Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

43 Որբերու Մկրտութիւնը Անթիլիասի Մէջ

February 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈԻՆԵԱՆ

22015_Mgrdoutchoun-1«Որբաշխարհի աստղ»-ի 1925-ի հանդէսի ուսումնասիրութեանս ատեն կը հանդիպիմ հետեւեալ կարեւոր իրադարձութեան: Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայ վայրը 1922-էն ի վեր կը պատկանէր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան, որ զայն վերածած էր որբանոցի:

Որբանոցին մէջ  քանի մը հատ տասը տարեկան որբուկներու եւ ուսուցիչի մը երկամսեայ մանչին մկրտութենէն ետք, կը թելադրուի մկրտութեան մեծ հանդէս մը սարքել չմկրտուած տղոց համար:  Տնօրէնութիւնը ընդառաջելով այս գովելի փափաքին` կը յանձնարարէ ամենախղճամիտ քննութեամբ պատրաստել ցարդ չմկրտուածներու անուանացանկը, որ անմիջապէս կը ներկայացուի Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին վաւերացման: Վեհափառ հայրապետը  եւս խանդավառուելով այս նախաքայլէն, կը խոստանայ անձամբ կատարել այս մկրտութիւնը` պատարագելով եւ քարոզելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եղանակաւ:

22015_Mgrdoutchoun-2Ուստի մարտ 29-ի  կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 9:00-ին կաթողիկոսը հանդիսաւորապէս մուտք կը գործէ որբանոց` ինքնաշարժով: Անոր կը հետեւէին իր քարտուղարը Խադ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի հոգեւոր տեսուչ Սուրէն եւ Խաչատուր վարդապետները, նաեւ` Դիոնէս եւ Խորէն քահանաները:

Որբանոցին Հայ արիներու խումբը, մուտքին առջեւ շարուած, սկաուտական պատիւներ կ՛ընծայէ եւ վեհափառը կ՛առաջնորդէ խաղադաշտ, ուր բացօթեայ պիտի կատարուէր եկեղեցական արարողութիւնը: Մայրիի եւ արմաւենիի ճիւղերով պատրաստուած խորանը զարդարուած եւ ծածկուած էր գարնանային բուրումնաւէտ ծաղիկներով: Քաղաքէն փութացած էր գալ նոր բազմութիւն մը` ամէն դասակարգէ, ինչպէս նաեւ` «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ի (Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց) կեդրոնին պաշտօնեաները, ի գլուխ ունենալով բազմաջան տնօրէն Ֆաուլը: Երգեցողութիւնը կը վարէ Պէյրութի եկեղեցւոյ դպրապետը` իր երգեցիկ խումբով, որ կ՛երգէ խիստ ներդաշնակ: Վեհափառը իր ծանօթ պերճախօսութեամբ կը խօսի գողտրիկ քարոզ մը` տղոց հասկնալի լեզուով եւ բնաբան առնելով Յովհաննու Աւետարանի Գ. գլուխ հինգերորդ համարը` «Զծնեալն ի մարմինէ մարմին է, եւ ծնեալն ի Հոգւոյ Հոգի է», եւ կը բացատրէ մկրտութեան խորհուրդին նշանակութիւնը: Ուրախալի էր դիտել, որ հակառակ իր յառաջացեալ եւ կրած բարոյական ու հոգեկան անպատմելի վիշտերու, վեհափառը դեռ կը պահէր իր կորովը, առոյգութիւնը եւ ձայնին հնչականութիւնը: Ապա կը կազմուի թափօրը դէպի մկրտութեան բացօթեայ աւազան` հետեւեալ կերպով. նուագախումբը ամէնէն առաջ, յետոյ որբանոցին բոլոր սաները` չորսական շարքերով, յետոյ Հայ արիները` շրջապատելով մկրտուելիք տղաքը եւ վեհափառը, ամէնէն վերջ կու գար խուռներամ բազմութիւնը:

Անթիլիաս գիւղի բնակիչները նոյնիսկ փութացած էին գալու: 43 տղաքը միանուագ կը մտնեն գետին աւազանը եւ երեք անգամ կը սուզուին ջուրին տակ մինչ վեհափառը կ՛արտասանէր` «Յանուն Հօր եւ որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» խօսքերը: Տղաքը ս. միւռոնով օծուելէ ետք թափօրը նոյն շարքով կը վերադառնայ որբանոց, ուր վեհափառը խորանէն կու տայ վերջին օրհնութիւնը: Ժամը արդէն մէկ էր, երբ կ՛աւարտէր այս փառաւոր եւ պատմական հանդէսը, եւ ժողովուրդը կը սկսէր  ցրուիլ խորապէս տպաւորուած եւ հոգեւորապէս մխիթարուած` շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ այս եզակի դէպքին հանդիսատես ըլլալու բարիքին համար:

Վեհափառը եւ իր եկեղեցական հետեւորդները կը հրաւիրուին ճաշելու որբանոցին տնօրէնին տան մէջ, ուր ազնիւ տնօրէնուհին պատրաստած էր ճոխ սեղան մը: Վեհափառին սեղանակից կ՛ըլլան նաեւ ամերիկացի պաշտօնեաները: Վեհափառը կը յայտարարէ. «1500 տարիներէ ի վեր մկրտութեան այսքան փառաւոր հանդէս մը երբեք տեղի չէր ունեցած մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ»: Ուրեմն Արածանիի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ կատարուած մկրտութեան պատմական հանդէսին կրկնութիւնն էր ասիկա: Ճաշէն ետք, մեկնումի պահուն վեհափառը ոտքի վրայ կը սեղմէ տնօրէնին` Նըտսընի եւ տիկին Նըտսընի ձեռքերը եւ հրաժեշտ կու տայ հետեւեալ յատկանշական խօսքով. «Մինչեւ այսօր այս փոքրիկները ծնած էին մարմնէն, իսկ այսօր զանոնք Հոգիէն ծնած ձեզի կը վերադարձնեմ եւ յոյսով եմ, որ այդպէս ալ կը պահէք»:

Վեհափառը դէպի ինքնաշարժ յառաջացած պահուն կը շրջապատուի որբանոցի սաներով, որոնք երկիւղածօրէն կը մօտենային իր Ս. Աջը համբուրելու, Ն. Ս. Օծութիւնը արտասուաթոր աչքերով կու տայ իր հայրապետական օրհնութիւնը: Ինքնաշարժ նստած պահուն շեփորախումբը կը նուագէ «Բամբ որոտան»-ը եւ վեհափառը կը մեկնի որոտաձայն ծափերու մէջ:

Պատմական եւ յիշատակելի օր մըն էր Անթիլիասի որբանոցին համար:

 

[email protected]

 

Նախորդը

Մարաշի Աղէտի Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ (Մարաշի Աղէտին 95-րդ Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Յովհաննէս Թ. Հինդլեան (1866-1950). Նորահաս Սերունդի Հայակերտման Հիմնադիր ՀՄԸՄ-Ականը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.