ըլլան հասցէիս` ընկերներէ, բարեկամներէ, ծանօթներէ ու անծանօթներէ, յաճախ նոյն բանը` բազմաթիւ անգամներ, եւ եթէ...

Խոկումներ

Խոկումներ

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Հին յունական ստոյիկեան իմաստասիրութեան հիմերն են մարդկային հետեւեալ առաքինութիւնները, որոնց անվերապահ կերպով կը հաւատային եւ իրենց հաւատացածները կեանքին մէջ ի գործ կը դնէին ստոյիկեան կոչուած իմաստասիրութեան հետեւորդները, Աթէնքին մէջ, Քրիստոսի ծնունդէն երեքեւչորս դար առաջ: Անոնք կը հաւատային, թէ տիեզերքը ստեղծուած է բարութեան վրայ եւ իրենց հաւատքի արմատներն էին` եւ իմաստութիւն, արդարութիւն, բարութիւն, տրամաբանութիւն, խիզախութիւն եւ չափաւորութիւն: Հետագայ դարերուն...

Խնդիրը Համակարգային Է

Խնդիրը Համակարգային Է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին դէպքերու արագ զարգացում տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ` համահայկական շահերու տեսանկիւնէն աննպաստ կացութիւն մը ստեղծելով: Աննպաստ, որովհետեւ պահ մը կարծէք մոռացութեան մատնուած էին մեր առաջնահերթութիւնները: Մէկ կողմէ ինքնաշարժներու շարասիւնով դէպի Արցախ երթ ու ոստիկանական բիրտ միջամտութիւն, ապա, առեւանգում -խոշտանգում` անոր յաջորդած քարոզչական արշաւով ու պղտորած ջուրերու մէջ ձկնորսութեան անխուսափելի պատեհապաշտութեամբ: Նոյն օրերուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան...

Քանատահայ Աշակերտուհին Արիւնը Մաքրող Նոր Սարք Մը Ստեղծած Է

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ քանատահայ 17-ամեայ աշակերտուհի մը` Անիա Փողարեան, ստեղծած է սարք մը, որ կրնայ յեղափոխութիւն յառաջացնել բժշկութեան մարզին մէջ եւ ամբողջովին փոխել արիւնը մաքրելու (տայալիսիս) գործընթացը: Անիա, որ երկրորդական բաժինի աշակերտ է, մշակած է արիւնը մաքրող սարքի նախատիպ մը, զոր կարելի է գործածել նաեւ տան մէջ: Այդ սարքը կ՛արժէ միայն 500 տոլար, մինչ արիւնը մաքրող սովորական սարքերը...

Սլաք.  Կամքէ Անկախ Կամ Այլ  Պատճառներով Յետաձգում

Սլաք. Կամքէ Անկախ Կամ Այլ Պատճառներով Յետաձգում

Ինտոնեզիոյ փոխվարչապետի բանբեր Եուսեֆ Քալա յայտարարեց, որ թմրեցուցիչի վաճառքով ամբաստանուած երկու աւստրալիացիներու մահապատիժի գործադրութիւնը թեքնիք պատճառներով յետաձգուած է երեք շաբաթէն մէկ ամիսով: Ան պատճառը չէ նշած: Հաւանաբար դահիճը իր արհեստի վերջին նորաձեւութեան ծանօթանալու համար ձեռնարկած է Իրաք, Սուրիա եւ Լիպիա շրջապտոյտի մը, թռչնակրիփէ վարակուած է, կամ ալ պարզապէս կորսնցուցած Թիմուրլենկէն ժառանգած կացինը: Յամենայն դէպս, ճշմարիտ է այն արաբերէն ասացուածքը, թէ...

Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Առիթով`  Հայերէնը Դադրած Է Ազգային Ռազմավարական Կողմնացոյց Ըլլալէ (Խստապահանջ Ուսուցիչներուս)

Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Առիթով` Հայերէնը Դադրած Է Ազգային Ռազմավարական Կողմնացոյց Ըլլալէ (Խստապահանջ Ուսուցիչներուս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Թէ ինչո՛ւ այս պատեհ առիթին կ՛ուզենք երկու ազգային արժէքներ` մայրենին եւ իրաւ ուսուցիչը (լեզուաբան, գրականագէտ, քերականագէտ)  առնչել վերոյիշեալ ընդհանուր պատկերին, պարզապէս որովհետեւ անոնք անքակտելի գոյացութիւններ են` զիրար սնուցանող եւ իմաստաւորող: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք կրկին ընդգծենք, թէ հայերէնը հայրենիք է ինքնին, իր վեհափառ ու ազգու ներկայութեամբ, բովանդակ ու պայծառ հնչեղութեամբ, ազգային ուրոյն գաղափարախօսութեամբ եւ գերազանցապէս պատմակերտի առանձնայատկութեամբ:...

Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) Հայոց Այբուբենի Գիրերու Եւ Գրաւոր Դպրութեան Հիմնադիր Սուրբը

Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) Հայոց Այբուբենի Գիրերու Եւ Գրաւոր Դպրութեան Հիմնադիր Սուրբը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Փետրուար 17-ին հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ յիշատակը հայոց այբուբենի գիրերու արարիչ ու հայ գրաւոր դպրութեան հիմնադիր սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցի: 17 փետրուար 440-ին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդին հայերէն գիրեր պարգեւած եւ հայ ազգային ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան անփոխարինելի կռուանին` մայրենիի գրաւոր հիմնաքարը հաստատած Մեծ Վարդապետը: Մաշտոցի Մեծ Գիւտէն ասդին դարերը սրընթաց կը գումարուին իրարու վրայ, հայ իրականութեան մէջ իրերա-յաջորդ սերունդներ կու գան...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 6).  Կողք` Կողքի

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 6). Կողք` Կողքի

ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ Ամրան պայծառ առաւօտ էր: Բարձրացայ Պիքֆայա ու հանդիպեցայ դպրեվանքի տեսուչին` հայր Թորգոմին: Մեր հանդիպումը հետաքրքրական էր ու հաճելի, իսկ առաջարկը շատ յստակ` դասաւանդել իմաստասիրութիւն դպրեվանքի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար դասաւանդել վերոնշեալ նիւթը, երբ շատ լաւ գիտէի, թէ այս նիւթը տասնեակ տարիներով Արտաւազդ սրբազանը աստուածահաճոյ ձեւով փոխանցած էր դպիրներուն ու յատկապէս ընծայարանականներուն: Յաւակնութիւնն իսկ պէտք չէ ունենալ փոխարինելու...

Տեսակէտ.  Անհրաժեշտ Զիջումները

Տեսակէտ. Անհրաժեշտ Զիջումները

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող դէպքերը, մանաւանդ` ազատամարտիկներ հալածելու, ծեծելու եւ անցնող շաբթուան ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ արշաւը բոլոր մակարդակներու վրայ մտահոգութիւններ կը ստեղծեն: Առաջին հերթին Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին դիմաց նման պրկուած եւ յուսահատական մթնոլորտ մը աւելի գէշ անդրադարձ կ՛ունենայ ժողովուրդին հոգեբանական անկումին: Երկրորդ. օգոստոս ամիսէն սկսեալ նահատակուող զինուորներու բազմապատկուիլը եւ...

Արա Պապիկեանի Յիշատակին

Արա Պապիկեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ ազնիւ հայորդի մը եւ ընտանիքի բարի հայր մը, որ սիրուած էր ամբողջ շրջապատին կողմէ` յարգանք պարտադրելով իր անձին հանդէպ: Արա Պապիկեանի մահուան գոյժը տխրեցուց բոլոր զինք ճանչցողներն ու ծանօթները, որոնք կրնան վկայել անոր պարկեշտութեան, ծառայասիրութեան եւ ազգասիրութեան մասին: Արա Պապիկեան ծնած է 1931-ին, Պէյրութ: Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Իտալական վարժարանին...

Պարկեշտութեան Մարմնացում Աղբարիկս` Գրիգոր Շահինեան

Պարկեշտութեան Մարմնացում Աղբարիկս` Գրիգոր Շահինեան

ՅԱՐՈԻՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Մեր բարեկամութեան, չըսելու համար մեր եղբայրութեան 59 տարիներու ընթացքին միա՛յն սէր ու հիացում ունեցած եմ իրեն նկատմամբ: Յաճախ, երբ կը մտածէի «կատարեալ մարդու» մասին, իր պատկերն էր, որ կը յայտնուէր մտքիս մէջ: Եթէ երկրի վրայ իր նմաններուն թիւը մեծ ըլլար, պատերազմներ տեղի չէին ունենար: Կը հաւատար ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ ունէր անսահման սէր մարդ էակին հանդէպ. սակայն խիստ ու...

Խմբագրական.  27 Տարի Առաջ Միեւնոյն Վայրը

Խմբագրական. 27 Տարի Առաջ Միեւնոյն Վայրը

Վերջին օրերուն իրադրութիւնները այնպիսի ընթացք առին, որ այսօր` 20 փետրուարին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ պիտի կայանար հանրահաւաք, որուն հետեւանքներուն մասին կանխատեսումներ կատարելու համար անպայման մտավախութեամբ պիտի յիշուէին ներհասարակական լարուածութիւնը, պառակտումը, ոստիկանութիւն-ցուցարարներ բախումները. այլ խօսքով, մարտի մէկեան տխուր յուշերու վերաթարմացումները: 27 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն, միեւնոյն տեղը ծայր կ՛առնէր Արցախեան հարցի զօրակցութեան շարժումը` աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Երեւանի վրայ եւ ազդանշանը տալով...

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական.  Հանգուցալուծումների  Քաղաքակիրթ Ճանապարհը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Հանգուցալուծումների Քաղաքակիրթ Ճանապարհը

Հայաստանի ներքին կայունութիւնը սասանելու ներուժ ունեցող գործընթացը, ըստ ամենայնի, կանխուած է: Փետրուարի 18-ին հրապարակուեց Գագիկ Ծառուկեանի նոր յայտարարութիւնը, իսկ դրան հետեւեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) քաղաքական խորհրդի յայտարարութիւնը, ըստ որի. «Հաշուի առնելով հասարակութեան գերլարուած յուզական վիճակը, զերծ մնալու համար հնարաւոր գրգռութիւններից եւ բախումներից` ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդը որոշում է կայացրել չեղեալ համարել փետրուարի 20-ի հանրահաւաքի անցկացումը»: Իր հերթին, փետրուարի 18-ին լրատուամիջոցներով...

Անդրադարձ. Ազգային Նորագոյն Զարթօնքի Տարեթիւը` 1988 (Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Սկզբնաւորման 27-Ամեակին Առիթով)

Անդրադարձ. Ազգային Նորագոյն Զարթօնքի Տարեթիւը` 1988 (Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Սկզբնաւորման 27-Ամեակին Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Իրաւամբ փետրուար 1988-ն հայ ազգային նորագոյն զարթօնքի սկզբնաւորման թուականն է: 13 փետրուար 1988-ին Ստեփանակերտի մէջ սկսած զանգուածային ընդվզումի արտայայտութիւնները շուտով` օրեր ետք միայն, իրենց արձագանգումները գտան հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ` հարիւր հազարաւորներ ներքաշելով  բողոքի եւ պահանջատիրական արդար շարժումին մէջ, որ կը միտէր սրբագրել պատմական անարդարութիւնը, վերադարձնել Արցախը Մայր հայրենիքի գիրկը, որպէսզի չենթարկուի Նախիջեւանի ճակատագիրին, ի սպառ չհայաթափուի: 1988-ն...

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943) Տաղանդաւոր Գրողի Եւ Համարձակախօս Մտաւորականի Կանացի Դէմքը

Յովհաննէս Թ. Հինդլեան (1866-1950). Նորահաս Սերունդի Հայակերտման Հիմնադիր ՀՄԸՄ-Ականը

Ն. Հայ Մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի գաղափարական ու բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ, գլխաւոր ներդրում ունեցած հիմնադիրներու շարքին, իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ մեծանուն հայ մանկավարժ ու փայ լուն մտաւորական Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, որ 16 փետրուարի այս օրը, 1950-ին, Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին: ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի այս ականաւոր գործիչը մեծ աւանդ ունի քսաներորդ դարասկիզբին արեւմտահայութեան ապրած զարթօնքին մէջ` սերնդակերտումի...

43 Որբերու Մկրտութիւնը Անթիլիասի Մէջ

43 Որբերու Մկրտութիւնը Անթիլիասի Մէջ

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈԻՆԵԱՆ «Որբաշխարհի աստղ»-ի 1925-ի հանդէսի ուսումնասիրութեանս ատեն կը հանդիպիմ հետեւեալ կարեւոր իրադարձութեան: Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայ վայրը 1922-էն ի վեր կը պատկանէր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան, որ զայն վերածած էր որբանոցի: Որբանոցին մէջ  քանի մը հատ տասը տարեկան որբուկներու եւ ուսուցիչի մը երկամսեայ մանչին մկրտութենէն ետք, կը թելադրուի մկրտութեան մեծ հանդէս մը սարքել չմկրտուած տղոց համար:  Տնօրէնութիւնը...

Page 795 of 806 1 … 794 795 796 … 806

Արխիւներ