ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Իրաւամբ փետրուար 1988-ն հայ ազգային նորագոյն զարթօնքի սկզբնաւորման թուականն է: 13 փետրուար 1988-ին Ստեփանակերտի մէջ սկսած զանգուածային ընդվզումի արտայայտութիւնները շուտով` օրեր ետք միայն, իրենց արձագանգումները գտան հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ` հարիւր հազարաւորներ ներքաշելով բողոքի եւ պահանջատիրական արդար շարժումին մէջ, որ կը միտէր սրբագրել պատմական անարդարութիւնը, վերադարձնել Արցախը Մայր հայրենիքի գիրկը, որպէսզի չենթարկուի Նախիջեւանի ճակատագիրին, ի սպառ չհայաթափուի:
1988-ն հայոց նորագոյն զարթօնքին տարեթիւն է նաեւ այն պատճառով, որ արցախեան ազատագրական պայքարին շնորհիւ եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման հոլովոյթին իբրեւ անմիջական արդիւնք, սկսաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի հոլովոյթը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին: Ուրեմն, ազգային զարթօնքի շարժումը համապարփակ շարժում մըն էր, որ կը նպատակադրէր ոչ միայն բռնախլուած տարածքի իր տէրերուն վերադարձը, այլ նաեւ ազգային արժէքներու ու խորհրդանիշներու` ազատութեան ու անկախութեան գաղափարներուն, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան դրօշին ու զինանշանին, ինչպէս նաեւ ազգային այլ սկզբունքներու վերականգնումը: Պատմութիւնը վկայ է, որ Ղարաբաղեան շարժումը կրցաւ այս բոլորը իրագործել` հայ ժողովուրդին վերադարձնելով իր արժանապատութեան զգացումը եւ իր ճակատագիրին տէր կանգնելու գիտակցութիւնը:
Ազգային զարթօնքի շարժումը նախ գիտակցական շարժում է` տարերային շարժում մը ըլլալէ շատ առաջ: Կը սկսի գիտակցական այն ըմբռնումով, որ մարդ անհատը եւ հաւաքականութիւնը պատմական տուեալ ժամանակաշրջանին ի՛նչ առաջնահերթութիւններ ունին, ինչպիսի՛ կացութաձեւի մէջ կ՛ապրին, ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ ինչպիսի՛ վիճակ կը տիրէ իրենց ապրած երկրին մէջ, ազգային ի՛նչ ձգտումներ ունին իրագործելիք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ տարողութեամբ:
Հայութիւնը այդ թուականին հասած էր այդ գիտակցական մակարդակին: Հաւաքաբա՛ր հասած էր հոն եւ ոչ թէ տարուելով անհատ առաջնորդի մը խօսքերէն: Հաւաքաբար գիտակցած էր, որ իր կտրելիք ճամբան այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որ Արցախը Մայր Հայաստանին վերադարձնելը պիտի պահանջէ նաեւ արիւն: Արդէն շատ չանցած` 28 փետրուար 1988-ին Խորհրդային Ազրպէյճան ցոյց տուաւ իր «եղբայրական» իսկական դիմագիծը` ճարտարարուեստական Սումկայիթ քաղաքին մէջ կազմակերպելով հակահայ զանգուածային ջարդերը: Հետագայ ամիսներուն ալ Ազրպէյճանի մէջ հակահայ մոլուցքը աւելի եւս սրեցաւ` ղարաբաղեան շարժումը արեան մէջ խեղդելու միտումով: Այս բոլորը չմթագնեցին հայ մարդուն վերազարթնած գիտակցութիւնը, հայ մարդը մէկ վայրկեան իսկ վարանումի առջեւ չգտնուեցաւ այն առումով, որ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու իր ձգտումին մէջ կրնայ սխալած ըլլալ: Այս գիտակցումով ալ հետագային հայութեան դէմ պարտադրուած պատերազմին մէջ ներգրաւուեցան հայութեան բոլոր շերտերը: Իրաւամբ ալ Ղարաբաղը մօր կանչին պէս իրեն կանչեց բոլոց հայորդիները` Արցախէն, Հայաստանէն ու սփիւռքէն: Անոնք գացին, արժանավայել կերպով կռուեցան հող հայրենիին համար: Շատեր ճաշակեցին յաղթանակի բերկրանքը, շատ շատեր ալ իրենց արիւնը շաղախեցին ու միաձուլուեցան այդ հողին հետ: Արցախեան շարժումը այն դրական ցնցումն էր, որուն միջոցով հայութիւնը վերագտաւ ինքզինք ազատ եւ արժանապատիւ ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ: Այդ շարժումով դրոշմուեցաւ հայ կեանքը հետագայ տասնամեակներուն, եւ ներկայիս հայութիւնը ամէն օր այն մարտահրաւէրին առջեւ է, որ Արցախի մէջ ամրապնդուին արցախեան շարժումին շնորհիւ արձանագրուած ձեռքբերումները: Հայոց արեւելից կողմանց սահմանները մնան անձեռնմխելի, հայոց բանակը աւելի եւս զօրանայ եւ խափանէ թշնամիին սադրանքները, Արցախի ընկերային-տնտեսական վիճակը օրը-օրին աւելի բարելաւուի, օրէ օր այս երկրամասը աւելի եւս հզօրանայ եւ երջանիկ օր մը ոչ միայն իրողապէս, այլ նաեւ իրաւականօրէն վերամիանայ Մայր Հայաստանին, ինչպէս որ էր սկզբնապէս արցախեան շարժումին մասնակիցներուն պահանջը:
Տակաւին 27 տարուան ժամանակային հեռաւորութենէն կը լսուին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւր հազարաւոր հայորդիներուն բարձրաղաղակ բացագանչութիւնները: Տակաւին ժամանակային այդ հեռաւորութենէն մենք կը լսենք հայ նորագոյն ազատամարտին զինուորագրեալներուն ոտնաձայները: Տակաւին կը զգանք օդը բարձրացած բռունցքներուն ուժգնութիւնը, զանոնք բարձրացուցած բազում հայորդիներուն վճռակամութիւնը:
«Ղարաբաղը մերն է»…
«Միացում, միացում»…
1988: Հարիւր հազարաւորներու աղաղակներով շրջուեցաւ հայոց պատմութեան անիւը: Հայը ենթակայէն վերածուեցաւ տիրող: Տէրը` իր ճակատագիրին, տէրը` իր ազատութեան ու անկախութեան, տէրը` իր բռնախլուած իրաւունքներուն ու հողերուն:
Եւ ազգային զարթօնքի շարժումէ մը աւելի մեծ ձեռքբերում կարելի չէ սպասել, քան այս: