Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեցի Դաստիարակութիւնը` 21-րդ Դարու Սկիզբին – Յամեցող Ու Նոր Մարտահրաւէրներ

Մարտ 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Ներածական/Ընդհանուր Ակնարկ – Մեկնելով Թիւերէն

Դժուար է ստուգել «հայեցի դաստիարակութիւն» եզրի ծագման ճշգրիտ պահը, բայց կարելի է հաստատ վկայել անոր յետեղեռնեան երկրորդ յիսնամեակի ընթացքին աստիճանական շեշտադրման մասին: Բնականաբար կրթական ոլորտի միջոցով ազգային դաստիարակութեան մը յղացքին եւ հայերէնի կենսականութեան համար կարելի է հասնիլ մինչեւ Զարթօնք, Աբովեան եւ Րաֆֆի, սակայն այս եզրի գոյութիւնը սփիւռքեան երեւոյթ է, որուն ծննդոցը վստահաբար ծայր կ՛առնէ Ցեղասպանութեան բեկումէն: Երբ շրջանառութեան մէջ մտան «ուծացում», «այլասերում», «ձուլում» կամ թեւաւոր ըսուած` «սպիտակ ջարդ» բառերը, վստահաբար այդ օրերէն իսկ միւս նժարին դրուեցան «հայեցի դաստիարակութեան» եւ «հայապահպանում»-ի կշռաքարերը: Այս ահազանգը հնչած էր վերապրողներու յետնորդ սերունդէն, գոյատեւման բնազդային մղումէ մը` հաստատօրէն, որ քիչ-քիչ ձեւաւորուած էր իբրեւ ուղեգիծ` առանցք ունենալով հայոց լեզուն:

Այդ օրերուն, երբ տակաւին քիչ ծանօթութիւն կար անձի հոգեմտաւոր աշխարհի կազմաւորման վրայ լեզուամտածողութեան ունեցած հիմնական ազդեցութեան մասին, այս սերունդի մտաւորականութիւնը պիտի գար հիւսելու այնպիսի պատուանդան մը հայերէնի անփոխարինելիութեան համար, որ հազար ու մէկ քերթուածներու միսթիքով կ՛ամրապնդուէր: Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաձեւումը այս պարագային ո՛չ թէ փոխաբերական թռիչք էր, այլ` ապրուող կարգախօս, որուն սպառազինումով ալ` գէթ Միջին Արեւելքի հայ համայնքները իրենց գոյութենական մարտահրաւէրներուն ընդառաջ գացին: Կարելի է ըսել, որ այդ ժամանակահատուածի ընթացքին, տուն-դպրոց-ակումբ-եկեղեցի-միջավայր (հայահոծ շրջաններ/թաղամասեր, մամուլ եւ այլն) հիմերուն բարձուած երդիքին տակ` իսկապէ՛ս յաջողեցաւ այս տարազը, յատկապէս` վերը նշուած համայնքներուն մօտ: Յառաջ եկաւ հայոց լեզուի գիտակ, հայախօս ու իր ինքնութեան մասին երկբայութիւններ չունեցող սերունդ, որուն այ՛ս ատաղձով ալ, քիչ անց, կարելի պիտի դառնար սփիւռքի քաղաքականացման եւ մարտունակ դիմագիծի դարբնումի գործընթացը: Նոյն ատաղձով նաեւ կարելի պիտի ըլլար (թէկուզ եւ` չծրագրուած ու ակամայ) աւելի ուշ պատուաստել Արեւմուտքի հայ համայնքներու հաւաքական կեանքի հայեցիութիւնը, Միջին Արեւելքի քաղաքական ցնցումներուն առթած արտագաղթներուն պատճառով հոն հաստատուողներու ստուար թիւի շնորհիւ: Ինչ որ մեզ կը բերէ, հրատապութեան իմաստով, տագնապի բուն վայր(եր)ը, աւելի ճիշդ` անոնցմէ առաջինին: Երկրորդը` նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու, յատկապէս Ռուսիոյ սփիւռքն է` իր աւանդական թէ Հայաստանի անկախութենէն ետք կազմուած հատուածներով:

Վերեւ յիշուած յիսնամեակէն իսկ առաջ բոլոր նախանշանները եւ անդրադարձումները կային արեւմտեան աշխարհի համայնքներու հայեցիութեան (իմա՛ հայկականութեան) «նահանջ»-ին, որ անօրինակ թափով մը շուտով պիտի վերածուէր անհետ ինքնաջնջումի մը երեւոյթին: եթէ ոստում մը ընենք մինչեւ մեր օրերը եւ յետադարձ ակնարկով փորձենք դիտարկել կտրուած այս ճամբան, ակնբախօրէն ի յայտ պիտի գայ Միջին Արեւելքէն արտագաղթներուն պատճառով վերոնշեալ «պատուաստում»-ին դրոշմը, առանց որուն` դժուար թէ կարելի ըլլայ պատկերացնել հայախօսութիւն եւ հայեցիութիւն արեւմտեան մեր գաղութներուն մէջ: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք վերջին քսանհինգամեակին Հայաստանէն արտագաղթածներուն ազդակը, դէմ յանդիման կը գտնուինք ներկայի բազմաշերտ մեր համայնքներուն, որոնց ամբողջութեան վրայ է, որ աւելի պիտի կեդրոնանայ այս մտորումներու լուսարձակը:

Ցեղասպանութենէն ետք հինգերորդ սերունդի օրերուն ենք: Աւանդական սփիւռքի աշխարհագրական թէ դիմագծային, բնական թէ անբնական ընթացքով եղած փոփոխութիւնները բազմապիսի են: Ասոնց լոյսին տակ, հայեցի դաստիարակութեան դասական բնորոշումն ալ ենթակայ է բազմաձայն հարցադրումներու եւ շատ յաճախ` վերատեսութեան հակադիր առաջարկներու: Բազմիցս պարզաբանուած դասական բնորոշումը կարելի է ամփոփել այսպէս. «Հայոց լեզուի ուսուցում ու անոր վրայ խարսխուած` հայ մշակոյթի, պատմութեան, աւանդութեանց եւ ինքնութեան բաղադրիչներու փոխանցում, որոնցմով կը կազմաւորուի աշակերտի ազգային հոգեկերտուածքն ու դիմագիծը»: Այս ուղղութիւնը տակաւին ունի իր անշեղ հետեւորդները, որոնք կը հաւատան, թէ այս սկզբունքը չի կրնար վաղեմութեան ժամկէտ ունենալ. կը փոխուին կամ կը պատշաճեցուին միայն անոր կիրարկման եղանակները: Ասոր դիմաց, հինէն ի վեր շրջագայող, սակայն այս օրերուն ուղենշային կարգավիճակ ստացող առաջարկներէն մին կարելի է սեպել հայոց լեզուի առանցքային դերի նուազեցման մէկ տարազումը, ըստ որուն, շեշտը հարկ է դրուի հայեցի շունչի, ոգիի եւ մշակութային պատկանելիութեան ջամբելուն  վրայ` հասանելի ըլլալու համար օտարախօս (կամ այդ ճամբան բռնած) նոր սերունդին: Վերջապէս, կայ նաեւ ընդլայնուած սահմաններով մօտեցում մը, որ իրերու դրուածքին ի տես` կը փորձէ հաւասարակշռութիւն մը պահել տուեալ բնակավայրի պարտադրանքներուն եւ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականին միջեւ` փորձելով շաղախել այսօրուան սփիւռքահայն ու անոր բնակած երկրի քաղաքացին մարմնաւորող բնորդ մը, որ արտացոլումն է սփիւռքի երկակենցաղ դրութեան եւ անոր բերած զուգընթաց պահանջներուն:

Սակայն այս բոլորի տեսական ոլորտին առաւել եւս չառնչուած` արժէ պահ մը կանգ առնել աւելի քանակական բնոյթի ազդակներու վրայ: Նման հակիրճ զեկոյցի մը սահմաններուն մէջ, որ հեռու է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ըլլալէ, հարկ եղած տուեալներու պակասին պատճառով կը բաւականանք հարցադրումներ դնելով սեղանի վրայ: Աւելի վար կարգ մը օրինակներ ու թիւեր կը պարզենք (ասոնցմէ միայն Լիբանանի օրինակն է, որ արդիւնք է մեթոտիկ ուսումնասիրութեան մը. մնացեալները տարբեր աղբիւրներէ հաւաքագրուած իրողական թիւեր կամ ալ ամենամօտաւոր տուեալներ են): Նոյնինքն այս հարցադրումները իրենք կը կարօտին ապագայի անհրաժեշտ հետազօտական աշխատանքի, որպէսզի կարելի դառնայ չափորոշել ուսումնական որոշակի մեր կարելիութիւնները եւ այդ հիմամբ` մեր ընելիքը ճշդել:

Խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ հարցերուն-

1.- Սփիւռքի հայութեան թիւը կը գնահատուի 7 միլիոն: Այս թիւին ստուգուած հիմքերը քիչ են թէեւ, բայց այս պահուս ընդունինք զայն իբրեւ կարելի մեկնակէտ: Քանի՞ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ կան այս թիւին դիմաց` նոր սերունդին մօտ հայեցիութիւնն ու հայ լեզուն կենդանի պահելու եւ ամրապնդելու:Այլապէս ասած` մանկապարտէզի տարիքէն երկրորդականի բարձրագոյն դասարաններ յաճախող մեր աշակերտական զանգուածին ո՞ր տոկոսին կը հասնինք սպասարկելու:

2.- Ամէնօրեայ այդ վարժարաններէն քանի՞ն նախակրթարանի մակարդակով է, քանի՞ն միջնակարգ եւ քանի՞ն երկրորդական բարձրագոյն ուսման:

3.- Ի՞նչ է աշակերտութեան թիւը, շրջան առ շրջան առանձնաբար եւ ապա` ընդհանուր:

4.- Տուեալ շրջանի/երկրի կրթական պետական ծրագրի պահանջները եւ դրուածքը ի՞նչ են: Ի՞նչ է անոնց ազդեցութիւնը վարժարաններու հայկական ծրագրին վրայ:

5.- Վարժարաններու շաբաթական ընդհանուր դասաժամերու գումարին բաղդատած` քանի՞ ժամը յատկացուած է հայկական նիւթերուն (եթէ կարգէ կարգ տարբերութիւններ կան, միջինը ի՞նչ է): Իսկ այդ ժամերէն քանի՞ն ի մասնաւորի` հայոց լեզուի նիւթի դասաւանդման կ՛երթան:

6.- Քանի՞ միօրեայ վարժարաններ ունի սփիւռքը: Աշակերտութեան ու դասաժամերու թիւերը ի՞նչ են` առանձնաբար թէ ընդհանուր:

7.- Որո՞նք են միօրեայ վարժարաններու ծրագրիրներու բաղադրիչ նիւթերն ու առաջնահերթութիւնները:

(Շար. 1)

Նախորդը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի Երեկոն

Յաջորդը

Հայկազուն Ալվրցեանի «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները» Գրքի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?