Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատարանը Մեղաւոր Ճանչցաւ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը. Պաքուն Կը Թաքցնէ Իր Պարտութիւնը` Յայտարարելով Յաղթանակ

Յուլիս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 2015-ի յունիս 16-ին «Սարգսեանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» եւ «Չիրաքովն ընդդէմ Հայաստանի» գործերով միաժամանակեայ վճիռ կայացուց` արձանագրելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խախտած են իրաւունքները փախստականներուն, որոնք լքած էին իրենց տուները արցախեան հակամարտութեան ժամանակ:

Սակայն Ազրպէյճանի պետական պաշտօնեաներն ապակողմնորոշած են իրենց քաղաքացիները` յայտարարելով, որ Ազրպէյճանը յաղթած է, իսկ Հայաստանը` պարտուած:

Ահա երկու դատական գործերուն մանրամասնութիւնները. 2005-ի ապրիլ 6-ին վեց ազրպէյճանցի քիւրտեր համատեղ բողոք ներկայացուցած էին Եւրոդատարան ընդդէմ Հայաստանի: Անոնք պնդած էին, որ 1992-ին հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ժամանակ ստիպուած լքած էին իրենց տուները, երբ հայկական զօրքերը յարձակած էին Լաչինի վրայ, որ Հայաստանը կը բաժանէր Արցախէն: Ազրպէյճանցի փախստականները պնդած էին, որ Հայաստանը խախտած էր Եւրոպական համաձայնագիրով ամրագրուած իրենց իրաւունքները. 1) սեփականութեան պաշտպանութիւն, 2) անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունք, եւ 3) արդիւնաւէտ հատուցման իրաւունք:

2006-ի օգոստոս 11-ին Մինաս Սարգսեանը նմանատիպ բողոք մը ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` ընդդէմ Պաքուի: Ան յայտարարեց, որ Ազրպէյճան խախտած է իր իրաւունքները, նոյն իրաւունքները, որոնց մասին կը պնդէին վեց ազրպէյճանցի փախստականները, քանի որ ան եւս 1992 թուականին ստիպուած էր փախչելու  Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղէն, որ կը վերահսկուէր Ազրպէյճանի կողմէ:

Երկու կողմերն ալ խնդրած էին վերականգնել իրենց սեփականութեան իրաւունքը եւ պահանջել արդար փոխհատուցում:

2010-ի մարտին, քանի մը տարուան անգործութենէ ետք, դատարանը երկու գործերը յանձնեց քննութեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Վերին պալատին, որ կազմուած է 17 դատաւորներէ` Հայաստանէն, Անտորայէն, Ազրպէյճանէն, Խրուաթիայէն, Կիպրոսէն, Իսլանտայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, Լաթվիայէն, Լիխտենշտայնէն, Լիթվիայէն, Լիւքսամպուրկէն, Մոնաքոյէն, Փորթուգալէն, Ռումանիայէն, Սլովենիայէն եւ Ուքրանիայէն: Վերին պալատի  որոշումները վերջնական են եւ բողոքարկման ենթակայ չեն:

Այս գործերը առաջին անգամ դատարան ներկայացուելէն մէկ տասնամեակ անց Վերին պալատը 2015-ի յունիս 16-ին  երկու միանման դատավճիռ կայացուց` համարելով, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը խախտած էին իրարու փախստականներու իրաւունքները:  221 էջէ բաղկացած ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ, ներառեալ` երկու դատավճիռները եւ հակասող ու համընկնող տեսակէտները, դատարանը որոշեց, որ 20-ամեայ խաղաղ բանակցութիւնները չեն ազատեր երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հարիւր հազարաւոր փախստականներու իրաւունքները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութենէն: Վերին պալատը նշեց, որ դատարանին մէջ ընթացքի մէջ են աւելի քան հազար անհատական դիմումներ, որոնք ներկայացուած են արցախեան հակամարտութեան ժամանակ տեղահանուած հայերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ:

Վեց ազրպէյճանցի հայցուորները կը պնդեն, որ իրենք կրած են 9 միլիոն տոլար վնաս եւ 330 հազար

տոլար ոչ դրամական վնասներ: Անոնք իրենց դատական ծախսերը գնահատած են մօտ 65 հազար տոլար` 2013-ի հոկտեմբերի դրութեամբ: Ազրպէյճանցի հայցուորներուն ներկայացուցիչները կը պահանջեն փորձագէտ նշանակել իրենց յաճախորդներուն կրած ընդհանուր վնասը գնահատելու համար:

Միւս կողմէ, հայցուոր Մինաս Սարգսեանը փոխհատուցում պահանջած է իր ունեցուածքին դիմաց, ներառեալ` իր տուն վերադառնալու իրաւունքը: Ան 415 հազար տոլար դրամական վնասի եւ 210 հազար տոլար ոչ դրամական վնասի պահանջ ներկայացուցած է` ի լրումն չնշուած դատական ծախսերը:

Դատարանը, ընդունելով այս երկու գործերուն «բացառիկ բնոյթը», վերջնական որոշում չէ կայացուցած փոխհատուցման գումարի կամ «արդարացի գոհացման» վերաբերեալ: Վերին պալատը խնդրած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններէն եւ համապատասխան հայցուորներէն 12 ամսուան ընթացքին «գրաւոր ներկայացնել իրենց դիտողութիւնները այս հարցին վերաբերեալ» եւ «ծանուցել դատարանին` ձեռք բերուած որեւէ համաձայնութեան մասին»:

Ըստ ինծի, Եւրոդատարանի զուգահեռ որոշումները նպատակ ունէին ճնշում գործադրելու երկու երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ` արագացնելու համար խնդրի կարգաւորումը բանակցութիւններու միջոցով, որ կրնայ լուծել մնացած բոլոր հարցերը, որոնց շարքին` փախստականներու իրաւունքները:

Այս դատական գործերու առաւել կարեւոր, բայց անսպասելի արդիւնքներէն էին երկու գրաւոր տեսակէտները, իւրաքանչիւրը` բաղկացած 25 էջերէ, որոնք դատաւոր Փաուլօ Փինթօ տը Ալպուկերկէն (Փորթուգալ) կցած էր դատարանի վճիռին` ներկայացնելով շատ լուրջ իրաւական հիմքեր Արցախի անկախութեան համար. «Որեւէ ժամանակ, երբ երկրի բնակչութեան մէկ մասը ներկայացուած չէ իր կառավարութեան կողմէ եւ բնակչութեան իրաւունքները շարունակաբար կը խախտուին իր սեփական կառավարութեան կողմէ… զոհ դարձած բնակչութիւնը «որպէս մէկ վերջին միջոց` կրնայ դիմել ապստամբութեան ընդդէմ բռնակալութեան եւ ճնշումներու»` ըստ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի նախաբանի հզօր ձեւակերպման»: Դատաւորը նաեւ գրած է, որ երբ պետութիւնը շարունակաբար կ՛ոտնահարէ իր կազմէն դուրս եկած բնակչութեան իրաւունքները, ապա մէկ այլ պետութեան համար օրինական է ռազմական գործողութեան ձեռնարկումը` ի նպաստ անջատուած բնակչութեան, վերջինիս կողմէ իր տարածքին մէջ վերահսկողութիւն հաստատելէ եւ իր անջատումը հռչակելէ ետք:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Սիրուհիս

Յաջորդը

ԶՈՄ-ականներու Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաչիկ Մուրատեանի Հետ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?