ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Գարնանային մաքրութիւնը եզր մըն է, որ կ՛ակնարկէ տան մը ամբողջական մաքրութեան գործին` գարնան շրջանին կատարուող. անիկա լայնատարած սովորութիւն մըն է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Այս նոյն սովորութիւնը գոյութիւն ունի նոյնպէս աւելի հին քաղաքակրթութիւններու մէջ: Իրանեան գործածուող եզրը «Նոր տարուան մաքրութիւն» է, Պարսկական Նոր տարին (Նովրուզ) կը զուգադիպի գարնան առաջին օրուան:
Հայկական եզրը` «Զատկուան մաքրութիւն», որ կ՛ակնարկէ տան ամբողջական մաքրութեան, տունը լուալ, նաֆթալինով օծանել, ոլորել եւ մէջտեղէն վերցնել գորգերը ամրան համար, կը զուգադիպի եբրայական եզրին հետ: Արդարեւ, Հին կտակարանին մէջ եբրայեցիներուն հրամայուած էր նկատի առնել հրէից Զատիկը` հեռու կենալով խմորեղէններէ: Նախքան ծոմապահութեան եօթը օրերը` հաւատացեալ հրեաներու տուները մինչեւ օրս կը մաքրուին` անձնական հագուստներէն սկսեալ մինչեւ կահ կարասիներ, զանոնք զերծ պահելու հացի նոյնիսկ մանր փշրանքներէ:
Այս տարի, Աւագ Հինգշաբթի, որ գարնան առաջին տաք օրն էր Փարիզի մէջ, թռչուններու գեղգեղանքի եւ ծաղիկներու բոյրի մթնոլորտի մէջ Փաթրիսիան ստանձնեց ընտանեկան նկարներու դասաւորումը: Աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին մենք մեր նկարներու ծրարները «նետած էինք» մեր առաջին յարկի նրբանցքի փայտեայ նստարանին մէջ:
Փաթրիսիան բոլորը դուրս հանեց, դրաւ զանոնք մաս մաս մեր խոհանոցի սեղանին վրայ, եւ ետքը զատեց` կոյտեր կազմելով: Մէկական կոյտ մեր զաւակներէն իւրաքանչիւրին, ընտանեկան, ամուսնութիւններու, մեր եռամեայ ընտանեկան հաւաքոյթներու, արձակուրդի պտոյտներու, գործի եւ AJA-ի` Հայ ոսկերիչներու միութեան նկարներ: Իւրաքանչիւրը` իր տեղը: Երբ վերջացուց, ան դասաւորեց իւրաքանչիւր տրցակ ժամանակագրականօրէն, եւ ետքը դասակարգերու հիման վրայ դրաւ զանոնք հին պատկերատետրերու մէջ: Կրկնատիպ նկարները դրուեցան տուփերու մէջ, եւ դարաններու վրայ` վերնատան մէջ:
Մեռելոցի օրը գործը վերջացած էր: Ան գործի եւ AJA-ի նկարներու դասաւորումը յանձնեց ինծի: Այսպիսով էր, որ տրցակ մը նկարներ զետեղուեցան գրասեղանիս վրայ:


Յիշատակներ: Պարզ նկար մը կրնայ անհատի մը ետ տանիլ, մոռցնել ներկան:
Այն նկարը, որ Վարդգէսը կամ ես առած էինք, Փարիզի Yan’s ակումբին մէջ, ուր սեպտեմբեր 2000-ին, մենք ունեցանք մեր AJA-ի առաջին համեստ ընթրիքը, տարաւ զիս Լիբանան, դէպի իմ մանկութիւնս: Այդ ժամանակ Արմէնը, Շահէն եւ ես սկաուտներ էինք նոյն խումբին մէջ: Մենք դպրոցի ընկերներ էինք: Ամէն կիրակի միասին նոյն եկեղեցին կը յաճախէինք: Մեր մայրերը անդամ էին Տիկնանց միութեան, իսկ մեր հայրերը եկեղեցւոյ հոգաբարձու անդամներ էին: Անկէ աւելի հեռուն, Թուրքիոյ մէջ, Արսլանեանները եւ մենք նոյն քաղաքէն էինք: Շատ հաւանական էր, որ մեր մեծ հայրերը կապի մէջ էին այն ատեն ալ:
Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, բոլորս անցանք Եւրոպա: Իսկ երբ Հայաստան իր անկախութիւնը ստացաւ, Հայկ Արսլանեանը, ռահվիրան, առաջինը եղաւ հաստատելու լայնածաւալ ընկերութիւն մը Հայաստանի մէջ` ունենալով հինգ հարիւր աշխատաւոր:
Մարդիկ ընդհանրապէս կարօտախտային են: Անոնք կը յիշեն «նախկին լաւ օրերը», վերյիշելով միայն լաւ բաները:
Ես կը նայիմ նկարին եւ ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ արդեօք ես ալ կարօտախտայի՞ն եմ, կամ միթէ այսօր ալ կա՞ն պրն. Արսլանեանին նման մարդիկ` ուղղամիտ, խօսքին տէր եղող, խոնարհ, բարի եւ հոգացող:
Կը յիշեմ իր գանգատը, երբ տիկին Շաքէն իրեն նուիրած էր ոսկիէ ժամացոյց մը իր տարեդարձին առթիւ. ըստ իրեն, այդ դրամով իրենք կրնային օգնել շատերու, ուրախացնել շատեր:
Կը յիշեմ Արմէնին խօսքը 1992-ին, երբ միջին թոշակը Հայաստանի մէջ 50,000 դրամ էր, բայց իրենք սահմանած էին իրենց նուազագոյն թոշակը 150,000-ի, փափաքելով, որ իրենց աշխատաւորները ունենան կեանքի լաւ մակարդակ:
Արմէնը, Շահէն եւ ես բախտաւոր էինք ծնելու մեր ընտանիքներուն մէջ, եւ բախտաւոր` մեր ստացած կրթութեամբ: Դպրոցին մէջ մենք ստացանք իմաստութիւն եւ արժէքներ` գիրքէ մը: Այդ միեւնոյն գիրքէն, զոր սերտած էին մեր հայրերը, մենք սորվեցանք`
– Խոնարհութիւն. «Հպարտութիւնը կը տանի նախատինքի, բայց խոնարհութեան հետ կու գայ իմաստութիւն»:
– Խոհականութիւն. «Թող ուրիշը գովէ քեզ, եւ ոչ թէ քու բերանդ»,… «բայց երբ հրաւիրուիք, գացէք եւ նստեցէք ամենաետին տեղը, որպէսզի երբ հրաւիրողը գայ, ան ըսէ քեզի. «Հրամէ աւելի լաւ տեղ»:
– Ազնուութիւն. «Գործատէրե՛ր, ձեր աշխատաւորներուն իրաւունքը տուէք»:
– Բարութիւն. «Երբ կու տաս աղքատին, թող ձախ ձեռքդ չիմանայ, ինչ որ աջ ձեռքդ կ՛ընէ»:
– Ժրաջանութիւն. «Ամէն ինչ, որ կ՛ընէք, ամբողջ սրտով ըրէք, որպէս թէ Աստուծոյ, եւ ոչ թէ մարդոց»:
– Ուղղամտութիւն. «Պարզապէս ձեր «այո՛»-ն այո՛ ըլլայ, եւ ձեր «ո՛չ»-ը ո՛չ»:
– Իմաստութիւն. «Երբ բառերը շատ ըլլան, սխալը անխուսափելի կ՛ըլլայ, բայց ան, որ իր լեզուն կը զսպէ, իմաստուն է»… «յիմարը իր բարկութիւնը կ՛արձակէ, բայց իմաստունը ինքզինք կը զսպէ»:
Մենք միայն չկարդացինք: Վերոնշեալները գամուեցան մեր գլուխներուն մէջ` թէ՛ տունը եւ թէ՛ դպրոցին մէջ: Այդ Գիրքը չի պատկանիր պարզապէս միայն դպրոցի կամ խումբ մը անհատներու: Այդ Գիրքը կեդրոնասիւնն է հայկական մշակոյթին: Արդարեւ, այդ Գիրքի թարգմանութեան համար էր, որ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս յանձնարարեց Մեսրոպ Մաշտոցին, որ գտնէ հայոց այբուբենը: Առաջին նախադասութիւնը, որ գրուեցաւ հայերէն Մաշտոցի ձեռքով, հետեւեալ համարն էր. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Այդ Գիրքը կը պատկանի բոլոր հայերուն: Հաւանաբար, սակայն, կարգ մը ընտանիքներ կամ դպրոցներ Գիրքին ճիշդ տեղը չեն տրամադրած, կամ չեն տեսած կարեւորութիւնը անոր արժէքները գալիք սերունդներուն փոխանցելու:
Այս ապրիլ 24-ին, մեր «Քիփուրին», մեր սուգի եւ քաւութեան օրուան, յատկապէս մեզմէ անոնք, որոնք առաջնորդներ են, գան միասին, քննեն իրենց անձերը, խորհրդածեն իրենց սխալ արարքներուն շուրջ, խոստովանին զանոնք, ուղղեն իրենց ճամբան` փնտռելով ներողամտութիւն եւ քաւութիւն: Այս գարնան հետ, այս Զատիկին, վերանորոգուինք, վերածնինք: Հեռանանք «մարմնի (մարդկային բնութեան) գործերէն, որոնք են հպարտութիւն, թշնամութիւններ, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, վէճեր, անհամերաշխութիւն, անհամաձայնութիւն, չարասիրութիւն», եւ ճիգ թափենք ունենալու «հոգիին պտուղը, որ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ազնուութիւն, հաւատարմութիւն, քաղցրութիւն, ինքնազսպում է»:
Այս ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներէ ետք Ֆրանչիսկոս պապը քաջութիւնը ունեցաւ ճշմարտութիւնը խօսելու. եւրոպական մեծ պետութիւններ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընդունեցին իրենց իսկ պատասխանատուութիւնը անոր մէջ. անոնք գերազանցեցին բարոյական եւ մարդկային արժէքները իրենց անմիջական տնտեսական շահերէն:
Այս ապրիլ 24-ին, եկէ՛ք, դնենք մեր նախահայրերուն արժէքները մեր տուներուն, դպրոցներուն, ընկերութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ հայրենիքի պետութեան կիզակէտը դարձնենք այդ նոյն հաւատքը եւ արժէքները, որոնց համար նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:
Փարիզ, 24 ապրիլ 2015
Պարծանքով եւ հաճոյքով կարդացի գրութիւնդ սիրելի Յովել : Այդ նոյն Լոյսի աղբիւրէն ըմպած եմ ես ալ եւ կը բաժնեկցիմ բոլոր գաղափառներդ : լաւագոյն Մաղթանքներով բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան այդ Եզակի գիրքին :