Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայն Ու Հայ Կեանքը` Լեռ Կամսարի Էջերուն Մէջ

Մարտ 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Միշտ նախանձած եմ ֆրանսացիներուն, որոնք երգիծական շաբաթաթերթ մը ունին` «Քանար Անշենէ», անկողմնակալ եւ արդար, որ հնախոյզի մը պէս կ’երթայ դէպի հնավայրը, անխնայ կը պեղէ, եւ ինչ որ մարդիկ չեն տեսներ կամ չեն ուզեր տեսնել,  կը փռէ արեւուն տակ, որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել,  թէ չէինք իմացած, չէինք գիտեր:

Լեռ Կամսարի օրը օրին գրուած երգիծական էջերուն նոր լոյս տեսած ծաւալուն հատորը կը կարդամ. «Չապրած օրեր», 2016, 734  էջ: Մեր ներկայէն արդէն հեռու (հեռո՞ւ) վկայութիւններ: Էջերը կը դարձնեմ եւ լրատուամիջոցներու գովերգական կամ պատմութիւն վերլուծողներու տպաւորիչ խօսքէն տարբեր շնչող մարդիկ եւ կեանք մը կը գտնեմ: Կեանքեր:

Ընթերցման ընթացքին երբեմն կանգ կ’առնեմ եւ Լեռ Կամսարի հայեացքը կը սեւեռեմ մեր անմիջական ներկային վրայ` ես ինծի հարց տալով, թէ ի՛նչ որ ըսուած է այդ էջերուն վրայ, ժամանակավրէ՞պ է, միայն անցեա՞լ է, թէ՞ նաեւ ներկայ: Չարութիւնը, շահամոլութիւնը, դիրքի շահագործումը, տառապանքը, կեղտ եւ կեղ կը շարունակուի՞ն:

Զարմացնող Լեռ Կամսար: Ան իր խոշորացոյցը կը բռնէ ոչ միայն խորհրդային ընկերութեան վրայ, այլ նաեւ` ուրիշ երկիրներու, ինչ որ այսօր չենք ըսեր, ինք ըսած է, հայկական օտարամոլ հիացական միամտութիւնը ձաղկելով: Պատշաճելու ընթացքին միւսին անտեսումը եւ չարաշահումը նկարագրող բազմերանգ «նկարահանումներ»:

Եթէ փորձուիք վերախմբագրել այս էջերը, այժմէականացնել, վայրերուն եւ դէմքերուն դնել մեր անմիջական պատմութեան եւ շրջապատի անունները, այս «Չապրուած օրեր»-ը կը դառնայ մեր օրերու յարաբերութիւներու եւ տխրութիւններու վրայ բացուող հարազատ լրագրութիւն: Ծիծաղէն անդին` երգիծանքի ցաւոտ ժպիտ:

Տիտանեան աշխատանք պիտի ըլլար այս հատորի վերախմբագրումը, արուեստագէտի երգիծանկարներով հարստացումը, օրագրային պատումէն անդին նիւթերու հաւաքումը ըստ կացութիւններու, նիւթերու, աշխարհագրութենէ եւ անհատէ անդին` մարդկային խորքի:

Իսկ եթէ այդ աշխատանքը կատարուի տարբեր լեզուով մը, անգլերէն, ֆրանսերէն, նոյնիսկ` արեւմտահայերէն, անհարթութիւնները կը կորսուին, օրաթերթի սրամտութեան էջէն անդին` կը նուաճուի երգիծական գրական հարստութիւն մը:

Բայց նախ մենք պէտք է կարդանք այդ էջերը, զանոնք մատչելի դարձնենք ժամանակակիցներուս: Երգիծանքը մարդ եւ պատմութիւն հասկնալու միւս ձեւն է` սեւեռելով մեր տկարութիւնները, ընկրկումները, գաղափարներու պատրանքի ետին թաքնուող չարութիւնը:

Թերեւս կարելի է գլուխներու բաժնել Լեռ Կամսարի խօսքերը: Ճիշդ է, որ օրագրութիւնը այլապէս կենդանի է, բայց դժուար է այդ ներկայացումով մարդկային-պատմական հարցեր եւ ընկերային-տնտեսական կացութիւններ համադրել: Հարիւրաւոր էջերու վրայ փռուած միտքեր եւ պատկերներ կը խճճուին, զիրար կը հրմշտկեն եւ հուսկ` կը մոռցուին: Կը մնայ տպաւորութիւն մը:

Դիւանակալական ընկերութիւնը ամէնուրեք է: Լեռ Կամսար կը նկարէ իր օրերու վարկով ապրող պետութիւնը: Այսօր ալ վարկով կ’ապրին մեծ ու պզտիկ պետութիւնները: Կը կարդանք (էջ131-132).

«Որդիս նկարչական դպրոց կը յաճախէ: Երէկ գացեր էր աշնանային տերեւաթափ նկարելու ու լալագին քովս եկաւ, թէ`

– Հայրի՛կ, կաթիլ դեղին ներկ չմնաց, ո՛չ պետական խանութները կայ, ո՛չ շուկան, ի՞նչ ընեմ:

– Ունեցածդ գոյներովը նկարէ:

– Տերեւաթափին դեղին է պէտք:

– Դուն բոլոր գոյներովը նկարէ, իսկ որտեղ դեղին պիտի քսուի, բաց թող, կամ վրան «դեղին» գրէ. երբ ճարեցիր, ան ատեն կը քսես: Ողջ պետական ապարատը վարկով կը գործէ` դուն չե՞ս կրնար վարկով նկար մը հանել»:

Քիչ անդին Լեռ Կամսար կը շարունակէ.

«Մոռցայ ըսելու, որ եթէ Գաբրիէլ հրեշտակն գործարանի դիրեկտորի դիմէ` թէ հոգիդ տուր`

– Նման խնդիրներով խնդրեմ տեղակալիս դիմել,- կը պատասխանի դիրեկտորը` առանց հրեշտակին կողմը նայելու:

Այդպէս է, անոնք նման մանր խնդիրներով չեն զբաղիր»:

Կացութիւնը նոյնը չէ՞, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, աստ եւ անդ:

Ըսելէ ետք, որ կրօնը ժողովուրդներու թմրեցուցիչն է, խորհրդային իշխանութիւնը արտօնած էր եկեղեցիներու գործունէութիւնը: Լեռ Կամսարի աչքէն չէ խուսափած երեւոյթը: Էջ 133-ի վրայ կը կարդանք.

«Այսօր իր կարիքներու համար խորհրդային կառավարութեան «շինած» Էջմիածնի նոր միաբաններէն տեսայ: Արբունքն աւարտած, կին մը ու չորս երեխայ ունեցող «կուսակրօն» մը: Կզակին քանի մը մոռացուած մազեր, աշխարհականի կարկատած զգեստներով: «Աստուած օգնական» ըսի ու անցայ:

Անցայ ու կը մտածեմ. ասոնք ի՞նչ կ’ընեն, որ օգնականի պէտք ունենան: Յետոյ կ’ըսեմ ինքս ինձ. բայց շատ սազական է «Աստուած օգնականը», վասնզի ոչինչ ընողի մը համար շատ հարկաւոր է գոյութիւն չունեցող Աստուած մը…»:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ անհատի «պաշտամունք կար», ինչպէս յաճախ ըսուած, եւ անոր գործիքն ու զոհը գրականութիւնն էր: Լեռ Կամսար առիթ չի փախցներ յիշեցնելու սիրուած բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի պարագան, որ Ստալինը կը կոչէր ոչ միայն «ժողովուրդներու հայր», այլ նաեւ` «տիեզերահայր»: Այս կացութեան կ’անդրադառնայ Լեռ Կամսար: Կը գրէ (էջ 133).

«Հայաստանի բանաստեղծուհիները մտքի խիստ աղքատութիւն կ’ապրեն: Ուղեղով բան մը յղանալու անկարող, սկսեր են արգանդով յղանալ ու ծնել այլեւս: Շատ ուղիղ ճանապարհ: Վասնզի արգանդով ստեղծած ոտանաւորները` ճիշդ է, երկու ոտանի են, բայց ատոր փոխարէն ռէալիստական են եւ աւելի արժէքաւոր, քան` իրենց մտքէն ծնած չորս ոտանի քերթուածները:

Չէ՛, կանանց բանը խեր է. դժուարը այր բանաստեղծներունն է, որք կ’երկնեն` ո՛չ մտքով կը ծնեն, ո՛չ արգանդով»:

Այնքա՜ն կարիք կայ երգիծանքի, ֆրանսացիներու «Քանար Անշենէ»-ին` դիմակները պատռելու համար:

Ճշմարտութեան եւ մաքրութեան տենչը միշտ եղած է, բայց անոնց մասին անշահախնդրութեամբ քիչեր կը խօսին` «գէշ մարդ չըլլալ»-ու իմաստութեամբ, որպէսզի երբ մեռնին, Յակոբ Պարոնեանին պէս իրենց գրպանը միայն սոխ մը չունենան որպէս ստացուածք:

Լեռ Կամսար հանդիսատես է մարդկային կատակերգութեան: Կը գրէ (էջ 246).

«Տկլորութիւնը թէեւ ձմեռները վնաս է քիչ մը, բայց ամառները` սաստիկ օգուտ:

Դեռ չմտած բաղնիք` դուրս կ’ելլես: Ժամանակ խլողը լողանալն չէ՞ խոմ` հանել հագնուելն է:

Եթէ մեր «առաջնորդներու» համար երեք ժամ է պէտք լողանալու, հետեւորդներու համար ընդամէնը երեսուն րոպէ:

Բայց առաջնորդները բաղնիքի պէտք չունեն. Անոնց մարմինը շատ է մաքուր, շատ ճերմակ, փափլիկ ու կանացի:

Ա՜խ, եթէ աշխարհումս բաղնիք մը ըլլար, ուր հոգիներ մաքրուէին…

Ես պիտի ցանկանայի, որ «առաջնորդները» մտնէին այդ բաղնիքը ու բնաւ դուրս չգային:

Այնքան կեղտոտ են իրենց հոգիները, այնքան անջինջ են անոնց հոգու լաքաները (արատները, Յ. Պ):

Լաքաներ, որք ոչ մէկ քիսաչի (արեւելքի բաղնիքներուն մէջ մորթի աղտը մաքրող, Յ. Պ.) աշխարհումս չէր մաքրի»:

Այս պատճառով ալ նորերը «քիսաչի»-ները փոխարինած են «ժաքուզի»-ով:

Լեռ Կամսարի քաղաքական երգիծանքը ուշագրաւ է, բազմերես, ներազգային, ներխորհրդային եւ միջազգային: Հետաքրքրական պիտի ըլլար ջոկել եւ այդ գլուխներուն տակ հաւաքել ըսուածները:

Էջ 548-552 Լեռ Կամսար կը խօսի Հայկական հարցի մասին, այսօր կ’ըսենք` Հայ դատ:

«… Այս հարցն շատ հին հարց է: Հայ ազգն երբ ծնեց,  ետեւէն անմիջապէս հայկական հարցը ծնուեց: Եթէ կարգ մը պատմիչներու նայենք, առաջ հայկական հարց ծնաւ` նոր հայ ժողովուրդ, այն նկատառումով, որ նորածին ազգն պարապ չմնայ, բանով մը զբաղուի ու չձանձրանայ: Եւ հայկական հարցն զբաղեցուց ոչ միայն մեզի, այլեւ` ամբողջ քաղակիրթ պետութիւններ:

Այն կառավարութիւն, որ զբաղուեցաւ հայկական հարցով, «մարդասէր» կոչուեցաւ, չզբաղուողը, եսականը, իր ազգի համար միայն մտածողը, ինչպէս, օրինակ, Պիսմարկը «գազան» անուանուեցաւ եւ ժամանակ մը հայկական գազանանոցում կ’ապրէին Պիսմարկն, տաճկաց սուլթանն ու ռուսական ցարն»:

……

«Ազգերու խաղ իրար հետ: Ինչպէս միեւնոյն բակի երեխաները կը խաղան իրար հետ, կ’արիւնեն, կ’արիւնոտուեն, կը կռուեն, կը հաշտուեն»:

……

«Բայց մեր ազգային թշուառութիւններ ի զուր չանցան: Բազմաթիւ բանաստեղծներ մեր վիշտը երգեցին ու մեծ գրական համբաւ ձեռք բերին: Չլինէին մեր քաղաքական աղէտներ, չէինք ունենայ այսօր ո՛չ Գամառ Քաթիպա, ո՛չ Ալիշան, ո՛չ ալ Աբովեանի «Ողբ հայրենասէրին»-ը:

Մեր օրերուն բանաստեղծութիւնը ժամանակավրէպ է, Հայկական հարցի վիզին պախուրց կապած` ման կ’ածենք անսկիզբ եւ անվախճան օրէնքներու լաբիւրինթոսին մէջ: Լեռ Կամսար եթէ այսօր ապրէր, պիտի ըսէր, որ նոր բանաստեղծութիւնը Ցեղասպանութիւն յանկերգել է, չանհագստացնող շարական մը, ճանչնալ եւ ճանչցնել աշխարհին, ո՞ւր հասնելու համար:

Լեռ Կամսար այլ էջի մը վրայ ժողովրդական ողջախոհութեամբ կրկին կը խօսի Հայկական հարցի մասին, էջ 681-682.

«Ինչքա՜ն պիտի խնդանք, երբ լսենք, թէ գառներ, նապաստակներ եւ նման թոյլ արարածներ հարց են յարուցեր մեծ գազաններու մօտ, որ դադրին զիրենք ուտելէ»:

……

«Եթէ հայ ազգի կռնակին ալ իմիս պէս չիբան (թրք.` ուռ) բուսնէր օր մը, անիկա ալ ողջ գիշեր փորի վրայ պառկելով` ասանկ իմաստուն եւ բնական հետեւութիւններ պիտի հանէր եւ ոչ թէ լսելով Ստալինին` երթար Ամերիկային խնդրէր, թէ Թուրքիայում գտնուող նախկին հայկական վիլայէթներն ա՛ռ թուրքի ձեռքէն, Սովետական Հայաստանին կցէ, մենք երթանք մէջն ապրենք:

Եւ այս այն ժամանակ, երբ Ամերիկան քիչ է մնացեր իր երկիրը վերցնէ` թուրքերուն տայ…

Ա՜խ, ո՞ւր մնացիր փրկարար չիբան»:

Հատորը կ’աւարտի երկու թելադրական պարբերութիւններով (էջ 687).

«Ո՛չ, ես որ կեանքիս մէջ բնաւ չեմ ապրած, կ’ուզեմ քիչ մը հանգիստ մեռնել ու տաք հողի մէջ թաղուել եւ ինծի համար բնաւ ՛՛ամենայն տեղ մահը մի չէ»:

……

«Բայց  այս ձմեռը զարմանալի կերպով ձիւն չի գար: Անբնական այս երեւոյթն ինչի՞ն վերագրել, չըլլա՞յ Լենինն երկնքում պոլշեւիկեան կարգեր է հաստատել»:

Ծաւալուն հատոր մը, կեանքով լեցուն, կեանքը` ինչպէս երէկ, սով եւ «կուլակ», ինչպէս` այսօր, որ կը փռուի ընթերցող հայուն առջեւ, օր մը թերեւս մարդոց առջեւ, բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հրաշք պահու մը փորձութիւնը կ’ունենան իրենց աչքի կապանքները հանելու:

Կը մտածեմ, եթէ օրին այս էջերը միջազգային հանրութեան հասած ըլլային, Սոլժենիցին ստուերի մէջ չէ՞ր մնար:

Ժամանակին հայկական թերթերը հայ գրականութեան էջերը կամ օտար ոճիր-արկածի վէպերը որպէս «թերթօն» հրատարակելու սովորութիւն ունէին: Եթէ այսօր Լեռ Կամսարի այս էջերը որպէս թերթօն լոյս տեսնէին, փոխան ճաշի, ճաշարանի երփներանգ ծանուցումներու, գէթ դեռ հայերէն կարդացող ազգայինները աւելի իմաստուն չէի՞ն դառնար, միւսները արդէն իմաստուն են…

25 յունուար 2017, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Թուրքը Չի Փոխուիր

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Շիրակ Երգարան 2016» Սայաթ Նովա (Մտայղացում Եւ Իրագործում Կարապետ Հաննէսեանի)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?