Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեցի Դաստիարակութիւնը` 21-րդ Դարու Սկիզբին – Յամեցող Ու Նոր Մարտահրաւէրներ

Մարտ 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

3- Ռուսիան եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու գաղութները- 3-4 միլիոնի հասնող համրանք, ծանրութեան կեդրոնը` Ռուսիա:

– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, Ռուսիոյ տարածքին կը գործեն 200 միօրեայ (քիչ պարագաներու` երկօրեայ) կրթօճախներ. Ուքրանիա` 37, Ուզպեքիստան` 2, Ղազախստան` 9, Պիելոռուսիա` 2, Մոլտովա` 1: 1.- Ամէնօրեայ վարժարաններ գոյութիւն չունին:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, Ռուսիոյ հայութեան թիւը` 2,5 միլիոն կը գնահատուի (այլ տեղ կ՛ըսուի` 1,5 միլիոն), Ուքրանիոյ` 450 հազար (այլ տեղ` 130 հազար եւ 250 հազար), Ուզպեքիստանի` 80 հազար (այլ տեղ` 50 հազար), Ղազախստանի` 70 հազար (այլ տեղ` 25 հազար), Պիելոռուսիոյ` 30-36 հազար եւ Մոլտովայի` 12 հազար (այլ տեղ` 8 հազար եւ 4 հազար):

– Վրաստան – 2002-ի պետական մարդահամարի թիւերով, վիրահայութեան թիւը 248.929 հոգի է (առանց Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ), այլ գնահատումով, կրնայ հասնիլ կէս միլիոնի:

Պաշտօնական տուեալներով, Ջաւախքը ունի շուրջ 114 հազար հայ (ոչ պաշտօնական` 150 հազար): Հոն կը գործեն 120 ամէնօրեայ վարժարաններ` 13 հազար հայ աշակերտներով: Միւս կողմէ` թիֆլիսահայութիւնը, որ 2002-ի տուեալներով կը հաշուէր` 82.586 մարդ (ոչ պաշտօնական` 100 հազար), ունի երեք ամէնօրեայ դպրոց, (որոնցմէ երկուքը` իբրեւ վրացական դպրոցներու հայկական մասնաճիւղեր) եւ երկու միօրեայ վարժարաններ:

4.- Պոլիս – Իր պատմական կշիռքին համար Պոլիսը իր իւրայատուկ տեղը ունի այս ստորաբաժանումներուն մէջ: Բոլորին ծանօթ է նաեւ վերջին շրջանի համայնքի աշխուժացման ու անոր աւելի համարձակախօս ձայներու երեւոյթը: Աշխուժութեան ալիքը կը տարածուի նաեւ անոր կարգ մը կրթական կառոյցներուն վրայ: Պրպտումներ կան մանկավարժական ու լեզուաբանական արդի մօտեցումներով հայերէն դասաւանդելու ու այս ծիրին մէջ փորձարկումներ` նոյն այդ մօտեցումներուն համահունչ հայերէն դասագիրք պատրաստելու:

Ըստ մեր ունեցած տուեալներուն, հոն կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ (ոչ բոլորը երկրորդական կարգերով)` 3083 աշակերտներով: Պոլսահայութեան մօտաւոր համրանքը կը տարուբերի` 60-70 հազարի միջեւ:

Այս թիւերն ու համեմատութիւնները, նմուշներու փորձարկման (sampling) առումով, բաւականին բան կ՛ըսեն սփիւռքի կրթական համակարգերու կարողականութեան եւ արդիւնքներուն մասին: Յստակ է, որ այս կրթօճախներու ցանցը կրնայ սպասարկել 7 միլիոնանոց բազմաճիւղ ու բազմաբնոյթ սփիւռքի համայնքներու ուսանողութեան մէկ կոտորակին միայն: Իսկ մնացեա՞լը…

Այս տուեալներով, լաւագոյն պարագային ու «կարելիի արուեստով», կրնանք միայն պատկերացնել հայախօս ու հայեցի դիմագիծով կորիզներու կազմութիւնը` մէկ գաղութէն միւսը: Նոյնիսկ եթէ մակարդի դեր ալ կատարեն անոնք, իրենց շուրջ որոշ տեւողութեամբ կրնան ծիրել մասնաժամ հայերու արբանեակ օղակներ, որոնցմէ դուրս (ու ետք), ուշ կամ կանուխ, մօտեցող ամայքն է:

Սփիւռքի մէջ միայն արեւմտահայերէ՞նն է, որ վտանգուած է, թէ՞ հայոց լեզուն ընդհանրապէ՛ս

«Մեր լեզուն, ասում ենք, սկսել է կորչել ազգի բերանից. Տաճկաստանի հայը` տաճկերէն է խօսում, Ռուսաստանի հայը` ռուսերէն է խօսում, Պարսկաստանի հայը` պարսկերէն, Հնդկաստանի հայը` անգլերէն եւ ամենավտանգաւորն այն է, որ այդ ախտը սկսում է ընտանիքից»:

Րաֆֆի

Վերեւ պարզուած խորապատկերին առաջ, պահ մը կանգ առնենք արեւմտահայերէնի հարցին վրայ ու անոր ընդմէջէն փակագիծ բանանք առհասարակ սփիւռքի մէջ հայերէնի եւ հայախօսութեան գոյատեւման հեռանկարներուն շուրջ:

Արեւմտահայերէնի պահպանման կամ կենսունակութեան խնդրի արմատները կ՛երթան բաւականին հեռու, սակայն հոս մեկնակէտ ընդունինք 2010-ի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արեւմտահայերէնի ներառումը «որոշակիօրէն վտանգուած» լեզուներու դասակարգին մէջ: Օրին այս գծով շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, ահազանգայինէն` մինչեւ սկեպտիկն ու հեգնականը: Սակայն հոս նպատակը աւելի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս իմաստով կազմած մեթոտաբանութեան ընդգծումն է, քան` 2010-ի յայտարարութեան արձագանգներու վերհանումը (տարբեր հարց նաեւ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, երեւոյթին պաշտօնական/մասնագիտական անուանում մը տալով, մեզի պարզապէս կը վերյիշեցնէր տասնամեակներէ ի վեր մեր հանապազօրեայ ապրածն ու տեսածը, մեր մտաւորականներու եւ մանկավարժներու անդուլ կրկնածը):

Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կայքին, արեւմտահայերէնի այս դասակարգման ետին կան 2008-ին կատարուած երկու ուսումնասիրութիւններ, մին` Միջին Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Իրաք, Սուրիա, Եգիպտոս), իսկ երկրորդը` Թուրքիոյ (Պոլիս, Վագըֆ գիւղ): Մեզի համար հարցական կը մնայ գոնէ առաջին խմբաւորման պարագային` նման եզրակացութեան մը հասնիլը, սակայն կ՛անցնինք առաջ ու կը կեդրոնանանք վերեւ նշած մեթոտաբանութեան վրայ:

Ըստ նոյն կայքէջին, 1994-2007, երեք հրատարակութիւններով, կը կազմուի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլասը», որ արդիւնք էր աւելի քան 30 լեզուագէտներու միջազգային համագործակցութեան: Անոնց դասակարգումները հիմնուած են 2002-2003 թուականներուն մասնագիտական խումբի մը կողմէ ստեղծուած «Լեզուական կենսունակութիւն եւ վտանգուածութիւն» թղթածրարի մեթոտին վրայ, միանշանակօրէն առնչուած` խօսակցական/բանաւոր երեսին: Ստորեւ, ըստ այս թղթածրարին, լեզուի մը կենսունակութեան/վտանգուածութեան վեց աստիճանները եւ այս աստիճանաւորման համար նկատի առնուած ինն ազդակները.

Աստիճանաւորում.

1.- Ապահով – Լեզուն կը խօսուի բոլոր սերուդներուն կողմէ:

2.- Խոցելի – Մանուկներուն մեծ մասը կը խօսի լեզուն, սակայն կրնայ սահմանափակուած ըլլալ որոշ բնագաւառներու մէջ (օրինակ` տան մէջ միայն):

3.- Որոշակիօրէն վտանգուած – Մանուկները այլեւս լեզուն իբրեւ մայրենի լեզուն չեն սորվիր տան մէջ:

4.- Խիստ վտանգուած – Լեզուն կը խօսուի մեծ ծնողներուն եւ երէց սերունդին կողմէ: Ծնողներու սերունդը կրնայ հասկնալ զայն, սակայն իրարու հետ կամ իրենց զաւակներուն հետ չեն հաղորդակցիր այդ լեզուով:

5.- Ճգնաժամային կերպով վտանգուած – Ամէնէն երիտասարդ խօսողները մեծ ծնողներն են կամ` անոնցմէ աւելի տարեցները: Անոնք լեզուն մասնակիօրէն կը խօսին ու ոչ յաճախակի:

6.- Մեռած/շիջած – Լեզուն խօսողներ չկան ալ:

Չափորոշիչ ինն ազդակներ.

1.- Լեզուի միջսերնդային փոխանցում,

2.- Խօսողներու բացարձակ թիւը,

3.- Խօսողներու համեմատութիւնը` բնակչութեան ընդհանուր թիւին մէջ,

4.- Լեզուի գործածութեան բնագաւառներուն մէջ փոփոխութիւններ,

5.- Նոր բնագաւառներու եւ մետիայի ընկալում,

6.- Լեզուաճանաչութեան եւ լեզուի ուսուցման նիւթերու առկայութիւն,

7.- Կառավարական եւ հաստատութենական լեզուական քաղաքականութիւն ու դիրքորոշում, լեզուի պաշտօնական կարգավիճակ եւ գործածութիւն,

8.- Համայնքի անդամներու վերաբերմունքը` իրենց իսկ լեզուին նկատմամբ,

9.- Փաստագրումի ձեւն ու որակը:

Վերի ինն ազդակներէն ամէնէն դիպուկը, ըստ փաստաթուղթին, առաջինն է: Մեր պարագային ալ` աւագ ու հայախօս սերունդներու շիջումով` արդէն իսկ ամէնէն խոցելին: Եթէ այս ազդակի կողքին համախմբենք թիւ 2, 4, 5 եւ 6 կէտերը միայն ու այս չափանիշներով մօտենանք աւանդական թէ նոր, արեւմտեան թէ յետխորհրդային սփիւռքներուն, ո՞ր դասակարգումին մէջ կարելի է տեղադրել հայախօսութիւնը ընդհանրապէս: Աչքով չափուած հաւանականութեանց սլաքը պիտի ճօճուի «խոցելի»-էն` «ճգնաժամային կերպով վտանգուած»-ի միջեւ, որոշ տեղեր ալ անշարժանալով` «մեռեալ» գծիկին վրայ: Իսկ ութերորդ կէտի փակագիծներուն մէջ է, որ կարելի է տեղադրել մերօրեայ բարձրաձայնումները սփիւռքի լեզուի եւ հայեցիութեան տագնապին մասին, յարադրութեամբը` անտարբերութեան եւ մաշումի լայնանիստ մոխրագոյն գօտիին:

Վերջապէս արժէ նշել, որ «աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլասը» նաեւ կը պարունակէ հատուկենտ պարագաներ յաջողապէս վերակենդանացուած լեզուներու, որոնց ետին բնականաբար եղած են պետական/հաստատութենական նպատակաուղղուած աշխատանք ու փոփոխութիւններ` ընտանեկան, դպրոցական թէ հաստատութենական բնագաւառներու մէջ (օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ մանքս եւ Գոռնիշ կելտական լեզուները):

(Շար. 3)

 

 

Նախորդը

Անիծեցինք. Յետո՞յ

Յաջորդը

Արցախեան Հիմնահարց Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Գինը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?