ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հաւաքականութիւններ նուաճումներ եւ յաղթանակներ կ՛արձանագրեն, երբ անհատներ իրենց անհատական «Ես»-ը կը նուիրեն հաւաքականին, երբ անհատներ հաւաքականութեան մէջ կը փնտռեն ո՛չ աթոռ, ո՛չ պաշտօն եւ ո՛չ ալ նիւթական գնահատական: Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ այսպիսի անհատներու գոյութիւնը սակաւաթիւ է, որովհետեւ ընկերութիւններու ընդհանուր դրուածքն ու գաղափարախօսութիւնները հիմնուած են շահի տրամաբանութեան վրայ:
«Ո՛ւր հաց, հոն կաց»-ի կարգախօսի հաւատացեալներու փաղանգը մեծ է, պզտիկ թէ մեծ գործի դիմաց կամ ընդմէջէն շահաբաժին ապահովելու մօտեցումը համատարած երեւոյթ է եւ նոյնիսկ կարգ մը վայրերու մէջ` ընդունելի եւ այսպէս կոչուած` օրէնքի կարգ ստացած: Անհատներ հաւաքականութիւններու մէջ կը մտնեն գործ ապահովելու համար, ուրիշներ` դիրքերու տէր ըլլալու համար, այլուր` նիւթական լծակներ գտնելու միտումով, այլ տեղ մը ապահովութիւն զգալու համար, եւ տակաւին շարքը…
Այս բոլոր իրադրութիւններուն դիմաց, Դաշնակցութեան դպրոցը սորվեցուցած է, որ կուսակցութեան «բառարան»-ին մէջ «Շնորհակալութիւն» բառն իսկ գոյութիւն չունի: Դաշնակցականը իր կատարած գործերուն դիմաց ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ բարոյական գնահատանքի կարիքը չունի եւ պէտք չէ ունենայ, քանի որ ինք պէտք է համոզմունքով կատարէ իրեն վստահուած գործը եւ առաքելութիւնը` հաւաքական նպատակներուն ծառայելու համար: Դաշնակցականին համար գործին յաջողութիւնը պէտք է ըլլայ մեծագոյն հոգեկան գոհունակութիւնը, որ ոչ մէկ տեսակի կշիռքով կրնայ չափուիլ:
Տակաւին, դաշնակցականին համար կարեւոր չէ, թէ ներքին կամ արտաքին առումով ղեկավար մարմինները ովքեր են եւ որքանով կը կատարեն իրենց վստահուած գործերը, որպէսզի ինք գործէ կամ ոչ: Երբե՛ք: Դաշնակցականը իր գործը կը կատարէ` ով որ ալ ըլլայ եւ որու հետ ալ որ ըլլայ, ինչ որ ալ ըլլան գործին պամանները` խոնաւ, տաք թէ ջեռուցման սարքերով օժտուած սրահներու մէջ, որովհետեւ գործին հանդէպ հաւատք պէտք է ունենայ եւ գիտնայ, որ ինք այս կուսակցութեան եւ կամ հաւաքականութեան մէջ ունի կատարելիք պարտականութիւն մը, որուն համար պէտք է նուիրումով գործէ:
Գործով միայն կարելի է եղափոխութիւնը իրականացնել, ճշգրիտ ու շարունակական սերնդափոխութիւնը կատարել, այլապէս Դիմատետրի մէջ թէ այլուր այսպէս կոչուած «կծու» նախադասութիւն մը գրելով, բամբասանքներ տարածելով եւ հիմնականին մէջ գործ չկատարելով` անոնք միայն կը ծառայեն Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերէն կուսակցութեան ջլատումն ու մասնատումը երազող անհատներու շահերուն, որոնց անաւարտ տեսիլքին իրականացումը ցնորք է: Կուսակցութեան պատմութիւնը այս բոլորին լաւագոյն ապացոյցն է:
Այո՛, դաշնակցականը նուիրեալ է, եւ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ կուսակցութենէն հարիւրաւոր երիտասարդներ ոչ միայն գործած են կուսակցութեան համար, այլեւ գերագոյն զոհաբերութեամբ իրենց կեանքը նուիրաբերած են` բան մը փոխելու, պատգամ մը հասցնելու, թշնամիին դաս մը տալու, դաւաճան մը պատժելու եւ գլխաւորը` հայրենի ափ մը հող ազատագրելու ի խնդիր:
Վստահաբար վաղն ալ երբ կարիքը ըլլայ, անպայմանօրէն Դաշնակցութեան ծոցէն հոս ու հոն պիտի ծնին գերագոյն զոհաբերութեան նոր զինուորագրեալները: Այստեղ ալ լաւագոյն ապացոյցը Լիզպոնի հինգ անձնազոհերն են, մհերներն ու վիգէններն են…
Մեր հերոսներու եւ նահատակներու զոհաբերութիւններուն դիմաց, այսօր խաղաղ պայմաններու մէջ դաշնակցականի գործը անհատի մը համար նուազագոյն պարտաւորութիւնն է, որ պէտք չէ սակարկութեան կամ շահարկման առարկայ դառնայ…