Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դէմ Անգարայի Կեցուածքները

Մայիս 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

5-18-15_vahoՎերջերս թրքական պատուիրակութեան մը Խրիմ կատարած այցելութենէն ետք, Թուրքիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ հնչեցին Ռուսիոյ դէմ յայտարարութիւններ, որոնք առնչուած էին Խրիմի, իմա՛` այդտեղ բնակող թաթարներուն հարցին: Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց. «Ձեռք երկարելով Ուքրանիոյ` մենք պէտք չէ մոռնանք Խրիմի ժողովուրդին տառապանքները: Խրիմի անօրինական կցումը կարելի չէ ընդունիլ: Խրիմի թաթարներուն հետ կապը պահպանելը եւ անոնց մեկուսացումը կանխարգիլելը կարեւոր են այս պարագային»: Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարած էր, որ «յետխորհրդային տարածքին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները արդարացում չունին»` աւելցնելով, որ Խրիմի մէջ թաթարական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները ճնշումներու կ՛ենթարկուին ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ նախագահը չմասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակի նշման զօրահանդէսին:

Անգարայի այս կեցուածքները այն տպաւորութիւնը յառաջացուցին, որ անոնք առնչուած են Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին Փութինի արտասանած խօսքին: Սակայն Փութինի խօսքը շատ զգուշաւոր էր ու անկէ կը բացակայէր «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան որեւէ նշում չէր պարունակեր: Փոխարէնը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի խօսքը աւելի ուժեղ էր: Ան ամենայն հանգստութեամբ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը նկատեց Ֆրանսայի «պարտաւորութիւն»-ը եւ աւելցուց. «Թուրքիոյ մէջ շատ կարեւոր բառեր կան, որոնք արդէն հնչած են, կան կարեւոր բառեր, որոնք տակաւին կը սպասեն հնչելու, անոնք կարեւոր են ցաւը մեղմացնելու համար»: Հակառակ այդ իրողութեան, Ֆրանսայի նկատմամբ նոյնպիսի բուռն հակազդեցութիւն մը չեղաւ: Նոյնը կարելի է ըսել Գերմանիոյ պարագային, որուն նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա նշեալ երկիրներէն ոչ մէկէն տուն կանչեց իր դեսպանը, որովհետեւ այդ քայլը վերապահուած է Վատիկանի կամ Աւստրիոյ նման Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն եւ ոչ թէ զայն տարիներ առաջ ճանչցած կամ այժմ ճանչնալ ծրագրող երկիրներուն:

Ինչ կը վերաբերի Էրտողանի` Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակի տօնակատարութենէն բացակայութեան, ապա այդ քայլը կարելի չէ Փութինի խօսքին առնչել, այլ թերեւս այն իրողութեան, որ ան փոխան Կալիփոլիի` այցելած էր Երեւան. քայլ մը, որմէ նեղացած է Էրտողան: Այս թեզը կտրուկ կերպով հաստատելու համար պէտք է սպասել մինչեւ 14 յուլիս` Ֆրանսայի անկախութեան նշումը` տեսնելու համար, թէ Էրտողան Փարիզ հրաւիրուելու պարագային պիտի մերժէ՞ տօնակատարութեան ներկայ գտնուիլ: Առայժմ կրնանք միայն ենթադրել, որ Մոսկուա չերթալով Էրտողան զգուշացաւ գրգռելէ զայրոյթը այդ տօնակատարութիւնը պոյքոթի ենթարկող Արեւմուտքին, որ արդէն իսկ աչք կը խփէ արեւմտեան պատժամիջոցները անտեսելով Ռուսիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու Թուրքիոյ քայլերուն նկատմամբ:

Խրիմի եւ այդտեղ բնակող թաթարներուն հարցով Թուրքիոյ կատարած խիստ յայտարարութիւններուն ամէնէն հաւանական դրդապատճառը 7 յունիսին նախատեսուած թրքական խորհրդարանական ընտրութիւններն ու ազգայնականներու յաւելեալ քուէներ շահելու նպատակն է: Ի վերջոյ ատիկա կը բխի նաեւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ազգայնական թեւի եւ ինքնին Էրտողանի համոզումներէն: Պէտք է յիշել «Գորշ գայլեր»-ու հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշի որդին` Ահմեթ Քուրթալմըշ Թիւրքեշի այս յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ազգայնականը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է»:

Ասկէ մեկնելով` կարելի է ըսել, որ ռուսական իշխանութիւնները սխալ գործեցին, երբ թրքական պատուիրակութեան մը արտօնեցին թաթարներու իրավիճակին քննութեան համար այցելել Խրիմ:

 

Նախորդը

Հարիւրամեակը

Յաջորդը

Էրտողանի Եւ Իշխող Կուսակցութեան Վարկանիշները Նուազած Են

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?