Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բողոքագիրներու Համանուագը

Մայիս 21, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20.05.15-2407bakoԱզրպէյճան բողոքագիր մը յղած է Ֆրանսային` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի` 17-20 մայիսին Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան առիթով:

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ 20 մայիսին կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով եւ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Կաճիեւ անոր յանձնած են բողոքագիրը:

«Նման փաստերը, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի խորհրդարանականներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դէտի կարգավիճակով խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կը հակասէ Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ զարգացող բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ոգիին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի` Մինսքի խմբակին մէջ ունեցած դերակատարութեան: Բացի ատկէ` նման մօտեցում կը վնասէ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման», ըսած է Խալաֆով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նկատէ, որ նման փաստերը, «որոնք երկակի չափորոշիչներու վկայութիւն են, բացասաբար կ՛ազդեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ»:

Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա մեկնած էր 17 մայիսին: Ան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ներառեալ` Ազգային ժողովին մէջ:

Կը թուի, թէ Պաքու հետեւողական է բողոքագիրներ ուղարկելու իր վարքագիծին մէջ: Երկու տարուան կտրուածքով ասիկա արդէն երրորդ բողոքագիրն է` Պաքուի կողմէ ուղարկուած Փարիզին: 2013 թուականին Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը 26 փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին առնչութեամբ բողոքագիր  յանձնած էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաւաստիացումով դեսպանատունը մտադիր էր բողոքագիր յանձնել նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին: «Ատիկա լուրջ յանցագործութիւն է, մենք կը ցանկանք, որ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան անդամները տան ատոր գնահատականը», ըսուած է դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

Պաքու բողոքագիրներու շարքը կը համալրէր Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուայի`  29 սեպտեմբեր 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ 23-26 սեպտեմբերին տեղի ունեցած միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին Հայաստանի տաղաւարին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուած ըլլալուն առիթով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի պաշտօնակատար Հիքմեթ Կաճիեւ յայտարարած էր, որ հոկտեմբերին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընդառաջ «Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքի նման անօրինական գործողութիւնները, որոնք կը գտնուին Ռոշպլուայի նման մարդոց ազդեցութեան տակ, նախ եւ առաջ սադրիչ գործողութիւններ են ուղղուած Ֆրանսայի դէմ»: Ան նշած է, որ Ռոշպլուա Լեռնային Ղարաբաղի հետ իր կապերով «կը նպաստէ անջատողականութեան, ցեղային զտումներուն, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն, բռնագրաւումին եւ յարձակողապաշտութեան»:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռոշպլուա նշած էր, որ «նման այցելութիւններու միջոցով իրենք կը տեսնեն իրականութիւնը եւ կը դառնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իւրատեսակ ներկայացուցիչները Եւրոպայի մէջ»:

Հետաքրքրական է, որ բողոքագիրներու անարդիւնաւէտութիւնը պատճառ չի դառնար, որ Պաքու մագլցողականութիւն արձանագրէ իր բողոքներուն մէջ եւ ետ կանչէ իր դեսպանը: Մէկ նրբութիւն կը նկատուի այս վերջին պարագային. բողոքագիրին առընթեր յատուկ կը յայտարարուի, որ Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած  է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Եթէ Պաքու բողոքագիրներու համանուագի սկսած է, ապա Անգարան դիւանագէտներու «հայրենադարձութեան» զօրակոչ յայտարարած է: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող որեւէ բանաձեւի որդեգրումին կը հետեւի տուեալ երկրին մէջ թուրք դեսպանի տունդարձի որոշում: Թէկուզ ժամանակաւոր: Մէկ կողմէ բողոքագիր, միւս կողմէ տունդարձ: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայկական կողմը ճիշդ ուղիի վրայ է:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Այսօր Կը Մեկնի Լաթվիա` Մասնակցելու Ռիկայի Վեհաժողովին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Վաղը` Ընկերութիւններու Աւարտականի Մրցումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?