Անդրադարձ

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող տարուան յուլիսին, այսինքն` Ուքրանիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցող արիւնալի բախումներուն ընթացքին, Մալեզիական օդային գիծերուն պատկանող ճամբորդատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ նշեալ շրջանին մէջ: Անձնակազմի բոլոր անդամներն ու ճամբորդները սպաննուեցան: Արեւմտեան քարոզչական միջոցները ոչ իսկ երկվայրկեան մը ուշացան եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ անդադար Ռուսիոյ դէմ ինչեր ըսես չըսին` առանց ապացոյցի նշոյլ մը հրապարակելու: Ռուսիոյ օդանաւորդութեան մասնագէտներ հրապարակեցին իրե՛նց...

Տեսակէտ. Մենք Կը Յարգենք Միայն Ինքզինք Եւ Մեզ Յարգողը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արարողութեան մասնակցելու համար Վլատիմիր Փութինի Երեւան այցելութեան հարցը տակաւին կը քննարկուի, եւ որոշում տալու պարագային,  իրենք պիտի կատարեն համապատասխան յայտարարութիւն: Սակայն իրենք արդէն համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած էին: Նոյնինքն Փեսքով 12 մարտին այդ առնչութեամբ ԱՖՓ-ի հարցումին յստակ կերպով պատասխանած էր` «Այո՛, ան պիտի մեկնի Երեւան»,...

Հայկական Կիրքի Մասին

Հայկական Կիրքի Մասին

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԻԿԵԱՆ Ծ.Խ.- Յակոբ Խաչիկեան (Agop  Acikyan)  ծնած է Պոլիս  եւ 1957-ին փոխադրուած է Քանատա: Եղած է գրականութեան պատուական փրոֆ. Ռոյըլ Միլիթըրի քոլեճի մէջ: Հեղինակն է եօթը վէպերու եւ գրական ու լեզուական զանազան հատորներու:  Իր «Ը սամըր ուիթաութ տաուն» վէպը թարգմանուած է  զանազան լեզուներու եւ  արժանացած` համաշխարհային ուշադրութեան: Յակոբ Խաչիկեան կը գրէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Սոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ...

«Փթիթ» Թիւ 12.  Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

«Փթիթ» Թիւ 12. Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին թիւ 12-ը: Ծանր պայմաններ յաղթահարելով, «Փթիթ»-ի հրատարակիչները` տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններ յարգեցին իրենց խոստումը եւ շարունակեցին պարբերաբար լոյս ընծայել «Փթիթ»-ը: Պարբերաթերթին այս համարին աշխատակցած են Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան  (մտայղացում եւ համակարգչային իրագործում), Արմէն Իւրնէշլեան (խորհրդական) Հուրի Քէստէնեան (համակարգչային ձեւաւորում) Ռազմիկ Պերթիզլեան (հեքիաթներու նկարազարդում եւ կողքի ձեւաւորում) Կարօ Խաչերեան (առակներու նկարազարդում): «Փթիթ»-ի այս...

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Քանի մը տարի առաջ, տեսնելէ ետք Ժանեթ Յակոբեանի ցուցահանդէսը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, իր ոսկեմատեանին մէջ գրած էի. «Տիկին Ժանեթ Յակոբեանի գործերը զիս անակնկալի բերին իրենց կառոյցով եւ այլ արժանիքներով», որքան կը յիշեմ: 19 մարտէն «Արթ լուանճ» ցուցասրահին մէջ ներկայացուած իր իւղանկարները հասած են կատարելութեան` իրենց համադրութեամբ, ձեւերու ներդաշնակութեամբ եւ մակերեսի յագեցուածութեամբ: Ժանեթ Յակոբեան կը մեկնի էութենէ...

Առաջարկ.  Որպէսզի Չընդհատուի Երթը

Առաջարկ. Որպէսզի Չընդհատուի Երթը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ    Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը եթէ ուրիշ ոչ մէկ օգուտ ունենար, ոչ մէկ յաւելեալ ճանաչում ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան, ոչ մէկ քաղաքական յառաջընթաց արձանագրէր Հայաստանի ու իր թշնամի դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տեսակէտէն, մանաւանդ` հայկական պահանջատիրութեան գոհացում տալու առումով, միայն այն իրողութիւնը, որ հարիւրամեակը ազգովին կը նշենք, միասնաբա՛ր կը նշենք` ինքնին նուաճում մըն է, որ ամէն կերպով պէտք է պահպանել: Ճիշդ է`...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Միսթիք Ժամեր

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ Գիշերային այս միսթիք ժամերուն Երբ աշխարհը քնացած է կամ արթուն Եւ շշուկը աստղերուն` Կ՛օրօրէ երազներ թաքուն: Կը զգամ գրչիս հպումը ոլորաձեւ Ձիւն է միապաղաղ տարածքին: Թուղթը մերթ կը ժպտայ Մերթ կը հեծծէ` Կ՛արտասուէ ու կ՛ողբայ Ադամի որդիներուն Բախտին անորոշ Կ՛ուրուագծէ վազքն անոնց Իւրացնելու ինչ... անսպառ: Վազքն այս ահաւոր Պարփակէ պիտի Ափ մը հող միմիայն (միայն) Այսպէս սերունդներ Գան...

Հրապարակային Եւ Քաղաքական Բառը Ստոյգ Եւ Միանշանակ Պէտք Է Ըլլայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կը հետեւիմ գրուած եւ հրապարակուող եւ քաղաքական խօսքին: Կարեւոր է, որ այսօր, վաղը, մօտ կամ հեռու ապագային, բառերը եւ խօսքերը տարբեր կամ հակասական մեկնաբանութիւններու դուռ չբանան: Մենք եւ ուրիշներ նոյն բառին նոյն իմաստը պէտք է որ տանք, նոյնը հասկնանք: Ըսինք` 100-ամեակ: Զայն որպէս պիտակ կը փակցնենք ամէն բանի վրայ, տարիներու ընթացքին եղածին, խաղերուն եւ զուարճութիւններուն. շրջպտոյտ, մարզախաղ, ցոյց,...

Ակնարկ.  Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ակնարկ. Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ինքզինք աւելի օսմանցի, քան հայ զգալէ ընդամէնը մէկ օր ետք, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ես ըսած եմ, որ ինքզինքս հայ ըլլալէ աւելի օսմանցի կը զգամ: Ես ազգայնական չեմ, սակայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառնայ, ես կ՛օգտագործեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ  ցեղասպանութիւն եզրը եւ 1915-ին տեղի ունեցածը կը համընկնին իրարու:...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

«Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Թուրք Սուլթանը. Մեծ Մարտահրաւէրը» (“Christapor Mikaélian et le Sultan Turc. Le Grand Défi. Biographie“) Արա Գրիգորեան, «Էտիփոլ» հրատ., Ֆրանսա, 2014 Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Անցեալ նոյեմբերին մամուլը հաղորդեց Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրուած կենսագրական ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը հրատարակումին մասին: Երկհատորեակ գործը լոյս տեսած էր Ֆրանսա, Փարիզ, լեզուն` ֆրանսերէն: Փաստը` ուսումնասիրութիւն Քրիստափորի մասին, կրնայ անսովոր թուիլ ֆրանսահայ համայնքի կեանքի թանձրացական պայմաններուն անծանօթ...

1 Ապրիլ 1909.  Ատանայի Եւ Ընդհանրապէս Ամբողջ Կիլիկիոյ Հայութեան Կոտորածը

1 Ապրիլ 1909. Ատանայի Եւ Ընդհանրապէս Ամբողջ Կիլիկիոյ Հայութեան Կոտորածը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ապրիլ 1-ին արձանագրուած է հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մատեանին ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկը: 106 տարի առաջ, ապրիլի առաջին այս օրը մոլեգնեցաւ թրքական արնախում բարբարոսութիւնը: Չքնաղ Ատանա քաղաքն ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ ներկուեցան, հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան: Դանիէլ Վարուժանի բառերով` հայկական շքեղ Կիլիկիան...

Շրջապտոյտ` Արեւմտեան Հայաստան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի Հետ

Մ. Լ. Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային համագումարին մասնակցելու համար մարտ 24-ի առաւօտուն Փարիզ հասած էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յոհաննէսեան: Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը նոյն օրը երեկոյեան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ հանդիպում մը կազմակերպած էր պատմաբանին հետ` Կեսարիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայ համայնքներուն նուիրուած անոր նոր լոյս տեսած հատորին առիթով: Ներկայ էին Փարիզի հայոց առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Նորվան...

Ապրիլ 2, 1921 Թ.` Տխուր Օր, Որ Չենք Յիշում

Ապրիլ 2, 1921 Թ.` Տխուր Օր, Որ Չենք Յիշում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 1921թ. ապրիլի 2-ը քսաներորդ դարի եւ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան տխուր օրերից է: Ոչ ոք կամ գրեթէ ոչ ոք Հայաստանում եւ սփիւռքում այդ օրը չի յիշում: 94 տարի առաջ այս օրը ռուսական (պոլշեւիկեան) բանակի օգնութեամբ Յեղկոմը վերադարձաւ Երեւան, եւ փետրուարեան ապստամբութիւնը ճնշուեց: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն Սիմոն Վրացեանի, Յովհաննէս Քաջազնունու եւ բոլոր կռուող ուժերի ու գրեթէ ողջ մտաւորականութեան հետ` շուրջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը.  Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել

Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ կիրակի վաղ առաւօտ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ խումբ մը բարեպաշտ կիներ իրենց հետ խունկ առնելով Քրիստոսի գերեզմանը գացին. գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած գտնելով` ներս մտան, բայց Յիսուսի մարմինը հոն չգտան: Մինչ զարմացած կը դիտէին պարապ գերեզմանը, երկու հրեշտակներ կը մօտենան անոնց ու կ՛ըսեն` ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ՛ ան, յարութի՜ւն առաւ… (Ղուկ....

Եթէ Կը Հաւատանք Աստուծոյ Կամքին,  Կ՛ապրինք Ու Կը Ժառանգենք Յարուցեալին Կեանքը

Եթէ Կը Հաւատանք Աստուծոյ Կամքին, Կ՛ապրինք Ու Կը Ժառանգենք Յարուցեալին Կեանքը

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ ան. յարութիւն առաւ»: Ղուկաս 24:5 Այս պատգամը փոխանցուեցաւ հարազատի մը կորուստով վշտահար դարձած այն կիներուն, որոնք բարեպաշտական մղումով, կիրակի առաւօտուն քաջութիւնը ունեցան այցելելու Քրիստոսի գերեզմանը, որպէսզի այնտեղ աղօթելով ու խունկ ծխելով, մխիթարութիւն գտնեն: Սակայն, գերեզմանի մուտքին, անոնք սարսափի մատնուեցան, երբ նշմարեցին, որ իրենց մտահոգութիւն պատճառող հսկայ գերեզմանաքարը մէկդի դրուած էր եւ դատարկ...

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը  Մեր Հաւատքի Կեդրոնական Օրն Է

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Հաւատքի Կեդրոնական Օրն Է

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, ի ձայն ցնծութեան ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը արհիապատիւ արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ եւ առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ: «Ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհին: Եւ այս է յաղթանակը, որ տարուեցաւ աշխարհի վրայ. մեր հաւատքը»: (Ա. Յովհ....

Յարութեան Մեր Տեղը

Յարութեան Մեր Տեղը

Շուտով գացէք Անոր աշակերտներուն ըսէք, թէ` «Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ՛երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա». ահա ձեզի ըսի: Մատթ. 28.7 Հարիւրերորդ անգամն ըլլալով` Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը կը տօնենք մեր պապենական հողերէն զրկուած: Բիրտ ուժով մեր դարաւոր տունէն դուրս դրուած, տարագրուած, անապատին աւազներուն վրայ եւ խորշերուն մէջ ծարաւ եւ անօթի մահացած եւ անթաղ մնացած սերունդին...

Հանգստացնող Խմբագիրը

Հանգստացնող Խմբագիրը

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան շէնքին  դրան դիմաց տեղադրուած Հրանդ Տինքի յուշաքարը կը դիտեմ: Կը պատկերացնեմ այն դաժան օրն ու ծակ կօշիկներով փռուած  քաջարի Տինքին անշնչացած մարմինը: Յետոյ կը վերյիշեմ Տինքին թաղումը եւ այն մարդկային հոսքը, որ գրաւեց նոյն այս փողոցը եւ անկիւնադարձ մը եղաւ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցի քննարկումին համար: Ծնրադիր, մատներովս կը հպիմ  յուշաքարին վրայ փորագրուած գիրերուն, կոյր...

Հայ Վաճառողները Դատ Բացած Են «Ամերիքանա»-ի Դէմ` Իրենց Քաղաքացիական Իրաւունքները Խախտելուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ ամիս տեղեկացուցած էի, որ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնը երեք հայ երիտասարդներու արգիլած էր վաճառել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շապիկներ` անոնց վարձած սեղաններէն: Յօդուածս համացանցի վրայ տեղադրուելէն եւ առեւտուրի կեդրոնին դէմ բողոքի մեծ ալիք յառաջացնելէն կարճ ժամանակ անց, «Ամերիքանա»ի տնօրէնութիւնը Դիմատետրի իր էջով հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մենք կ՛ուզենք ներում հայցել մեր վաճառասեղանը վարձած Թինա Չուլճեանէն, Ալեքս Գոտակոլեանէն...

Արտահանէն Միջին Արեւելք` Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Ոտնահետքերով

Արտահանէն Միջին Արեւելք` Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Ոտնահետքերով

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Էրհան Արըք Իւրաքանչիւր ուսէն լուսանկարչական գործիք մը կախած, շրջուն գլխարկը դրած ու կռնակին պայուսակ մը շալկած` Էրհան Արըքն է, որ կը քալէ լիբանանահայ գաղութին կերտած առօրեային ու վառ պահած հայկական մշակոյթին եւ արուեստին ոտնահետքերով: Իր ոսպնեակը ուղղելով զանազան հայկական մշակութային ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ` գաղութին մեզի համար աննշմար ամէնօրեայ հեւքին, ան կը փորձէ լուսանկարել Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն արիւն քրտինքով շաղախուած...

Page 785 of 806 1 … 784 785 786 … 806

Արխիւներ