ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ
Հալէպը ճգնաժամ կ՛ապրի, եւ հալէպահայերը դարձեալ շատերու ուշադրութեան առարկան են: Մամուլի եւ համացանցի մէջ տարաբնոյթ կարծիքներ կը հնչեն այս մասին. այնքան շատ, որ երբեմն կը խուսափինք կարդալէ:
Կասկած չունիմ, որ շատեր անկեղծ սրտցաւութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը մօտենան այս հարցին: Ոմանց նպատակներուն եւ դրդապատճառներուն վերապահութեամբ կը մօտենամ. սակայն…
Այս ակնարկիս հիմնական պատճառը հալէպահայ համայնքի ղեկավարութեան հասցէին հնչած ամբաստանութիւններն են:
Եթէ դուք այդպէս մտածողներէն էք, կը խնդրեմ, որ չշարունակէք կարդալ…
Անցնող 4 տարիներուն հալէպահայութիւնը անկանխատեսելի բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ կացութիւններու դիմաց գտնուեցաւ: Այսօր, հաւանաբար, այդ դժուարութիւններու ամէնէն ծանրը կ՛ապրի այս համայնքը:
Բայց, ի պատիւ այնտեղ մնացող պատասխանատուներուն, հալէպահայութեան համայնքային կեանքը կը շարունակուի: Այստեղ միութենական-հաւաքական կեանքը նկատի չունիմ…
Նկատի ունիմ համայնքի անդամներուն կենցաղային եւ ապահովական կարիքներուն քիչ թէ շատ հասնելու պարագան: Աստուած չընէ, որ այլ գաղութներ ալ նման վիճակի մէջ յայտնուին. կը կասկածիմ, որ կրնան դիմանալ եւ գլուխ պահել:
Ոմանք կը կարծեն, որ այդ պատասխանատուները «փառք» վայելելու համար համայնք «կը պահեն»: Տեսակէտ է, ի հարկէ: Իսկ ես համոզուած եմ, որ անոնք բոլորովին այլ պատճառներով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Ի վերջոյ, եթէ կարգ մը յոռետեսներու բեմագրութեան համաձայն, վտանգը ուղղակի հայերուն հասնի, չեմ կարծեր, որ դիմացինը «պատասխանատուները» եւ «համայնքապետները» պիտի խնայէ: Իմ ընկերներէս եւ ծանօթներէս շատեր իրենց զաւակներով եւ ընտանիքներով դեռ Հալէպ կը մնան եւ ամէն անգամ, երբ նման անտեղի քննադատութեան հանդիպիմ, անոնց փոխարէն` ես կը նեղուիմ: Չի բաւեր, որ անոնք սեփական ընտանիքի հոգերու կողքին նաեւ հաւաքականութեան բեռը կը տանին, դեռ ալ քննադատութիւն պիտի լսեն եղեր… Արդար չէ: Ճիշդ կամ սխալ, այդ խումբը պատմական իր պատասխանատուութիւնը կը կատարէ: Արեան բաղնիքին մէջ, անգոյն, անդէմ հոսանքներու մէջ կողմնորոշուիլը դիւրին չէ:
Մտահոգներս կրնանք մեր մտահոգութիւնները եւ նկատածները կողմնակի հասցնել իրենց:
Հալէպահայութեան օգնել ցանկացողները առանց այս բարձրագոչ «իմաստութիւններ»-ուն ալ կրնան իրենց գործը ընել` առանց «հաւաքական որոշումի բացակայութեան» պատճառաբանութեան… արդէն հազար անգամ ըսուեցաւ, որ Հալէպ մնալ-չմնալու որոշումը անձնական է: Եթէ դուք գիտէք եւ կրնաք հասնիլ անհատներու, որոնք կը ցանկան, սակայն նիւթական պատճառներով չեն կրնար դուրս գալ այդ քաղաքէն, խնդրեմ` օգնեցէք: Բայց ձգեցէք, որ մարդիկ առանց յաւելեալ ծանրութեան աշխատին:
Ես, ի տարբերութիւն ոմանց, շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ հալէպահայութեան կեանքին մէջ իրենց բաժինը ունեցող ծանօթ եւ անծանօթ ամէն մէկ անհատի: