Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Անհրաժեշտ Զիջումները

Փետրուար 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող դէպքերը, մանաւանդ` ազատամարտիկներ հալածելու, ծեծելու եւ անցնող շաբթուան ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ արշաւը բոլոր մակարդակներու վրայ մտահոգութիւններ կը ստեղծեն:

Առաջին հերթին Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին դիմաց նման պրկուած եւ յուսահատական մթնոլորտ մը աւելի գէշ անդրադարձ կ՛ունենայ ժողովուրդին հոգեբանական անկումին:

Երկրորդ. օգոստոս ամիսէն սկսեալ նահատակուող զինուորներու բազմապատկուիլը եւ անոր անդրադարձը մասնաւորաբար մաշեցնող եւ պարտուողական իրավիճակ մը կը ստեղծէ, եւ բոլորս ալ կը զգանք, որ պատերազմի մէջ ենք: Չյայտարարուած պատերազմ:

Երրորդ. աստիճանական մագլցումը ընդհանրապէս ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հանդէպ իբրեւ ոճ եւ երեւոյթ մտահոգիչ զարգացումներու դուռ կը բանայ:

Չորրորդ. սփիւռքի գաղութներու վիճակը. արդարեւ, վերոնշեալ երեւոյթներու լոյսին տակ յոյսի եւ թռիչքի թափը կը կասի եւ պղտոր հորիզոնով հայրենիքի մը պատկերը կը զօրանայ:

Հինգերորդ. տնտեսական ճգնաժամը, դրամին արժեզրկումը եւ անոր հետեւանքները ժողովրդային մակարդակով ընդվզումի ալիք մը կը բարձրացնեն:

Այս բոլորէն անկախ, յառաջիկայ օրերուն աստիճանական մագլցումը անխուսափելի կը թուի, սակայն մենք մեզի դարձեալ անմեղ, բայց անկեղծ հարց կու տանք. ո՞վ է օգտուողը այս ժամանակամիջոցին նման քայլերով մեր երկրին անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը խանգարելու փորձէն:

Բնականաբար պետական մակարդակով կամ ընդդիմութեան պահուածքով նման քայլերու արագ եւ անհակակշռելի զարգացումը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն վրայ:

Հաւաքաբար հազիւ ձեռք ձգած Հռչակագիրը, ուր հատուցումէն դէպի պահանջատիրութիւն տանող մտածումը կը զարգանար եւ բոլոր մակարդակներու վրայ հարիւրամեակը կազմակերպ եւ զօրաւոր կեցուածք մը դրսեւորելու ճիգը կ՛ըլլար, յանկարծ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերապահութիւնները, որոնք այդքան ալ անմեղ չեն: Նման քայլ մը ընդհանուր պատկերը կ՛աղաւաղէ եւ ընդհանրապէս թափը կը կտրէ:

Հայաստան աննախադէպ ներքաղաքական իրավիճակի մէջ է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սերժ Սարգսեան նախայարձակ եղաւ: Քաղաքակիրթ ճանապարհը բոլորիս ալ ծանօթ է: ՀՅԴ-ի ճիգերով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը խառնակութիւն պատճառել ուզող կարգ մը շրջանակներ յուսախաբութեան մատնեց: Կարեւորը զգաստանալ եւ հանդարտ ու խաղաղ միջոցներով հարցերը լուծելն է:

Կրկնակի պարտաւորութեան տակ են բոլորը: Ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ ոչ ոքի ի նպաստ կ՛ըլլայ այլընտրանքը:

Հաւանաբար ամբողջական համաձայնութեան մը կարելի չէ հասնիլ, սակայն ոճի եւ ձեւի փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է:

Պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բերնով անձնական վիրաւորանքներու այս աստիճանի եւ մակարդակի հասնիլը թուլութեան եւ սնանկութեան ցուցանիշ է:

Յառաջիկայ օրերը ճակատագրական են: Պետութիւնը կա՛մ իր հալածանքը պիտի շարունակէ տարբեր ոճերով, կա՛մ ալ պէտք է հաշուի առնէ նոր էջ մը բանալու նախաձեռնութիւնը: Երկուստեք զիջումները անհրաժեշտ են մեր երկրի անվտանգութեան եւ բարօրութեան համար:

 

Նախորդը

Արա Պապիկեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 6). Կողք` Կողքի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In