Անդրադարձ

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Հարիւրամեակի Դասեր

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 3) Պետական Պահանջատիրութեան Ուղին` Անկոխ Եւ Անհարթ Ազգովին հպարտ ենք, որ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին, համահայկական աննախընթաց միասնականութեամբ, պատմական քայլ մը նետեցինք եւ պաշտօնապէս ՊԵՏԱԿԱՆ մակարդակի բարձրացուցինք հայկական պահանջատիրութիւնը: Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, համայն հայութեան պետական, հոգեւորական, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեանց միասնակամութիւնը արտայայտելով, ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ իրաւատէր ներկայացաւ քաղաքակիրթ աշխարհին: Այդպէ՛ս, ազգովին եւ պետականօրէն` յիշեցինք ու պահանջեցինք: Մինչեւ 29 յունուար...

Հայուհիի Մը Անգլերէն Գիրքի Հրատարակութենէն Թելադրուած Մտածումներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Նիւ Եորք կը գտնուէի, այն օրերուն, երբ ամերիկածին, բայց հայախօս եւ հայագիր բացառիկ ընկերոջ մը հոգեհանգիստին ներկայ եղայ, որ ի վերայ ամենայնի «դոկտոր» էր, տիտղոսով չէր գինովցած եւ չէր ըսած, որ «հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ», բայց չես գիտեր ի՛նչ հրաշքով նախանձ շարժող «մաքրութեամբ» հայերէն կը խօսէր եւ կը գրէր: Նոյն օրերուն  գրասեղանիս վրայ դիզուեցան «հարիւրամեակի...

Յարգանքի Տուրք Գըրգ Գըրգորեանին` Արտակարգ Մարդու Յիշատակին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Յունիս 15-ի Գըրգ Գըրգորեանի մահէն ետք հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհին եւ հսկայ աւանդը` բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն այդ լրագրողները երբեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն: Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրգորեանի հետ` որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ, կը ցանկայի իմ անձնական յարգանքի տուրքս...

Խմբագրական.  Աւանդութեան Վերյիշեցում

Խմբագրական. Աւանդութեան Վերյիշեցում

Երկրորդ տարին ըլլալով` «Հորիզոն»-ի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ մարաթոն վազքը ընդդէմ թմրամոլութեան կամ աւելի ճիշդը թմրամոլութեան վտանգաւոր հետեւանքները կանխազգուշացնելու եւ այդ առումով յատկապէս նոր սերունդի իրազեկութիւնն ու զգօնութիւնը բարձր պահելու նպատակով: Այս կը նշանակէ արդէն, որ կազմակերպող կողմը կը ցուցաբերէ հետեւողականութիւն. այնպէս չէր, որ անցեալ տարուան կազմակերպուած վազքը պարագայական քարոզչական մէկ գործողութիւն էր, որ իր առաքելութիւնը աւարտած նկատեց վազքին վերջնագիծ...

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղը`  80 Տարիէ Պատնէշի Վրայ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղը` 80 Տարիէ Պատնէշի Վրայ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը վերապրիլ ու գոյատեւել բառերուն մարմնացումը հանդիսացած է, յատկապէս 100 տարի առաջ, երբ ամէնէն դաժան ու ահաւոր անմարդկային արարքները կրեց իր մորթին վրայ, սակայն կրցաւ թօթափել անմարդկայինը եւ մարդկայինին կառչիլ` ո՛չ միայն վերապրելով, այլ կազմակերպուելով եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելով: Վերապրողներուն ոդիսականը միայն տարագրութեան ճամբուն վրայ չէր, այլ նաեւ այն վայրերուն, ուր...

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

ԱՅԲ Քանի՜ կեանքեր, ծաղկահասակ ու դեռատի,  ընդմիջուեցան, վերջ գտան, քանի՜ դագաղներ սպիտակ, ճերմակ եւ թափօրներ թաղման մեր սրտերը ծանրացուցին, մայր հողը չգրկածներու քանի՜ ծնողներ ստիպուեցան իրենց զաւակները թաղել եւ արցունքներով ջրել այդ շիրմաքարը... Վասն ինչի՞... Սիրո՞յ, ազգի՞, ընտանիքի՞... Ո՛չ: Տկարութեան վայրկեանի մը պատճառով, ծանր ու մութ այս աշխարհին մէջ, սխալ փապուղիի մը ծայրը լոյսի նշոյլ մը փնտռելով, այսպիսով սիրողներուն աշխարհը...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Յարգելի՛ եւ սիրելի սգակիցներ, Արմէն Արսլանեանի մահը որքան ցաւ ու ցասում կը պատճառէ բոլորիս, նոյնքան ալ զարմանքի առիթ կու տայ. իր մահը անտարակոյս հաւատքի խախտումի դուռը կը բանայ ըլլա՛յ բնազանցական արդար կարծուող աներեւոյթ ուժերու հանդէպ, ըլլա՛յ մեզի ժամանակակից ոչ արհամարհելի յաճախականութեամբ մը շեփորուող  առողջապահութեան սկզբունքներուն եւ այդ մարզէն ներս վիճակագրական անվիճելի կերպով հաստատուած եւ օրէնքի ուժ ստացած որոշ յանձնարարութիւններու հանդէպ:...

Խօսք Յիշատակի

Խօսք Յիշատակի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Քառասուն օր անցաւ արդէն Արմէն Արսլանեանի անժամանակ մահուան գոյժէն, 17 մայիս 2015-ին: Արմէն Արսլանեան ծնած էր 9 յուլիս 1960-ին, Պէյրութի մէջ: Ան երէց զաւակն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանին: Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները անցընելէ ետք Պէյրութի մէջ, Արմէն Արսլանեան ընտանեկան ասպարէզի բերումով հաստատուած էր Պելճիքա: Իր կապը, սակայն, Լիբանանի հետ բնաւ չէր...

Արփիկ Միսաքեան

Արփիկ Միսաքեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս պարզութեամբ կը խորագրեմ էջը: Նաեւ` անոր համար, որ չեմ ուզեր խօսիլ մահուան մասին: Պէյրութ էի, երբ իմացայ Արփիկ Միսաքեանի անհետացումը: Երբ դրական յիշատակը կը պահուի, մահը ձեւական երեւոյթ կ՛ըլլայ: Արփիկ Միսաքեան հայ մամուլի «Մեծ տիկին»-ն էր, անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի էր համաձայն չըլլալ, բայց անկարելի էր անոր վրայ չհիանալ եւ զինք չյարգել իր քաջութեան համար: ՅԱՌԱՋ-ը...

Հողին Ուժը  (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

Հողին Ուժը (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

Արդէն քառասուն օրերու թեթեւութիւն մը կայ հողին վրայ այն հայուն, որ մօրեղբայրս էր` Սնապ Սնապեան անունով: Յիշատակը անմար պահելու սոյն երկտողը չի նմանիր պարտադիր գովերգութեան: «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ» ասացուածքէն ալ շատ հեռու է, այլ կու գայ մէկ տարուան մէջ երկրորդ մօրեղբայր մը կորսնցուցած քրոջ որդւոյն ցաւող սրտի խորերէն: Մօրեղբայր... Սոյն կոչումին մէջ, հին ատեն, ազգականական պարտադիր կապէ մը աւելի...

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

Դժուար է այն պահը, երբ առյաւէտ մեզմէ բաժնուող հարազատի մը վերջին հրաժեշտ տալու ժամը կը հասնի: Կը փորձենք գտնել սփոփանքի եւ մխիթարութեան խօսքեր, թէկուզ լաւապէս գիտակցելով, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան, պիտի չկարենան լեցնել այն հսկայ դատարկութիւնը, որ կը ստեղծուի սիրելիի մը անժամանակ կորուստով: Սակայն ընտանիքին, ծնողքին, հարազատներուն ու բարեկամերուն համար մխիթարականը այն իրականութիւնն է, որ իրենց սիրելին ձգած է...

Տեսակէտ.  Միջնամատեր

Տեսակէտ. Միջնամատեր

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կարգ մը նկարներուն մէջ օդը բարձրացած միջնամատեր կ՛երեւին... Հայաստանի ելեկտրականութեան սակի բարձրացումին դէմ բողոքող հասարակութիւնը դիմած է հաւաքական բողոքի, նստացոյցի, քայլարշաւներու: Երեւանի Ազատութեան հրապարակն ու Բաղրամեան փողոցը օրերէ ի վեր երիտասարդութեամբ ու ոստիկանութեան ուժերով ողողուած են: Ցուցարարները բազմաթիւ կոչերու, նստացոյցերու, բացագանչութիւններու, երգերու, նուագներու եւ շուրջպարերու կողքին, ցուցական այլ արտայայտութիւն մըն ալ կ՛օգտագործեն: Անոնցմէ շատեր, տղայ...

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

Պատրաստեց` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ Հայ ժողովուրդը երախտագիտական բարձր գիտակցութեամբ կը յիշէ եւ կը մեծարէ հայ ազգի գոյութենական յաւիտենականութիւնը երաշխաւորող, հայ գիրերու գիւտարար եւ թարգմանիչ սերունդի ղեկավար Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը: Հայ դպրութիւնը ճառագայթումն էր հայու ստեղծագործ ոգիին ու ճանաչողութեան ձգտումին: Արդիւնքն էր հայու անխորտակելի կամքին` յաւէտօրէն ու միաբանօրէն ապրելու: Հայ տառերը աստուածատուր ժառանգութիւն մը ըլլալով , թարգմանչաց սերունդը գերբնական իմաստութեամբ...

Պատառիկներ Հօրս Յուշերէն

Պատառիկներ Հօրս Յուշերէն

ՄԻՀՐԱՆ ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդալով Մարաշի աղէտին մասին, յիշեցի հօրս պատմածները, որովհետեւ անոնք ականատեսի վկայութիւններ էին աղէտին մասին: Հայրս քիլիսցի էր, արհեստով պղնձագործ: Աշխատանքի բերումով ամիսը անգամ մը կ՛երթար Մարաշ` իր գործերը վաճառելու: Օր մըն ալ, երբ Մարաշ գացած է, տեսած է, որ տարօրինակ իրարանցում մը կը տիրէ փողոցներուն մէջ, հայերը` սարսափած, այս ու այն կողմ կը վազէին, որովհետեւ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինչեւ Ե՞րբ

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Միջին Արեւելքը վայրագութիւններու ահասարսուռ թատերաբեմի վերածուած է: Համատարած քանդումի եւ մարդասպանութեան ի տես, տարածաշրջանի վերաձեւաւորման միտող միջազգային գլխաւոր ուժերն անգամ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու հնարաւորութիւնը կորսնցուցած կը թուին ըլլալ: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, սոսկ իր նկրտումներուն համար պայքարելով, կոյր կը ձեւանայ ծայրայեղ իսլամականներուն կողմէ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ (քրիստոնեայ թէ մահմետական) ի գործ դրուած հրէշային արարքներուն դիմաց: Ծայրայեղականներու մարտնչումները...

«Պատերազմ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՛ուզեմ ըսել, թէ կ՛ապրինք քսանմէկերորդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած` արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել` տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ` պատերազմն ու կոտորածը: Աշխարհը հիւանդ է: Ատելութիւն...

Խմբագրական.  Քայլ` Դէպի Իրաւական Պետութիւն

Խմբագրական. Քայլ` Դէպի Իրաւական Պետութիւն

Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ ծաւալած քաղաքացիական շարժումը գուցէ երկուշաբթի օրուան պատկերը չստանար, եթէ խորհրդարանին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները թէ քաղաքական ասուլիսներու ընթացքին հնչած տեսակէտները նկատի առնուած ըլլային: Աւելի՛ն. եթէ դաշնակցական երիտասարդական միութեան կազմակերպած ցոյցին առիթով փոխանցուող առաջարկները գտնէին իրենց համարժէք արձագանգները համապատասխան գերատեսչութիւններուն կողմէ, մագլցողականութիւնը տարածք չէր ունենար նուաճելու: Եթէ անշուշտ բացառենք շարժման այլասերման միտող արտաքին ներշնչումներու տեսութեան աշխատելու հաւանականութիւնը: Թէեւ...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կան սրտցաւ հայ ծնողներ, որոնք կը մտահոգուին իրենց զաւակներու օտարախօս դառնալու ընթացքէն, մանաւանդ երբ գիտեն, որ իրենք կանգ չեն առած զոհողութիւններու առջեւ, որպէսզի իրենց զաւակները հայ ըլլան, ըլլան հայախօս, չհեռանան իրենցմէ եւ իրենց արմատներէն: Ի հարկէ կան քաղքենի հոգեբանութեամբ հայ ծնողներ, որոնք անհիմն գործնապաշտութեամբ եւ անգիտութեամբ, չեն մտահոգուիր իրենց զաւակներու հայեցի կրթութեամբ եւ հայախօսութեամբ` միակ նպատակ դարձուցած ըլլալով...

Հայրենիքը Որո՞ւ Կը Պատկանի

Հայրենիքը Որո՞ւ Կը Պատկանի

ՅՈՎԵԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ Անցեալ դեկտեմբերին Տուպայի մէջ հանդիպեցայ զարմիկիս` Մարտիկին, որ վերջերս Հալէպէն հոն փոխադրուած էր իր գործարանով, մեքենաներով եւ 25 ոսկերիչներու պաշտօնակազմով, բոլորը` իրենց ընտանիքներուն հետ մէկտեղ: Ընթրիքի ընթացքին ան ըսաւ. «Սիրտս կ՛այրի. շատ պիտի նախընտրէի փոխանակ Տուպայի` Հայաստան հաստատուիլ... Ես հոն տու՛ն ունիմ, իմ սի՛րտս հոն է... Հոս մեր զաւակները հայերէն կարդալ եւ գրել պիտի չսորվին... եւ Աստուած գիտէ,...

Շահէ Գազանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը Պարպիզոնի Մէջ

Շահէ Գազանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը Պարպիզոնի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Արուեստագէտ Շահէ Գազան (Գազանճեան) յունիս 12-21 իր գործերը ցուցադրեց Պարպիզոնի «Մարք Ժագէ» մշակութային կեդրոնին մէջ: Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 13 յունիսին, ժամը 7:00-ին: Շահէ Գազան լոյսի նկարիչն է: Քառասուն տարիներէ ի վեր ան կը ճգնի արտայայտել լոյսի զանազան ձեւերը, հակադրութիւնները եւ փայլատակումները` հարուստ իր գոյներով եւ երանգներով: Վերապաշտ է, բայց բնաւ խիստ, ինչպէս եղած են 19-րդ դարու նկարիչները,...

Page 769 of 806 1 … 768 769 770 … 806

Արխիւներ