Անդրադարձ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  Կոթողային Նախերգանք Կամ Թատերական Հարցադրումներ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Կոթողային Նախերգանք Կամ Թատերական Հարցադրումներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ    «Մարդու հոգիին մէջ պէտք չէ պարապ տեղ մնայ, որովհետեւ այդ պարապը կրնայ  լեցուիլ չարութեամբ»: ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Վաստակաւոր արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ մանկավարժ Որովհետեւ մարդ արարածին հոգին աստուածակերպ միջավայր մըն է, ուր կը խմորուին ու կ՛ազնուանան բազում արժանիքներ: Որովհետեւ հասարակութիւններն անգամ ունին հաւաքական հոգեկանութիւն կոչուած շաղախը, որով պէտք է առաջնորդուիլ ի պահանջեալ հարկին: Ապա տուեալ հասկացողութենէ մեկնած պէտք է ըմբռնել...

Արձագանգ.  Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

Արձագանգ. Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Ապրիլ 24-Էն առաջ ու ետք` մեր պատասխանատուութիւններուն դէմ. արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ մշակոյթ. ի՞նչ հեռանկարներ» յօդուածը («Ազդակ», 30 մայիս եւ 1 յունիս 2015) արդարացիօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի այժմու իրավիճակը: Մեկնելով Քիւրքճեանի յօդուածին եզրափակիչ հարցադրումէն` «Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ,...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

1-2 Յուլիս 1913. Թրքական Զօրքը Արիւնահեղ «Ազգային Մաքրագործման» Ենթարկեց Ռոտոսթոյի Հայերն Ու Յոյները…

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուլիս ամսու առաջին օրերուն, 102 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը, թրքական զօրքի ձեռամբ, ներկուեցաւ հայերու եւ յոյներու արեամբ: Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշրջանն էր: Հիմնականին մէջ յոյներէ եւ հայերէ բաղկացած` ոչ թրքաբնակ Ռոտոսթօ քաղաքը, 1912-ի հոկտեմբերին բռնկած Պալքանեան առաջին պատերազմի ատեն, ազատագրուած էր օսմանեան լուծէն: Բայց երբ 30 յունիս 1913-ին պայթեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, Ռոտոսթոն անմիջապէս վերագրաւուեցաւ թրքական...

Մշակութային Յեղափոխութիւնը` Գործի Շարժառիթ

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ազատութի՞ւն, թէ՞ բանտարկութիւն: Կարելի՞ է տիեզերքի վրայ սահմանագծել ազատութիւնը եւ բանտարկութիւնը միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ: Կը հանդիպի՞ն կամ պիտի հանդիպի՞ն անոնք, թէ՞ արդէն իսկ մասամբ համընկնած` պիտի կազմեն մէկ ամբողջութիւն մը: Կ՛ընդլայնե՞ն իրենց սահմանները տիեզերքին հետ, թէ՞ «փակուած» են համաշխարհային օրէնքներու սահմաններով... Եթէ պատկերացնենք մարդը անոր ենթադրեալ սահմանին վրայ, ո՞ր սահմանէն կ՛ընտրէ անցնիլ: Ազատութեան թռի՞չք, թէ՞ շղթայակապում... Տեսականօրէն կարելի՞...

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Թուրք եղեռնագործութեան ու մեր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է այս տարի:  Այս առիթով, հերթականօրէն տեղի ունեցան կարգ մը պետութեանց ճանաչումները Հայոց ցեղասպանութեան: Այս անգամ կարեւոր տարբերութիւն մը կար. այդ Ցեղասպանութիւնը հաստատողները կը գլխաւորէր Հռոմի պապը, որուն խօսքը եւ նախագահած պատարագը մեր կաթողիկոսներու եւ նախագահի ներկայութեան, իր վրայ կիզակէտեց համաշխարհային դիւանագիտութեան ուշադրութիւնը: Անկէ ետք չուշացան Աւստրիոյ ու մանաւանդ Գերմանիոյ նախագահին հաստատումները`...

Հալէպ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով, ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման, նոյն տաք զգացումներովս, սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ: Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսէ՛: Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ...

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Երկու դարի արանքում, երկու քարի արանքում, Յոգնել եմ նոր ընկերի ու հին ցարի արանքում:  ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Այս տարուայ ապրիլն ուրիշ էր: Հուժկու էր ամէն ինչ, նոյնիսկ` ապրիլքսանչորսեան անձրեւը: Կարծես բոլորը, խօսքները մէկ արած, հարուածում էին: Եթէ հանդիսավարից կամ որեւէ միջոցառման կազմակերպչից լսում ես, թէ սպասւում են անակնկալներ, եւ պատրաստւում ես դրանց, այս դէպքում, առանց սպասելու, առանց յուշարարութեան, առանց...

Փոխան Գրախօսականի.  Կէս Դար Առաջ Լոյս Տեսած Հակասիոնական Այժմէական Գիրքը

Փոխան Գրախօսականի. Կէս Դար Առաջ Լոյս Տեսած Հակասիոնական Այժմէական Գիրքը

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Յուդայադաւան հակասիոնական եւ ամերիկացի պատմաբան Ալֆրետ Մ. Լիլիենթալ վկայուած է Քոլումպիա իրաւագիտութեան դպրոցէն, պաշտօնավարած է ամերիկեան բանակին` Միջին Արեւելքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, եւ վարած է խորհրդականի բարձր պաշտօնը ՄԱԿ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովի Ամերիկեան պատուիրակութեան: Անոր հակասիոնական առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է «Ռիտըրզ Տայճէսթ»-ի մէջ, 1948-ին, «Israel's Flag is not mine» խորագրով, եւ նոյն...

Անդրադարձ.   Խուճապահար Էրտողանն Ու Կատարուած Իրողութեան Մը Ստեղծման Վտանգը

Անդրադարձ. Խուճապահար Էրտողանն Ու Կատարուած Իրողութեան Մը Ստեղծման Վտանգը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն արձանագրած յառաջխաղացքն ու զգալի յաջողութիւնները լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն Անգարային: Քրտական ուժերուն արձանագրած ձեռքբերումներուն լոյսին տակ,  վերջինս թրքական բանակին ցուցմունք տուած է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը կատարելով ստեղծելու անվտանգութեան գօտի մը, որ ըստ թրքական մամուլին, պիտի ներառէ Հալէպ, Իտլիպ, Արաբ Բունար եւ Ճարապլուս քաղաքներն ու մերձակայ շրջանները: Յստակ է, որ այդպիսի գործողութիւն...

Հայ Գրականութեան Մէջ Հոգեխոցի Եւ Այլ Հարցերու Շուրջ Զրոյց Փրոֆ. Արթօ Փայասլեանի Հետ

Հայ Գրականութեան Մէջ Հոգեխոցի Եւ Այլ Հարցերու Շուրջ Զրոյց Փրոֆ. Արթօ Փայասլեանի Հետ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ուրբաթ, 26 յունիսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց բանաստեղծ, գրող եւ երաժիշտ Արթօ Փայասլեան, որ անգլիական գրականութեան դոկտորայի թեկնածու է Սկովտիոյ Կլասքօ համալսարանին մէջ: Անոր առաջին գիրքը` «Քափիլլարիթի», հրատարակուած է 2009-ին, եւ կը նախատեսուի, որ այս տարի լոյս տեսնեն եւս երկու գիրքեր: Ան այժմ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան եւ այդ արուեստին տիրապետելու դասախօս է: Անոր մասնագիտութիւնն է 1892-1940 թուականներու...

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

Վերջին տարիներուն այժմէական դարձաւ մահմետականաց(ու)ած հայերու գոյութեան հարցը: Կատարուեցան բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ այս խմբաւորումին պատկանող հայերու կրօնական պատկանելիութեան եւ ազգային գիտակցութեան առերեւումին շուրջ: Իրականութենէ խուսափում է հայկական այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ պիտակաւորել իբրեւ թաքնուած հայեր, կամ թրքացած հայեր եւ կամ ալ` քրտացած հայեր: Ատենն է, որ ընդունինք մերկ իրականութիւնը, թէ` այսօր գոյութիւն ունի մահմետական(ացած) հայու տիպարը, որ կ՛ապրի իր իսկ հողին վրայ:...

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»…  (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»… (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հարցը շատ բարացուցական է այն աշխարհին մէջ, ուր վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ՛արշաւէ: Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի (IMF) «օժանդակութիւնները», բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կատարուած են, կը միտին զօրակցելու բացառապէս դրամատէր խաւին, մեծ ընկերութիւններուն եւ ոչ թէ` հանրութեան, ժողովուրդին: Նշեալ երկու հաստատութիւնները կը քաջալերեն վայրագ սեփականաշնորհումը` ո՛չ թէ տուեալ երկիրի տնտեսութիւնը ոտքի...

Ակնարկ.  Նոր Հեռանկարների Պարտադրանքը

Ակնարկ. Նոր Հեռանկարների Պարտադրանքը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Այս օրերին հայաստանաբնակ եւ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայութիւնը ակնդետ հետեւում է Երեւանի կենտրոնում տեղի ունեցող բողոքի գործողութիւնների ընթացքին: Բնականաբար իւրաքանչիւր ոք ցանկանում է հասկանալ, թէ զարգացումները մինչեւ ո՛ւր կը հասնեն եւ ինչպիսի հանգուցալուծում կը ստանայ քաղաքացիական այս առճակատումը: Բոլորի գլխում էլ երեւի պտտւում են հնարաւոր դիպաշարներ, բայց թւում է թէ չկայ ոեւէ մէկը, այդ թւում ցուցարարների կամ իշխանական...

Արձագանգ.  Թաքնուած Հայերը    Եւ Թուրքին  Անթաքոյց  Սարսափը

Արձագանգ. Թաքնուած Հայերը Եւ Թուրքին Անթաքոյց Սարսափը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Թուրքիոյ վերջին ընտրութեանց հիմամբ` իրարու հակադիր երեք կուսակցութեանց ցանկերուն մէջ ներառուած երեք հայ  թեկնածուներու ընտրութիւնը (պատուաբեր  քուէներով) եւ ընդհանրապէս երկրին  քաղաքական  նոր խմորումները  կը շարունակեն  վերլուծման թեմա մնալ հայ թէ միջազգային հրապարակումներուն մէջ: Չտարածուելու  համար, կ՛արժէ պահ մը  կենալ ու խորհրդածել այդ վերլուծումներէն միայն մէկ կէտին վրայ: 23 յունիսի «Ազդակ» օրաթերթին  մէջ  կան մէջբերում մը թուրք յայտնի լրագրողի ...

Սիմոնին «Որբին Կարօտը»

Սիմոնին «Որբին Կարօտը»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Իմ հայրս` Երուանդ Յակոբեանը, քառասուն որբերէն մէկն էր...»: Սիմոն Յակոբեանը ծնած է Եթովպիա: Հայրը` Երուանդ, մէկն էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած այն քառասուն որբերէն, որոնց թագաւոր Հայլէ Սելասիէ 1924-ին Երուսաղէմէն բերաւ Եթովպիա: Հայլէ Սելասիէի նպատակն էր փողերախումբ մը կազմել այս որբերէն, որոնք չորս տարի պիտի նուագէին Եթովպիոյ մէջ, որմէ  ետք դարձեալ պիտի վերադառնային, բայց վերադառնալ ո՞ւր, չէ՞ որ...

Անկրկնելի Հալէպը. Աւանդութիւններ, Զորս Կարօտով Կը Փնտռեմ…

Անկրկնելի Հալէպը. Աւանդութիւններ, Զորս Կարօտով Կը Փնտռեմ…

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Այս գիշեր տարին իր կէսին կը հասնի, կը սկսի  2015 թուականի վայրէջքը: 30 յունիսի կէս գիշերին Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ սովորութիւն է ապակեղէն կոտրել` տուներէն դուրս շպրտելով: Երբ ժամացոյցի սլաքը տասներկուքին մօտենայ, ամառնային օդին, բաց պատուհաններէն եւ պատշգամներէն նետուած ապակեղէններու ջարդ ու փշուր ըլլալու ձայներ կը լսուին: Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ չարիք վանելու համար պատահածին վնասը...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ինչպիսի Աւարտ Կարող Է Ունենալ Մարշալ Բաղրամեանի Պայքարը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին գործօններ կան, որոնք ազդում են Հայաստանի ինչպէս ներքաղաքական, այնպէս էլ արտաքին քաղաքական զարգացումների վրայ: Այդ պատճառով բարդ եւ անշնորհակալ գործ կը լինի կանխատեսել, թէ ինչպիսի՛ հանգուցալուծում, ինչպիսի աւարտ կ՛ունանայ Մարշալ Բաղրամեան պողոտայում շարունակուող ընդվզումը` ընդդէմ ելեկտրականութեան գնի 7 դրամով թանկացման: Ներկայացնենք հիմնական եւ հնարաւոր զարգացումներն ու հանգուցալուծումները: Առաջին. Հայաստանի իշխանութիւնները գտնում են ձեւը եւ...

Նոր Գիրքեր.  Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

Նոր Գիրքեր. Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Տարի մը առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ սփիւռքահայ գրագէտ, գրական քննադատ, վերլուծաբան, գրականութեան ուսուցիչ-դասախօս, «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսի քառասուն տարիներու խմբագրապետ Պօղոս Սնապեան: Իր հարուստ գրական վաստակը հիացում կը պատճառէ ընթերցողին եւ մշակութասէր անձերու: Ան հեղինակն է երեսուներեք հատորներու` վէպեր, գրական-քննադատական էջեր, մասնաւորաբար հայրենի գրողներու եւ կարմրաշռայլ (բառը իրն է) անձերու մասին, քրոնիկներ եւ մեր առօրեան հետաքրքրող քննադատական եւ ուսանելի ...

Փառաւոր Սերունդ

Փառաւոր Սերունդ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Այլեւս խորհրդային բարքերէն ամբողջովին ազատագրուած` Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ազատ քաղաքացիներու սերունդ ունինք: Սերունդ, որ իր վարքով, պատասխանատուութեան իր գիտակցութեամբ, իր ողջախոհութեամբ, իր շրջահայեացութեամբ, բայց եւ իր պայծառատեսութեամբ յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, ամէնէն առաջ` յուսահատութեան դուռը հասած հայրենի ժողովուրդին: Այս սերունդը կազմուած է սահման պաշտպանած, բանակի մէջ  ծառայած երիտասարդներով, որուն հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ առնել, որուն հայրենի հողին...

Հայը… Մենք Ենք

Հայը… Մենք Ենք

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Դպրոցական տարեշրջանը հասած է իր աւարտին: Ամավերջի վկայականի բաշխման հանդիսութիւնները իրարու կը յաջորդեն: Մեր տարիներուն երկու վկայական կը ստանայինք` մանկապարտէզի եւ երկրորդականի: Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ առատ է, նոյնիսկ վկայականները: Մանկապարտէզ, նախակրթարան (5-րդ), միջնակարգ (8-րդ) երկրորդական (12-րդ) եւ իւրաքանչիւր հանդիսութեան աւարտին` շքեղ «պարահանդէսներ», ապա` տուներու մէջ հաւաքոյթներ: Երբ այսքան շատ հանդէսներ տեղի կ՛ունենան, վստահաբար եթէ ոչ ամէն տարի,...

Page 768 of 806 1 … 767 768 769 … 806

Արխիւներ