Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրօնափոխութեան Իբրեւ Հետեւանք Կորսուած Եւ Կորսուելու Դատապարտուած Հայեր

Յուլիս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

7-20-15_islam1Հրա՞շք պէտք է, թէ՞ կազմակերպութիւն` կորուստը փրկելու համար:

Անցեալին արտայայտուած էի Մխիթարեաններու հրատարակութիւն «ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ» ամսագրին մէջ հ. Յարութիւն Պզտիկեանի 1985-ին հրատարակած ուշագրաւ յօդուածին, ուր գլխապտոյտ տուող թիւեր կը տրուէին մեր թուաքանակի կորուստներուն մասին: Մտահան պէտք չէ ընել այն պարզ իրողութիւնը, որ տոկալու եւ տեւելու համար, որպէս ազգ, համրանքը էական նշանակութիւն ունի, նաեւ այսօր, զանազան բնոյթի ճնշումներուն դիմաց: Այլապէս, որպէս թուական ուժ աննշան դառնալով` մեծ կամ պզտիկ ցնցումներ ճակատագրական կ’ըլլան:

Համացանցով տեղեկութիւն մը ստացայ նոյն «ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ»-ի վերոյիշեալ թուականի յօդուածին մէջ տրուած թիւերու ամփոփումով: Գրութենէն կը պարզուի, որ հ. Յարութիւն Պզտիկեանն է այդ յօդուածի յիշեցման հեղինակը` միաժամանակ տալով պատմական տեղեկութիւններ, ուսումնասիրողի անուններ: Գրուած էր. «1985-ին, որպէս խմբագիր «ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ» ամսաթերթի, որ տասնհինգ հազար տպաքանակով լոյս կը տեսնէր Ս. Ղազարէն եւ մուտք կը գործէր սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս, ձեռնարկեցի 200 էջանոց տարեթիւ մը նուիրել Ցեղասպանութեան ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱԿԻՆ` օգտուելով Մխիթարեան մայրավանքի հարուստ դիւանէն եւ անտիպ փաստաթուղթերէն, հիմնականօրէն  կեդրոնանալով նիւթի մը շուրջ, որուն մասին շատ քիչ խօսուած էր. ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐ»:

Փակագիծ. ո՞ր տեղատուութեան հետեւանք է տասնհինգ հազար տպաքանակով ամսագրին դադարեցումը: Հարցում էր:

Տպաքանակի անկումը դարձած է ախտաւոր երեւոյթ, երբ հարցը կը վերաբերի հայերէն թերթին եւ գիրքին: Օր մը կը քննե՞նք հետեւանքները:

Օրին իսլամացած-իսլամացուած հայերու հարցով զբաղող մտահոգ ազգայիններ եղած են: Հարց, որ զգացական քանի մը պարագաներու չի վերաբերիր, տեղահանութեան օրերուն առեւանգուածներ կամ իրենց մանկութիւնը չյիշողներ, այլ` զանգուածային երեւոյթի մը, ազգաբնակչութեան շերտեր, որոնք կորսնցնելով կրօնական պատկանելիութիւնը, նոյն հունով նաեւ լեզուն, խզուած են ազգային պատկանելիութենէ: Այս կորուստը քսաներորդ դարու առաջին երկու տասնամեակներով չի սահմանափակուիր: Ներկայիս կը գտնուինք համշէնահայերու հարցին առջեւ, որոնք բարբառային հայերէն մը կը խօսին, բայց որոնց հայ ազգային պատկանելիութիւնը, իրենց կողմէ ընդունուած, դեռ վերջնական ձեւաւորում չունի, այսինքն համշէնցիները, քրիստոնեայ կամ իսլամ, հայ ազգին մէ՞ջ են, այդպէս կը զգա՞ն եւ կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ ոչ, կամ` ո՞ր տոկոսը կը մտածէ վերադառնալ հայ ազգային աւազանի մէջ:

Ստացուած տեղեկութեան մէջ արագ նշումներ կան: Կ’ըսուի. «Միջին դարու մեր պատմիչները սարսափահար գրած են, թէ ինչպէ՛ս 12-րդ դարուն սելճուքեան բռնապետութեան եւ անտանելի հարկերու ճնշումին տակ` գերեվարութիւններով եւ առեւանգումներով իսլամացած են բիւրաւոր հայեր: Աւելի ուշ` օսմանեան տիրապետութեան տարիներուն իսլամացումը զանգուածային համեմատութիւններու հասած է»:

Արձանագրուած` «սարսափահար»: Այսօր ալ, երբ կ’իմանանք, կրնա՞նք սարսափահար չըլլալ, թուաբանական արագ հաշիւներ չընել եւ չխորհիլ, առանց դեռ հաշուելու բնական աճը, թէ առանց այդ կորուստներուն ի՞նչ կ՛ըլլար մեր համրանքը, նաեւ` այդ համրանքին բերած ուժի նպաստը, որպէսզի մեր դրացիները մեզ նուազ անհանգիստ ընէին, հայապատկան հայրենիքը, ոչ միայն հանրապետութիւնը, բնակուած ըլլար հայերով: Ազգագրագէտներ եւ վիճակագրութիւններու մասնագէտներ հիմնաւորուած ուսումնասիրութիւն չե՞ն կրնար ընել` ճշդելով այս պարագային «ծագումով հայ» զանգուածներու հասցէները եւ համրանքները, միաժամանակ հասկնալու հետախուզութիւն ընել, թէ այդ զանգուածները տեղ մը կը յիշե՞ն իրենց «ծագումը», քանի որ այդ յիշողութիւնն է առաջին քայլը վերադարձի ընտրանքի:

Այդ իսլամացած հայերու նախկին հասցէներու եւ համրանքի մասին կը խօսի հ. Յարութիւն Պզտիկեանի ել-նամակով ստացուած ուսումնասիրութեան ամփոփ յիշեցումը.

«Առաջին անգամ  Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան, Մխիթարեան միաբանութենէն (1758-1833), երեք կարեւոր հրատարակութիւններով ուշադրութիւն գրաւեց, արդիւնք` իր ճամբորդութիւններուն տեղւոյն վրայ:

«Ան կը գրէ.

7-20-15_islam«- ՀԱՄՇԷՆի 22 գիւղերը իրենց 44.000 բնակչութեամբ կ’իսլամանան:

«- ԵՐԶՆԿԱյի քաղաքին (հայերը) եւ 250 հայ գիւղեր նոյն ճակատագրին կ’արժանանան, մօտաւորապէս` 225.000 հոգի:

«- ԹՈԳԱՏ (ԵՒԴՈԿԵԱ)ի 190 գիւղերը եւ քաղաքին 2500 ընտանիքները կ’իսլամանան:

«- ՏԻՎՐԻԿի 2000 հայ տուները եւ ԱՐԱԲԿԻՐԻ 84 գիւղերը` նոյնպէս:

«Հեղինակը կը յիշէ նաեւ 1100 տուն ՀԱՅ-ՀՈՌՈՄՆԵՐՈՒ հինգ  գիւղերու մէջ եւ ԱԿՆ ԳԱՒԱՌԻ 24.000 օտարացած հայերը:

«- ԹՈՐԹՈՒՄ` 30 գիւղ եւ 400 տուն, մօտաւորապէս` 24.000 հոգի:

«- ԿԱՄԱԽ գաւառի 360 գիւղեր` շուրջ 200.000 հոգի եւ ՄԱՆԱԶԿԵՐՏ գաւառէն` 220.000 հոգի:

«- ԱԽԱԼՑԽԱ-ի 24 գաւառներու հայութիւնը ժամանակի ընթացքին վրացական ծէսի յարելով` օտարացան:

«- ՃՈՐՈԽԻ ԱՒԱԶԱՆԻ բնիկ հայերը իսլամացան:

«- ԱՐԴՈՒԻՆի 50 գիւղերու հայերը իսլամացան կամ վրացի դարձան:

«Եւ այսպէս, Ինճիճեան կը պատմէ, որ ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ, ՄԱՐԱՆԴի, Տիգրանակերտի շրջանի տասնեակ հազարաւոր հայերը քրտացան եւ իսլամացան:

«ՊԻԹԼԻՍԻ մէջ 25.000 տուներէն մնացած է, կ’ըսէ, միայն 5.000»:

Գումարում ընել` «սարսափ» կ’ազդէ: Սարսափէն անդին` կը մղէ՞ մտածելու եւ վերականգնումի նախաձեռնութեան:

Արդ, այս ազգային հիմնահարցը նախ կը քննե՞նք պետական-ակադեմական մակարդակով: Այս մօտեցումը մեզ պիտի մղէ մտածելու, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակին մէջ չի սահմանափակուիր: Ապա պիտի խորհի՞նք երթալ դէպի այս հայերը, գիտական եւ հիմնաւորուած մօտեցումով, ուղղակի դէպի այդ հաւաքականութիւնները, եւ ապա նաեւ` ներկայանալ միջազգային կառոյցներուն, որպէսզի դարերու հնութիւն ունեցող դաւ եւ ոճիր որպէս մարդկութեան դէմ գործուած յաջորդական չարիքներ, մտցուին ցեղասպանութեան ըմբռնումին մէջ: Այս պէտք է ընել ոչ թէ միայն հատուցումի համար, այլ պաշտպանելու համար ազգի գոյութեան իրաւունքը` իսկական վերականգնումի հեռանկարով:

7-20-15_islam2Օրաթերթային նշումը կը մնայ հետաքրքրաշարժի սահմաններուն մէջ, այդպէս է, կը մոռցուի: Տեղեկութիւնը անպէտք է, եթէ պատասխանատուութիւններու մակարդակին չքննուին հարցերը եւ երկարաշունչ յանձնառու ծրագրումներ չըլլան: Ճիշդ է, որ այդ միլիոնաւոր «հայեր»-ու վերադարձը անկարելի կրնայ թուիլ, տնտեսական, քաղաքակրթական, կրօնական եւ բարքերու տարբերութիւններու պատճառով: Բայց կրնա՞նք անգիտանալ, չյուսալ, ձեռնածալ մնալ:

Իրաւունք ունի՞նք անգիտանալու կորուստը այդ մեծաթիւ զանգուածին, «հայ զանգուածներ», որոնք «ծագումով հայ» են, կրնան ըլլալ այսօր, նոյնիսկ երբ այդ «ծագում»-ն ալ մոռցուած է: Իրաւունք ունի՞նք պատահածը արձանագրելու պատմութեան շահ վնասի տոմարին մէջ:

Այս հարցը ի հարկէ կը կարօտի ուսումնասիրութեան եւ նախաձեռնութիւններու:

Բայց ամէն բանէ առաջ պէտք է հասկնալ, որ այս հարցը քաղաքական է` ազգային գաղափարախօսութենէ ներշնչուած յանձնառութեամբ:

Կ՛ըսուի, թէ արաբական ցեղախումբ կայ, որ ինքզինք կը համարէ Բագրատունիներու շառաւիղ:

Համշէնցիներ կը խօսին Ամատունիներու շառաւիղ ըլլալու մասին:

Թերեւս հայութեան քարոզիչներ պէտք է ղրկել առ որ անկ է, ինչպէս անցեալին եղած են հաւատքի քարոզիչներ, եւ այսօր ալ կան, միսիոնարներ:

Բայց նախ պէտք է նստիլ եւ խօսիլ` գիտնալու համար, որ հարցը ազգային հիմնախնդի՞ր է, թէ՞ ոչ, մեզի համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Ապա կը խօսուի այդ զանգուածներու Ազգային Տուն վերադարձի մասին:

Հարկ է խօսիլ նաեւ այդ Ազգային Տան մասին, Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքներուն մասին, ուր հայ ժողովուրդ կ՛ապրէր, եւ ուր հայ ժողովուրդ չկայ: Ի՞նչ բացատրութիւն տալ այս բացակայութեան:

Ինչպէ՞ս մարդիկը եւ պատմութիւնը վերստին դնել իրենց բնական հունին մէջ, ուրկէ պէտք չէ որ ելած ըլլային:

Այս հիմնախնդիր է, բիզնես եւ տուրիզմ չէ:

 

13 յուլիս 2015, Պիքֆայա, Լիբանան

 

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Երգերու Բնորոշ Նմուշներ (Հաւաքագրող` Պետրոս Ալահայտոյեան – 2015)

Յաջորդը

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Ազգային Վարչութիւն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?