ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Հայկազեան համալսարանի բակին մէջ կը գտնուէինք, երբ տիկ. Ռուբինան` ձեռքին գիրքեր, սկսաւ զանոնք բաժնել ներկաներուն: «Եղբայրս գրած է, եւ այս մէկն ալ քեզի է», ըսաւ` գիրքը ինծի երկարելով: Գիրքը երգերու փունջ մըն է, որ կը պարունակէ Վան-Վասպուրական շրջանի երգերէն:
Գիրքին հեղինակն է Պետրոս Հ. Ալահայտոյեան, որ ծագումով լիբանանահայ է եւ ներկայիս կ՛ապրի Կլենտէյլ, Միացեալ Նահանգներ:
Պետորս Ալահայտոյեան ծնած է Լիբանան, 1943-ին: Նախակրթարանի ուսման կողքին, ան Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ հետեւած է տեսական եւ ջութակի դասընթացքներու:
1948-1953 իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ:
1954-1955 կը յաճախէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, նոյն ատեն մաս կը կազմէ Բարսեղ Կանաչեանի նշանաւոր «Գուսան» երգչախումբին եւ կ՛օգնէ մայեսթրոյին ձեռագիրներու դասաւորումին ու սրբագրութիւններու աշխատանքին: 1956-ին կը մեկնի Պելճիքա, ուր Լուվենի համալսարանին մէջ կը հետեւի դեղագործութեան եւ 1961-ին ընթացաւարտ ըլլալէ ետք կը վերադառնայ Պէյրութ: 1965-ին դարձեալ կը մեկնի Պելճիքա, ուր կը հետեւի երաժշտագիտութեան հնգամեայ դասընթացքի, Պրիւքսելի մէջ:
1970-ին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ աւելիով կը լծուի իր երաժշտական գործերուն, որոնց շարքին` Բարսեղ Կանաչեանի նուիրուած ուսումնասիրութիւններու շարքը, գրախօսականներ` «Ահեկան» պարբերաթերթին, «Բագին» ամսաթերթին եւ «Հայկազեան հանդէս»-ին մէջ, ինչպէս նաեւ` «Ազդակ»-ի մէջ քննական-քննադատական յօդուածներ:
1977-1994 կ՛աշխատի պետական ձայնասփիւռ/հեռատեսիլ կայանին մէջ` նախանձախնդիր ըլլալով հայ երգի տարածման եւ ծանօթացման:
1991-ին կը հրաւիրուի Կլենտէյլ, ուր իր դասախօսութիւններուն կողքին, օտար խմբավարով եւ երգողներով փառաւոր մեկնաբանութեամբ կը ներկայացնէ Կոմիտաս վարդապետի «Հարսանեկան շարք»-էն կտորներ:
Ալահայտոյեանի կարեւոր գործերէն մէկը կ՛ըլլայ այն, որ Ցեղասպանութեան 70-ամեակի եւ Կոմիտաս վարդապետի մահուան 50-ամեակին առիթով կ՛որոշէ անմահն Կոմիտասի օրինակին հետեւելով` շրջագայիլ սփիւռքի հայահոծ շրջաններն ու քաղաքները, մասնաւորաբար` Փարիզի, Սեն Ռափայէլի, Հալէպի, Աթէնքի, Տիթրոյիթի, Լոս Անճելըսի հայկական ծերանոցները եւ հարցուփորձել 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրած վեց մամիկներ ու պապիկներ, ձայնագրել եւ արձանագրել մինչեւ ամենափոքր մանրամասնութիւններն ու վկայութիւնները:
1986-ին իր երգահաւաքի գործունէութիւնը կը շարունակէ Պոսթընի մէջ: 1987-ին հրաւէր կը ստանայ Երեւանէն` Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէէն եւ Փարիզի ու այլուր հաւաքած հայ ազգագրական երգերու փունջը կը նուիրէ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի բանահիւսական ազգագրական ամպիոնին:
1988-ին դարձեալ կը հրաւիրուի հայրենիք` «Երեւանի ռատիօ»-ին կողմէ, ուր կը ծանօթանայ շատ մը նշանաւոր երգիչներու եւ մանաւանդ` կոմիտասագէտ Ռոբերտ Աթայեանին:
1995-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Կլենտէյլ, ուր կը շարունակէ հաւաքել ազգագրական երգեր:
2009-ին Ալահայտոյեան կը հրատարակէ Բալուի եւ տարածաշրջանի 72 երգերու նուիրուած հատորը:
Ներկայիս վերահրատարակութեան կը պատրաստէ ժամանակին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած Բարսեղ Կանաչեանի ամբողջական մեներգները եւ խմբերգները` որպէս Բ. Կանաչեան ամբողջական գործերը:
Հեղինակը նոր հրատարակուած գիրքը նուիրած է վասպուրականցի խոնարհ ուսուցչապետին եւ իր սրտագին ընկերոջ` Հերոս Գաբրիէլեանին:
Հեղինակը 1986-ին, երբ Փարիզ կը գտնուէր երգեր հաւաքելու նպատակով, պատահմամբ կը հանդիպի փարիզաբնակ Խաչիկ Ներսէսեանին, որ ծնած էր 1900-ին, Վանի նահանգին Հայոց Ձոր գաւառի Արատենց գիւղը: Խաչիկ Ալահայտոյեանին փոխանցած է Վանի բարբառով տասնեակ մը ընտիր ազգագրական երգեր, որոնք գիրքին կեդրոնական մասը կը կազմեն: Թէեւ Խաչիկ երկու անգամ կորսնցուցած է իր երգերը գէշ պայմաններու տակ, սակայն որովհետեւ շատ կը սիրէր զանոնք, կամաց-կամաց վերյիշած, փրկած ու կրկին արձանագրած է:
1987-ին Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս ծերանոցին մէջ կը գտնէ ուրիշ վանեցի երգիչ մը` Ենովք Ղազարեան: Հեղինակը երբ կ՛ուզէ ծանօթանալ Ենովքի պատմութեան, ան գզրոցէն կը հանէ ձայներիզ մը եւ կ՛ըսէ` «Ահա իմ կեանքս»: Երրորդը` Էօժենի Թուխանեան խարբերդցի է: Ան Վանի քսան երգերը սորված է իր վանեցի ամուսինէն:
Երգերը երգած են Վանի գաւառաբարբառով: Այս երգերը մեզ կը տանին Վան եւ կը ներկայացեն հայ գիւղացիին առօրեայ կեանքը: Ճիշդ է, որ այսօր աշխարհը փոխուած է դէպի արդիանակացում, սակայն այդ երգերուն մէջէն է, որ կը տեսնենք Արեւմտահայաստանի, հայ գիւղացիին առօրեայ կեանքը:
Այսօր արեւմտահայը կորսնցուցած է իր հողերը, սփռուած է տարբեր երկիրներ ու կեանքի դժուար պայմաններուն տակ յաճախ հեռու է իր հարազատներէն եւ ազգակիցներէն, այսպիսով կը սկսի օտարանալ: Սակայն երբ ան հայ երգը մտիկ կ՛ընէ եւ կը պահէ, երգին միջոցով կրնայ իր ինքնութիւնը եւս վառ պահել:
Խաչիկ Ներսէսեան հեղինակին տուած է տասնեօթը երգեր Վան-Վասպուրականի Հայոց ձորի գաւառներէն: Գիրքին հետ կան երկու խտասալիկներ. առաջինը` Խաչիկին երգերն են, իսկ երկրորդ խտասալիկը դարձեալ Վան-Վասպուրականի երգերն են: Հոն կը գտնենք եկեղեցական երգեր, սանդի երգը, Խրիմեան հայրիկի կամ Կիկոյին (ֆետայի) նուիրուած երգեր: Այստեղ կ՛արժէ յիշել, որ երկրորդ խտասալիկին մէջ կը տեսնենք մանուկներու, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ չափահասներու այնքան սիրած երգերէն մէկը, որ նուիրուած է շողգամին: Մեծ հայրը, որ կը ցանէ շողգամը, երբ ժամանակը կը հասնի, մեծ ըլլալուն պատճառով չի կրնար զայն տեղէն հանել կը կանչէ կինը, թոռնիկին, շնիկին, կատուին, մկնիկին…
Ալահայտոյեան գիրքին Բ. մասին մէջ կը յիշէ, թէ այս բոլոր երգերը մեզի հասած են գուսաններու կամ երգիչներու միջոցով, որոնցմէ կ՛արժէ յիշել` Հայրիկ Մուրատեան, Աւետիս Պուլուզեան, Հայկ Աճեմեան: Հ. Մուրատեան շատ գեղեցիկ պատկերով մը կը բացատրէ, թէ այս երգերը ինչպէ՛ս հասած են մեզի: Սովորութիւն կար հայոց լեռնաշխարհին մէջ (Շատախ) ամրան եւ աշնան գիշերները խարոյկ վառելու, հաւաքուելու անոր շուրջ, նստելու կոճղերու եւ գերաններու վրայ, սրտբաց խօսելու իրարու հետ, հեքիաթներ պատմելու եւ երգելու: Այս շինական մարդոց միջոցով է, որ հայ երգը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ: Այս հաւաքին նաեւ կը մասնակցէին հայ փոքրիկները` մեծերուն կողքին: Այս հաւաքները իսկապէս դպրոցներ եղած են: Հ. Մուրատեան նաեւ կը յիշէ ազգային աւանդական ծէսերը, հարսանիքները, ուխտագնացութիւնները` իբրեւ ժողովրդական երգերու ստեղծման, պահպանման ու տարածման միջոցներ:
Բոլոր երգերը Վանի գաւառաբարբառով գրուած են եւ երգերուն տակ կը տեսնենք բառերուն իմաստը, երաժշտական նոթերը եւ բացատրութիւնը` այդ երգերուն:
Այս երգերուն միջոցով է, որ Վանի գաւառաբարբառը կը վերակենդանանայ, նաեւ վանեցիներուն կենցաղին կը ծանօթանանք:
Գիրքին վերջաւորութեան հեղինակը նաեւ յիշած է Կոմիտաս վարդապետին տարած մեծ աշխատանքին մասին` հայ երգին նկատմամբ: Կոմիտաս վարդապետ շատ մեծ աշխատանք տարած է հայ երգը կորուստէ փրկելու եւ մշակելու: Ալահայտոյեան կ՛ըսէ. «Կարելի չէ երբեք երեւակայել հայու ինքնութիւնը` առանց հայ երգին, առանց կոմիտասեան երգերուն»:
Ներկայիս կեանքի պայմանները այնքան փոխուած են, օտարացումը եւ օտար մշակոյթը մեր մէջ բոյն կը դնեն, եւ մենք, կամայ թէ ակամայ, կը հետեւինք անոր: Նոյնիսկ յաճախ երբ այդ երգերուն բառերը ոչ մէկ իմաստ ունին կամ տգեղ երաժշտութիւն ունին, մեր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իբրեւ առաջնորդներ, ծնողներ մտիկ ընել լաւ երգեր եւ քաջալերել հայ երգը, մանաւանդ` հայ նոր սերունդին, որ օրուան մեծագոյն մասը կ՛անցընէ Դիմատետրին դիմաց:
Կ՛արժէ մեր տուներուն մէջ ունենալ հայերէն երգարաններ, մտիկ ընել հայ օրինակելի երգեր:
Պետրոս Ալահայտոյեանի այս գեղեցիկ եւ օրինակելի գիրքը եւ երկու խտասալիկները, որոնք հրատարակուած են 2015-ին, կրնան կանգուն պահել թէ՛ Վանի երգերը եւ թէ՛ ալ Վանի գաւառաբարբառը:
Ահա թէ ինչո՛ւ հայ երգը չի կրնար մեռնիլ` շնորհիւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ կը թափեն պահելու հայ մշակոյթը:
Վարձքդ կատար, Պետրոս Ալահայտոյեան, եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս գիրքի հրատարակութեան: