Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անանուն Բարերար Մը 1.8 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստանի Մէջ Գործող Երեք Կազմակերպութիւններու

Յուլիս 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0717anonymousԻր անունը յայտնել չուզող բարերար մը 1.8 միլիոն տոլար նուիրած է Հայաստանի մէջ բարեսիրական աշխատանք տանող երեք կազմակերպութիւններու:

Բարերարը 600 հազարական տոլար նուիրած է Հայկական ծառատունկ ծրագրին, Հայ Ամերիկեան բարօրութեան կեդրոնին եւ Աչքի հոգատարութեան ծրագրին:

«Շատ քիչ է այն անձերուն թիւը, որոնք կ՛օգնեն Հայաստանին», յայտնած է բարերարը` իր ազնիւ արարքը բացատրելով:

Նուիրատուն հանգամանօրէն խօսած է իր ընտանիքի մահացած անդամներուն մասին, որոնց յիշատակը յարգած է իր այս նուիրատուութեամբ, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ:

«Ասիկա ինծի համար չէ, այլ` հօրս, մօրս եւ քրոջս համար», բացատրած է ան:

Բարերարին վերջին կենդանի մնացած ազգականը իր մեծ քոյրն էր, Սիոնան, որ մահացած է անցեալ տարի, սեպտեմբերին, Քալիֆորնիոյ իրենց համեստ բնակարանին մէջ: Մայրը` Էլմաս, մահացած է 1982-ին, իսկ հայրը` Հերին, 1984-ին:

Հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1912-ին, Խարբերդէն: Առաջին հանգրուանը եղած է Ուսթըր, Մասաչուսեց, ուրկէ յաճախ դրամ ուղարկած է ծննդավայր` Խարբերդ, իր հօր:

«Օր մըն ալ ուղարկուած դրամը վերադարձաւ, եւ ես ընտանիքիս մասին ոչինչ լսեցի այլեւս», յայտնած է բարերարը:

Մայրը` Էլմաս, որ նոյնպէս ծնած է Խարբերդ, 1905-ին, իր քրոջ` Վարդերին հետ մօտաւորապէս հինգ տարի ապրած է Խարբերդի Լուտերական որբանոցին մէջ: Այդ հինգ տարիներուն ընթացքին ան տիրապետած է երեք լեզուներու, նաեւ սորված է հիւսել:

«Մայրս Միացեալ Նահանգեր գալէն մէկ տարի ետք սկսած է դպրոց յաճախել», պատմած է բարերարը:

Էլմասն ու քոյրը Մասաչուսեց բերուած են 1920-ին, իրենց վերապրելու լուրը նոր ստացած ամերիկաբնակ մօրաքրոջ կողմէ:

Հայրը` Հերի, աշխատած է Ուսթըրի «Նիքըլ»-ի գործարանին մէջ, որուն պատճառով իր վերջին օրերուն թոքերը քայքայուած էին:

Արցունքը աչքերուն` բարերարը պատմած է, թէ ինչպէս իր հայրը միշտ լաւագոյն բաները առած է կնոջ համար. առաջին սառնարանը, առաջին հեռատեսիլը, հիւսելու համար իր փափաքած բուրդերու բոլոր տեսականին, այդուհանդերձ, մայրը միշտ զարմանքով մրմնջած է, որ` «Ինչո՞ւ ես չեմ կրնար ուրախ ըլլալ»:

Ուսթըր ծնած բարերարը ընտանիքին երկրորդ զաւակն էր: Քոյրը` Սիոնա, որ իրմէ երկու տարի մեծ էր, Ուսթըր ապրած տարիներուն կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ եղած է:

Ինք` բարերարը, Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին բանակ գացած է եւ ուղարկուած է Ճափոն:

«Այդ մէկը միակն էր, որ Միացեալ Նահանգներէն դուրս ելած եմ», ըսած է բարերարը, որ իր ուսումը ստացած է Ուսթըրի «Քլարք» համալսարանին մէջ` վկայուելով իբրեւ հաշուապահ:

1972-ին, Արեւելեան ափի ցուրտէն փախչելով, ընտանիքը փոխադրուած է Քալիֆորնիա: Այստեղ փոխադրուելէ ետք Սիոնա անկարող եղած է աշխատելու, եւ բարերարը ինք ստանձնած է քրոջ հոգատարութիւնը: Երկուքը իրարու հետ ապրած են իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Բարերարը հայկական համայնքին հետ կապ չէ պահած, սակայն տեղեակ եղած է սփիւռքի մէջ Հայաստանին օգնելու ճիգերուն մասին, ինչպէս նաեւ իմացած է վերը նշուած երեք կազմակերպութիւններուն եւ անոնց հայաստանեան գործունէութեան մասին:

Բարերարին առողջութիւնը վերջերս վատթարացած ըլլալով` ան որոշած է իր ընտանիքին հարստութիւնը բաշխել այդ երեք կազմակերպութիւններուն:

Նուիրատուն իր բարեսիրական արարքը բացատրած է` վկայակոչելով աւետարանական յորդորը` օգնել կարիքաւորներուն:«Ես ունիմ ինծի անհրաժեշտ ամէն ինչ` բնակարան, սնունդ եւ տաքուկ անկողին: Հիմա կ՛ուզեմ օգնել ազգիս, Հայաստանի ժողովուրդին», յայտնած է ան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

«Յոյս Մի՛ Պահէք». Օփերային Աստղի Պատասխանը Պաշտօնական Պաքուին

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?