Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրուհիս

Յուլիս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Կանուխ պատանեկութեան տարիներուն շատ բնական երեւոյթ է յաճախակիօրէն սիրահարիլը: Ինչպէս ամէն պատանի, ես ալ անշուշտ բացառութիւն չէի կազմեր ընկերներէս: Ամէն անգամ որ դասընկերուհի մը մօտիկութիւն ցոյց տար … արդէն սիրահարած էի: Անքուն գիշերներ կ՛անցընէի` բաց աչքերով երազելով, երեւակայական պատմութիւններ հիւսելով «սիրուհիիս» մասին, մինչեւ  որ անզգալաբար քունի անցնէի: Եթէ այդ պատմութիւնները գրի առնելու կարելիութիւնը ունեցած ըլլայի, անոնք կրնային շատ լաւ սիրային վէպերու վերածուիլ, սակայն  առտու, երբ արթննայի, բոլորը ցնդած էին, բան չէի յիշեր: Ամչկոտ էի եւ սէրս արտայայտելու համարձակութիւն ու քաջութիւն չունէի: Կը սպասէի,  որ այդ առաջարկը իրենցմէ գար, սակայն… երկար եւ անյոյս սպասումէ ետք, «կը սիրահարէի» ուրիշ ժպտացող դէմքի մը եւ երկար գիշերներ կը շարահիւսէի նոր երեւակայական պատմութիւններ, որուն հերոսը ես էի միշտ:

Սէրս արտայայտելու համարձակութիւնը չունենալով հանդերձ, խնդրոյ առարկայ «սիրուհի»-ներուս գաղտնիքս ուրիշին բաժնեկից դարձնելու մեծ փափաք մը ունէի եւ կը յայտնէի ամենամտերիմ դասընկերոջս:

«Գիտե՞ս, այսինչը իմ մարդս է»:

«Այնինչն ալ իմ մարդս է», կը պատասխանէր  հպարտութեամբ, սակայն ո՛չ «այսինչ»-ը ո՛չ ալ «այնինչ»-ը տեղեակ էին մեր թաքուն սէրէն:

Քանի մը ամիս ետք միտքս կը փոխէի ու «մեծ գաղտնիքը» դարձեալ կը հաղորդէի ուրիշ մտերիմ ընկերոջ մը, որովհետեւ նախկին ընկերս դաւաճանած ու ուրիշներու պատմած էր գաղտնիքս: Չեմ յիշեր` պատանեկութեանս տարիներուն քանի՞ անգամ «սիրուհիներ» փոխած եմ, առանց  անոնց կասկածը արթնցնելու, թէ «գաղտնի սիրող» մը ունին:

Բաւական երկար տեւեցին այս անյոյս սիրահարութիւններս, մինչեւ որ օր մը իսկապէս սիրահարեցայ եւ «սիրուհիս» հետս բերի տուն,  ծանօթացուցի ընտանիքիս,  եւ ան մեզի հետ միասին մնաց երկար տարիներ:

Մեր տան «նոր անդամը» չէր խօսեր, սակայն հմայիչ ձայն ունէր, որով ամէնէն աւելի ես կը հմայուէի: Այս անգամուան սիրահարութիւնս լուրջ էր: Գիշեր ու ցերեկ ուրիշ բանի մասին չէի մտածեր: Ընկերներէս հեռու` ժամանակս իրեն հետ կ՛անցընէի: Դպրոցէն վերադարձիս, գիրքերս մէկ կողմ նետած, զինք գիրկէս վար չէի առներ:

Տնեցիք խորթ աչքով սկսան նայիլ մեր տան «նոր անդամ»-ին:

Շաբաթներուն ու ամիսներուն յաջորդեցին տարիներ: Հաւատարիմ էի սիրուհիիս, եղած էր «կեանքիս ընկերը»: Տնեցիք, թէեւ դժգոհ, անկարող էին զիս համոզել, որ «խելքս գլուխս հաւաքեմ»: Դպրոցի աւարտական տարիս էր,  ու չէի մտածեր համալսարան յաճախելու մասին:

Երկար տարիներ հաւատարիմ մնացի սիրոյս. մինչեւ այն օրը, երբ ընտրեցի կեանքի ընկերս եւ տանս մէջ ունեցայ մէկի փոխարէն երկու սիրուհի. խնդիրը քիչ մը բարդացաւ: Կեանքի ընկերս` սիրելի կինս, առաջնահերթ տեղ գրաւեց տանս մէջ: Տնեցիներու գուրգուրանքին ու սիրոյն արժանացաւ, իսկ նախկին «սիրուհիս», անկիւն մը նետուած, դարձաւ «անգործածելի առարկայ» մը: Ժամանակին միասին կը ճամբորդէինք զանազան երկիրներ, սակայն ընտանիք կազմելէս ետք ոչ իսկ մէկ անգամ մտածեցի հետս տանիլ: Տան մէկ անշուք անկիւնը դրուած` արձակուրդէ վերադարձին նոյնիսկ մտքէս չէի անցըներ փնտռել, գրկել զինք: Ապերախտութի՞ւն է ըրածս, թէ՞ բնական կեանքի ձեւ: Ներկայիս ուրիշ մտածումներ ունիմ` կին, զաւակ, տան մտահոգութիւններ եւ հետը զբաղիլը ժամանակի կորուստ կը սեպեմ. նոյնիսկ իր մասին մտածելու ժամանակ չեմ գտներ:

* * *

Տունը առանձին եմ: Կարդալու սիրտ չունիմ. ծուլօրէն նստած` հեռատեսիլ դիտելու ախորժակ ալ չունիմ: Ձանձրոյթէս կը մրափեմ: Յանկարծ միտքս կ՛իյնայ նախկին «սիրուհիս»: Նոյնիսկ չեմ յիշեր, թէ տան ո՛ր անկիւնը կարելի է գտնել զայն: Կ՛ուզեմ դարձեալ առնել ձեռքերուս մէջ, յիշել պատանեկութեան խենթ տարիներս, երբ գիշեր ու ցերեկ միակ մտածումս էր:

Երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս կը գտնեմ տանս կառատան մէկ անկիւնէն, վրան` մատ մը փոշի: Կը բերեմ ներս, կը մաքրեմ, լարերը կը շտկեմ ու կը փորձեմ նուագել նախկին «սիրուհիս»` կիթառս:

Վարժութիւնս կորսնցուցած եմ: Երկար տարիներ չեմ նուագած: Մատներս կը դաւաճանեն, ճկունութիւնը կորսնցուցած եմ. անճոռնի ձայներ կ՛ելլեն այդ անուշ գործիքէն: Ո՞վ որու դաւաճանեց` ե՞ս իրեն, թէ՞ ինք ինծի, երբ ժամանակին հիանալի մեղեդիներ կը շնորհէր, իսկ այսօր` անախորժ ձայներ:

Տան դրան բացուիլը կը լսեմ: Ներս կը մտնեն կինս ու տղաս եւ երկուքն ալ զարմացած երեսս կը նային: Տղաս նոյնիսկ չի յիշեր` վերջին անգամ ե՞րբ տեսած է այդ գործիքը ձեռքերուս մէջ:

Կ՛ուզեմ մէկ կողմ դնել, սակայն կինս ժպտելով կը միջամտէ: «Նուագէ՛, կարօտցած եմ այդ անուշ ձայնը»: Կամաց-կամաց մատներս «կը բացուին»: Անճոռնի ձայները ինքնաբերաբար կը վերածուին անուշ մեղեդիներու եւ անգիտակցաբար կը նուագեմ  հին օրերու եղանակ մը:

«Հանդիսատեսներուս» գնահատանքին կ՛արժանանամ, ու կը պնդեն, որ նուագեմ երկրորդ մը, երրորդ մը, եւ «երգահանդէսը» կը վերածուի խնճոյքի: Ուրախ ենք բոլորս, սակայն վստահաբար ամենաերջանիկը կիթառս է: Տարիներով  անտեսուած ու անկիւն մը նետուած` այսօր վերջապէս կը  վերագտնէ իր նախկին դիրքը:

Երկար տարիներ պահելէ եւ գուրգուրալէ ետք, երբ ընտանիք կազմելով հետաքրքրութիւնս կեդրոնացաւ նորակազմ ընտանիքիս վրայ, անտեսելով` մէկ կողմ  դրած էի զայն, սակայն յանկարծ կ՛անդրադառնամ, թէ տակաւին սէր ունիմ իրեն հանդէպ: Տարիներ շարունակ զիս երջանկացուցած սիրելիս, յաւերժ կը մնայ սիրելիս: Այդ անխօս երաժշտական գործիքը այսօր կարծես լեզու առած` կը յիշեցնէ,  որ չանտեսեմ զինք: Իր ներկայութիւնը ոչ մէկ արգելք կրնայ հանդիսանալ ընտանեկան երջանկութեանս. ընդհակառակը, կրնայ երջանկացնել բոլորս:

Երաժշտութիւնը հոգին ազնուացնող, մարդ արարածը երջանկացնող հրաշալիք մըն է: Նոյնիսկ անասունները կը գնահատեն երաժշտութիւնը: Չեմ յիշեր ի՞նչ առիթով, մանկութեանս ընտանիքով այցելած էինք Լիբանանի  «Թանայել»-ի վանքը, ուր քանի մը կղերականներ անասնապահութեամբ կը զբաղէին. կաթ, մածուն եւ պանիր կ՛արտադրէին: Երբ ախոռ մուտք գործեցինք, հաճելի դասական երաժշտութիւն մը հասաւ մեր ականջին: Մեզի ուղեկից կղերականը ժպտելով բացատրեց, թէ կովերը երաժշտութիւն ունկնդրելով` շատ աւելի առատ կաթ կը հայթայթեն, անշուշտ` ոչ ներկայ օրերու երաժշտութիւնը. երաժշտութիւն մը, որ նոյնիսկ անասունները չեն կրնար հանդուրժել: Աղմուկ ու պոռչտուք: Թող զիս յետամնաց անուանեն արդի երաժշտութիւնը չգնահատելուս համար: Կը մնամ հաւատարիմ երաժշտութեան հին դպրոցին եւ կ’որոշեմ չանտեսել նախկին սիրուհիս, այնքան սիրած կիթառս` տարիներու երջանկութեան աղբիւրս: Այո՛, պիտի պահեմ տանս մէջ եւ ոչ թէ կառատան մէկ անկիւնը ու զայն պիտի դարձնեմ մեր տան մնայուն անդամը:

Երկու կողմերս նստած են կինս ու տղաս, սիրելիս գրկած` կը նուագեմ հիանալի մեղեդի մը… «Սիրելիս»:

«Գիտեմ սիրում ես ինձ ու լալիս ես թաքուն, սիրելիս,
Հեռո՜ւ, հեռւում,
Ինչո՞ւ, ասա  ինչո՞ւ »:

Պատանեկութեան տարիներու սէրս բոլորովին չէ մարած, սակայն փոխարինուած է  տարբեր տեսակի սիրով. ընտանիքիս սէրը, որուն կողքին կը մնայ նաեւ երաժշտութեան սէրը: Ի զուր չէ, որ ըսուած է, թէ երաժշտութիւնը կը հալեցնէ ամենադաժան ու անգութ սրտերն անգամ:

«Երգահանդէս»-ը շուտով վերածուած է խնճոյքի, իսկ աւելի ուշ` պահանջատիրութեան ու բողոքի:

Բողոք ու պահանջատիրութիւն: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կը նուագեմ ու կ՛երգեմ.

«Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքան տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հող
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս» (Մ. Իշխան)

Արիւնոտ է ամէն հայու սիրտը: Նախ` հայու դժբախտ ճակատագրի ցաւով, վերջը` «Աշխարհի ցաւով»: Մեր ցաւը առաջնահերթ է: Նոյնիսկ մեր տան անբաժան անդամը, այդ անխօս, անլեզու երաժշտական գործիքը կարծես կը զգայ հայու ցաւն ու տառապանքը եւ իր լարերէն կ՛արտաբերէ իր յուզումը: Տասնամեակներով մնալով տանս մէջ` դադրած է լոկ երաժշտական գործիք մը ըլլալէ. եղած է հայկական զգացումով  լի` տանս մէկ անդամը:

Նախկին «սիրահարս»:
Յաւիտենական սիրելիս:

Լոս Անճելըս, 2015

 

 

Նախորդը

«Չարտասանուած Նոպելեան Ճառեր» Հաղորդաշարը Պիտի Պատմէ Զոհրապի, Վարուժանի, Սիամանթոյի Եւ Սեւակի Մասին

Յաջորդը

Դատարանը Մեղաւոր Ճանչցաւ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը. Պաքուն Կը Թաքցնէ Իր Պարտութիւնը` Յայտարարելով Յաղթանակ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?