Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Պապիկեանի Յիշատակին

February 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

22115_Ara-BabikianՔառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ ազնիւ հայորդի մը եւ ընտանիքի բարի հայր մը, որ սիրուած էր ամբողջ շրջապատին կողմէ` յարգանք պարտադրելով իր անձին հանդէպ:

Արա Պապիկեանի մահուան գոյժը տխրեցուց բոլոր զինք ճանչցողներն ու ծանօթները, որոնք կրնան վկայել անոր պարկեշտութեան, ծառայասիրութեան եւ ազգասիրութեան մասին:

Արա Պապիկեան ծնած է 1931-ին, Պէյրութ:

Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Իտալական վարժարանին մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած` Ֆրերներու դպրոցին մէջ:

Արա Պապիկեան` կրտսեր եղբայրը, ողբացեալ մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, քաղաքականութիւնը չէ սիրած, այլ նախընտրած է վաճառականութիւնն ու ճարտարարուեստը: Դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ, երբ Պապիկեան ընտանիքը Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ հիմը կը դնէ կերպընկալի գործարանի մը, ուր Արա կը նշանակուի տնօրէն` հսկելով աշխատանքներուն ու զարգացնելով գործարանին արդիւնաբերութիւնը:

Տարուէ տարի յառաջդիմութիւն արձանագրելէ ետք, գործարանին տարածքը նեղ նկատուելով, 1968-ին գործարանը կը փոխադրուի Տըքուանէի շրջան, ուր կը գործէ մինչեւ օրս, կերպընկալի մարզին մէջ իր ուրոյն դիրքն ու մակարդակը ունենալով լիբանանեան շուկային վրայ:

Արա Պապիկեան երիտասարդ տարիքին մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի շարքերուն:

1961-ին կը կազմէ հայ աւանդութիւններու հաւատարիմ  հայ ընտանիք` ամուսնանալէ ետք ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի պասքեթպոլի խումբի մարզիկուհիներէն Հուրի Շահինեանին հետ. անոնք կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով` Հրայր եւ Տիրան:

Իր քաջալերանքով` Հուրի կը գործէ հայկական բարեսիրական միութիւններուն մէջ, ինչպէս` Լէյլաւանի ժողովրդային բնակարաններու օժանդակ տիկնանց մարմինին, ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին եւ վերջին տարիներուն Hi Food-ի յանձնախումբին մէջ իբրեւ ատենապետուհի:

Արա Պապիկեան, որ մտահոգուեցաւ հայութեամբ եւ ազգային ցաւերով ու ապրեցաւ հայրենիքի կարօտով, այսօր աչքերը կը փակէ գոհունակ` տեսնելէ ետք Հայաստանի անկախացումն ու Արցախի ազատագրումը:

Արա Պապիկեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան անդամ` վարելով գանձապահի պաշտօն, եւ քանի մը անգամ գլխաւորած է Պէյրութի մարզական խումբերուն պատուիրակութիւնները դէպի Հալէպ եւ Գահիրէ` տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի խումբերուն հետ մրցումներ ունենալու համար:

Վարչութեան անդամ կամ ոչ` Արա Պապիկեան հետեւած է ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան ընդհանրապէս, եւ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին հանդէպ մասնաւորաբար:

Ներկայ կ՛ըլլար ՀՄԸՄ-ի ձեռնարկներուն եւ ընկերային հանդիպումներուն եւ մանաւանդ չէր բացակայեր Մայիսեան փառատօներու տողանցքներէն, որովհետեւ փառատօները հպարտութեան անզուգական պահեր ստեղծող առիթներ էին իրեն եւ հայութեան համար:

Առի գնահատանք ՀՄԸՄ-ի մէջ ունեցած իր վաստակին` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յետ մահու զինք պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանով:

Սիրելի՛ պարոն Արա,

Այո՛, դաժան են մահն ու բաժանումը:

Հրաժեշտ առիր մեր բոլորէն անակնկալօրէն:

Քանի մը տողերով այս գրութիւնը թող սփոփէ մեր ցաւն ու վիշտը, դո՛ւն անմոռանալի ու լաւ յիշատակներ ձգած ես մեր հոգիներուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Խունկ ու մոմ քու յիշատակիդ:

 

 

Նախորդը

Պարկեշտութեան Մարմնացում Աղբարիկս` Գրիգոր Շահինեան

Յաջորդը

Տեսակէտ. Անհրաժեշտ Զիջումները

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.