Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Էրտողանի Վերջին Յոյսն Ու Տաւութօղլուի «Դասալքութեան» Բարիքները

Յուլիս 21, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-20-15_vaho(1)

17 մայիս 2010-ի Թուրքիոյ եւ Պրազիլի միջնորդութեամբ Իրանի հիւլէական թղթածրարի լուծման «Թեհրանի հռչակագիր»-ի ձախողութենէն 5 տարի եւ «Արաբական գարուն»-ի սկիզբէն 4 տարի ետք, 14 յուլիսին Թեհրանի հիւլէական թղթածրարի երկարատեւ խնդիրի լուծման Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի կնքումը եկաւ ընդգծելու Թուրքիոյ քաղաքական մեկուսացումը: Այլ հարց, թէ տնտեսական գետնի վրայ Իրանի հետ մասնաւորաբար ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան առիթներ ստեղծեց, ինչ որ ինքնավստահութիւն ներշնչեց Թուրքիոյ եւ զայն մղեց «Թրքական հոսք»¬ի ծրագիրի հարցին մէջ իր կեցուածքը կարծրացնելով ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզի բերնով յայտարարելու. «Մենք երբեք պիտի չկատարենք այնպիսի զիջումներ, որոնք կը սպառնան մեր շահերուն»:

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի` իֆթարի մը ընթացքին ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայութեան կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը պէտք է փոխուի, ցոյց կու տայ, թէ Իրան-Վեցեակ համաձայնութենէն ետք նոյնիսկ իշխող կուսակցութեան մէջ սկսած են տեսնել այդ հրամայականը, սակայն Կիւլի խօսքէն ետք Էրտողանի բուռն հակադարձութիւնն ու նախկին սերտ գործակիցը անուղղակի կերպով դաւաճան անուանելը եկաւ ցոյց տալու, որ Էրտողան կը յամառի Թուրքիան մեկուսացնող իր քաղաքականութեան վրայ:

Թուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութեան կազմութեան պարագային յստակ է, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի, ինչ որ պիտի գայ ընդգծելու Էրտողանի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական կատարեալ պարտութիւնը: Այդպիսի կառավարութիւն մը նաեւ Տաւութօղլուի համար ոսկի առիթ մը կրնայ ըլլալ փրկուելու Էրտողանի բռնակալութենէն եւ խամաճիկ մը ըլլալէ դադրելով վերածուելու քաղաքական «անկախ» գործիչի: Ան այդ պարագային  ազատութիւն պիտի ունենայ վերակենդանացնելու իր ստեղծած ու ջատագոված «դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» վարդապետութիւնը:

Տաւութօղլուի քաղաքական ողբերգութիւնը այն է, որ ան կը թուի բաւարարուած ըլլալ Էրտողանի կամակատարի դերով: 9 յուլիսին համախոհական կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը ստանձնած  Տաւութօղլուն իր կուսակիցներուն յորդորեց պատրաստ ըլլալ արտահերթ ընտրութիւններու: Ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ընդհանրապէս նպատակ չունի այդ կառավարութիւնը կազմելով Էրտողանը խալիֆայութենէն զրկելով վերածելու աւանդական եւ պատշիրային պարտականութեան տէր նախագահի մը:

Ահա վերոնշեալներէն մեկնած է, որ Էրտողան կը մերժէ համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը: Ան կ’ուզէ արտակարգ ընտրութիւններու դիմել այն յոյսով, որ այս անգամ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնայ շատ աւելի լաւ արդիւնք մը ձեռք բերել: Ի վերջոյ ան իր բախտը անգամ մը եւս փորձելով ոչինչ ունի կորսնցնելիք: Աւելի լաւ արդիւնքի մը ձեռք բերման համոզումը ունի նաեւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, որ լռելեայն կը դաշնակցի իսլամական կուսակցութեան հետ, կ’օգնէ անոր թեկնածուին խորհրդարանի նախագահ ընտրութեան եւ կը փակէ դուռը համախոհական կառավարութեան մը իր մաս կազմելուն դիմաց: Նշեալ կուսակցութիւնը նաեւ յոյս ունի, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը աւելի վատ արդիւնք մը ձեռք կը բերէ, ինչ որ «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւին համար դարձեալ դրական արդիւնք մը կը նկատուի: Քրտամէտ կուսակցութեան հետ կառավարութեան կազմութիւնը իշխող կուսակցութեան կողմէ բացառուած ըլլալուն պատճառով Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ինքզինք կը գտնէ մինակ, դժկամ բանակցողի մը դէմ յանդիման: Քեմալական կուսակցութիւնը ո՛չ կրնայ հակառակորդէն զիջումներ ձեռք բերելու համար իր պահանջներու նշանակը բարձրացնել, ո՛չ ալ զայն վար առնել, որովհետեւ այդ պարագային  կառավարութեան մասնակցութիւնը կը դառնայ անիմաստ եւ քաղաքական անձնասպանութեան համազօր քայլ մը:

Ներկայ պայմաններուն մէջ կը թուի, թէ Թուրքիա կ’ուղղուի դէպի արտակարգ ընտրութիւններ: Կը մնայ տեսնել, թէ Կիւլ եւ այլ համախոհներ պիտի կարենա՞ն Տաւութօղլուն մղել վայելելու «դասալքութեան» բարիքները:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Մերժէ Տարանցման Համաձայնութիւն Տալ Ռուսական Կազին

RelatedPosts

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի
Անդրադարձ

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

Փետրուար 3, 2023
Մի՛ Շեղէք Սլաքները
Անդրադարձ

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

Փետրուար 3, 2023
Մեզմէ Պիտի Չլսէք
Անդրադարձ

Բացուի՛լ

Փետրուար 3, 2023

Comments 1

  1. Միհրան says:
    8 years ago

    Բացառուած չէ նաեւ , որ Էրտողանի կողմնակիցները կարողացած չըլլան վերջին ընտրութեանց արդիւնքները պէտք եղած չափով կեղծելու ՝ Կիւլէնի հովանաւորած ցանցին եւ իշխող կուսակցութեան ներքին ճեղքերուն պատճառով… Հարցական է թէ արտակարգ ընտրութեանց պարագային պիտի կարենա՞յ արդեօք :

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In