Այն Մրէյսիի «Արշաւանքը»
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ահա այդպէ՛ս արշաւեցինք ... 1960-ականներու սկիզբն էր: «Ուեսթ սայտ սթորի» ժապաւէնը նոր դիտած եւ ներշնչուած էինք «Ճեց» եւ «Շարքս» իրարու մրցակից խմբակներու բախումներէն: Մեր կանուխ պատանեկութեան տարիներն էին, եւ այդ ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք նորոյթ դարձած էր այդ խմբակներուն գործածած «կոճակով» դանակները, զորս մենք «զըրլը դանակ» կ'անուանէինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը գնած էր դանակ մը` առանց իսկ մտածելու, թէ ո՞ւր եւ...




















