Անդրադարձ

Իրանին Ու Ռուսաստանին Հաւաստիանալու Պաքուի Հարկադրանքը…

Իրանին Ու Ռուսաստանին Հաւաստիանալու Պաքուի Հարկադրանքը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Օրերս Ազրպէյճանում գործարկուեց Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգիծը, որը Պաքուի իշխանաւորների կողմից բնութագրւում է որպէս այլընտրանք` դէպի Եւրոպա տանող ռուսական տարանցիկ նախագծերի: Այսօր, սակայն, Թեհրանում երեւի այդ եւ նմանօրինակ տարանցիկ նախագծերի շուրջ Պաքուի իշխանաւորը յատկապէս Ռուսաստանի նախագահի հետ սակարկումների ընթացքում ինքնարդարացման հիմնաւոր պատճառների փնտռտուքներով է տառապելու: Պաքուի միապետը յատկապէս թեհրանեան նիստի  հիւրընկալ կողմին` Իրանին վստահութիւն ներշնչելու պարտաւորութիւն...

Նամականի

Յ. ԱՍՊԵՏ Յարգելի՛ տեարք, Յարգելի պատճառներու բերումով ուշացումով կը գրեմ այս նամակը, որուն համար կը խնդրեմ ձեր ներողամտութիւնը: Շուրջ ամիս մը առաջ ուրախութեամբ ունկնդրեցի «Վանայ ձայն»-ի նոր յայտագիրներու ներկայացման մասին: Սակայն յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ, երբ պատահաբար ունկնդրեցի «Տարիներ առաջ» յայտագիրի շարքին առաջինը` նուիրուած երբեմնի հայաշատ Էշրեֆիէ թաղամասի ստեղծման ու անոր անցեալի ազգային կազմակերպական կեանքին: Յայտնապէս յայտագիրը պատրաստողներն ու ներկայացողները հարկ...

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Դէպի Երկիր Համալսարանական աշխարհին մէջ զրոյցը կը սկսի բանասէր, ՀՅԴ-ի անդամ Հրաչեայի խօսքով: Ան լիովին հետաքրքրուած է «Դէպի Երկիր»` լայնօրէն քննարկուած խորհրդանշական պատկերացումներ ամփոփող, համեմատաբար իրապաշտ տուեալ կարգախօսով: Այս բառերով ատոր խորունկ իմաստը բնութագրուած է արդէն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ զուգահեռաբար ընդգրկուած` կուսակցութեան ծրագրին մէջ, որպէս Հայ դատի լուծման հեռանկարային հիմնական բաղձանքներէն մէկը, որ կը միտի ամբողջական...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Հոկտեմբեր Գ. – Գրողի՞ Տագնապ, Թէ՞ Ընթերցողի

Հայաստանի մէջ 16 հոկտեմբերը Հայ մամուլի օրն Է: Օրը կը համընկնի Մատրասի մէջ 16 հոկտեմբեր 1794-ին հիմնուած հայկական առաջին տպագիր պարբերականին` «Ազդարար»-ի հրատարակութեան: Մամուլը կոչուած է  հասարակական, քաղաքական ու մշակութային մեր առօրեայ կեանքին արձագանգը ըլլալու, միաժամանակ, սակայն, առաջնորդողի դեր կատարելու հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ` հրապարակագրական, մշակութային, գեղարուեստական ու գրական ընդունելի ճաշակ ներկայացնելու, գոհացնելու թէ՛ մտաւորական եւ թէ՛ սովորական ընթերցողին հետաքրքրութիւնները:...

Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Գրախանութները Բացած Են Հայերը

Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Գրախանութները Բացած Են Հայերը

«Էրմէնիհապեր»-ը կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքի սիւնակագիր Ռեֆիք Տուրպաշը «Պապը Ալիի առաջին գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, կը յատնէ, թէ Պոլսոյ Պապը Ալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է Առաքել Թոզլուեանը: Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապը Ալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի ընթացքին սկսած է զբաղելու նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Սրբավայրերու Պահպանման Դասատու… Էրտողանը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Անգարայի մէջ կատարուեցաւ «Մելիքէ Խաթուն» մզկիթին բացումը, զոր կատարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը. այս առիթով ան մզկիթին առնչուած համապարփակ ելոյթ ունեցաւ, զանազան ակնարկութիւններ ընելով հոն` բնականաբար կրօնական եւ քաղաքական դասեր տալու սլաքներ ալ արձակեց, ինչպէս միշտ: Էրտողանի արձակած սլաքներէն ամէնէն հետաքրքրականը, զոր այստեղ կ’ուզենք լուսարձակի տակ առնել, հետեւեալ տողերն են. «Միակուսակցական իշխանութեան ժամանակաշրջանին...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Կայսերապաշտութիւնը Եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ապագան

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Հոկտեմբեր 25-ին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս կատարեց յայտարարութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ հետապնդեն անոնց արդար հարցերը: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն» խորհրդաժողովին ընթացքին: Փոխնախագահը իր խօսքին մէջ ժողովականներուն ներկայացուց քրիստոնեաներուն իրավիճակը եւ անոնց տանջանքը Քրիստոսի նման` մէջբերելով Ս. Գիրքէն որոշ համարներ, ապա խօսեցաւ քրիստոնեաներուն աշխարհագրական տարածուածութեան...

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Ամէն անգամ Հայաստան երթալը նորութիւն չէ, շարունակութիւն է: Հայաստան երթալը ամէն բանէ առաջ հայու հարց է: Հայու ժառանգականութեան շարունակականութիւն է: Այդ շարունականութեան վերջին զոհերը անոնք են, որոնք հապճեպ փութկոտութեամբ, անբարենպաստ պայմաններու տակ հեռացան երկրէն` առանց խաբուսիկ «մնաս բարով» մը իսկ ըսելու, պահու մը, երբ հայրենիքին մէջ ամէն բան շատ յստակ չէր, եւ գորշ պղտորը կը տիրապետէր իր սուր...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Անակնկալներու եւ անսպասելի դէպքերու ու անցուդարձերու երկիր Թուրքիոյ մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան այնպիսի հետաքրքրաշարժ, արմանք ու զարմանք եւ նմանը չունեցող երեւոյթներ, որոնց դիմաց մարդ արարածը երբեմն ապշած ու շուարած` կատարուած այլանդակութիւններէն, չի գիտեր պահ մը` ի՞նչ ընէ, լա՞յ, թէ՞ խնդայ... Արդարեւ, այդօրինակ ծիծաղաշարժ դէպք մըն էր, որ պատահեցաւ, երբ վերջերս,  հոկտեմբերի 15-ին, թրքական Սեւ ծովի ափին գտնուող...

Նամականի

Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հոլանտայի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութեան ապագան կը կազմաւորուի ոչ թէ մեծ ընկերութիւններու ժողովասրահներուն մէջ, այլ` հազարաւոր համեստ ընտանեկան տնտեսութիւններուն մէջ: Ասոր փաստը յստակօրէն կը տեսնենք, Թետ Տուիժվեսթին եւ անոր եղբայրներուն` Փիթըրի, Ռոնալտի եւ Ռեմքոյի երկրային դրախտին մէջ: Պալիցիներուն նման` Տուիժվեսթիները կառուցած են ինքնուրոյն սննդամթերքի համակարգ, ուր հաւասարակշռուած են մարդու հանճարեղութեան եւ բնութեան կարողականութիւնները: Տուիժվեսթիներուն լոլիկի ջերմոցը,...

Ակնարկ.  Կողմնակալ Փորձառութիւններ

Ակնարկ. Կողմնակալ Փորձառութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային Կովկասի հարցերով նախկին օգնական, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ, Թալինի մէջ Պաշտպանական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի տնօրէն Մեթիու Պրայզան «168 ժամ»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիմնուելով իմ փորձառութեան վրայ` կարող եմ ասել, որ սովորաբար ծայրաստիճան բարդ է որոշել, թէ ո՛ր կողմն է սկսել հրաձգութիւնն...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն

Բ. Նորվեկիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավար Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Աշխատաւորական շարժման ակունքները Նորվեկիան ի սկզբանէ երկրագործական երկիր էր: Անիկա ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն առաջ նշանաւոր էր գիւղատնտեսութեամբ, որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ: 1840-ական թուականներուն Նորվեկիա մուտք գործեց հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը, որուն շնորհիւ բանուոր դասակարգը ձեւաւորուեցաւ: 27 հոկտեմբեր 1848-ին, ազդուելով Եւրոպայի մէջ ծաւալած յեղափոխական ալիքէն, լրագրող եւ խմբագիր Մարքուս Թրանըն կը հիմնէ «Տրամընի (նաւահանգստային եւ ծովային քաղաք...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Տոքթ. Զաքար Մկրեան Եւ Իր «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» Հատորը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ճանչցած եմ գործընկեր բժիշկ Զաքար Մկրեանը` բժշկութեան ուսանողութեանս շրջանին եւ մասնագիտութեանս տարիներուն` 1960-1969, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր բժշկական-առողջապահական յօդուածներուն ընդմէջէն: Այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները եւ շատ բան կը սորվէի անոնցմէ: Բժշկական ուսանողական գիրքերուս կողքին, իր գրութիւնները կը նկատէի օժանդակ յաւելուածներ: Հայերէնով գրուած այդ բժշկական-առողջապահական գրութիւնները առաւել օգտակար կը դառնային, որովհետեւ անոնք...

Գրքասէր – Առցանց Գրադարան

Գրքասէր – Առցանց Գրադարան

www.grqaser.org կայքին խմբագրութեան կողմէ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած է www.grqaser.org հայերէնով անվճար օտիօգիրքերու կայքի շնորհահանդէսը, որ բաւական լաւ ընդունելութեան արժանացած է: Կայքին ստեղծման նպատակն է օգնել մարդոց` ունկնդրելու համաշխարհային գրականութեան ֆոնտի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, եթէ անոնք ժամանակ չունին կամ ընթերցանութեան կապուած խնդիրներ ունին: Ըստ հաղորդագրութեան, կայքը ներկայիս կը պարունակէ հայալեզու գեղարուեստական...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ «Հայորդիները» Սիամանթոյի կրակէ խօսքը պարունակող այն հատորն է, ուր կեանքի կը կոչուին հայոց ազատամարտի մեծ առաջամարտիկները իրենց պայծառափայլ դէմքերով։ Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան, Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Խրիմեան Հայրիկ և բազմաթիւ յայտնի և անյայտ նուիրեալնե՛րը մեր ազգային ուխտին՝ որոնք կը տողանցեն այս գրքին էջերուն մէջէն իրենց ետին թողնելով լուսաշաւիղը մեր հաւաքական իմաստութեան և զօրութեան և հաւատքին։ Կարելի չէր չյիշել...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

30 Հոկտեմբեր 1920. Դասալքութեան չարիքը եւ Կարսի անկումին ազգային ողբերգութիւնը

Ն. Պ. Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ կան ոչ միայն ինք­նա­ճա­նաչ­ման եւ հպար­տու­թեան, եր­կուն­քի եւ խո­յան­քի ո­գեշն­չող պա­հեր, այլ կան նաեւ փոր­ձու­թեան ու յու­սա­բե­կու­մի, մեղ­կու­թեան եւ ան­կու­մի ող­բեր­գա­կան վայր­կեան­ներ, ո­րոնք կեան­քի եւ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը շեշ­տեն ի­րենց բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ այ­դօ­րի­նակ դառ­նու­թեան էջ մը կը բա­ցո­ւի Հոկ­տեմ­բեր 30ին… 97 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բե­րի նա­խա­վեր­ջին...

Անդրադարձ.  15-ամեայ Աշխատանքի Արգասիքը

Անդրադարձ. 15-ամեայ Աշխատանքի Արգասիքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Քաթալոնիոյ անկախութեան ձգտումին ու այդ ուղղութեամբ կատարած քայլերուն հետեւանքով, Եւրոպայի մէջ ամրապնդուած են տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութիւնն ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ վերապահութիւնը: Ահա այսպիսի անբարենպաստ պայմաններու մէջ էր, որ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին Պելճիքայի Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ արցախցի խորհրդարանականներու ներկայութեամբ կազմուեցաւ 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքական...

Ազգը Միացնող Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած Խօսք`  Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

Ազգը Միացնող Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած Խօսք` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Բնականաբար գիտէի, որ համաժողովին խօսք առնողներուն տրուած ժամանակը քանի մը վայրկեան պիտի ըլլար, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ խօսքս կրճատէի` «մատը վէրքին վրայ դնել»-ով , ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը: Հետեւաբար խօսքս սահմանափակեցի` ինծի համար  ամէնէն հրատապ թուացող հինգ  հարցերու անդրադառնալով, կարելի եղածին չափ սեղմ եւ յստակ կերպով: Ա.- Մեծագոյն ներդրումը մարդու վրայ կատարուած ներդրումն է. հետեւաբար հայութեան ամբողջ ներուժը...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ազատ Խոհեր` «Համահայկական» Ժողովներէ Ետք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Սեպտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ գումարուեցան «համահայկական» բնոյթով խորհրդաժողովներ, համագումար` Հայաստանի եւ սփիւռքեան հարցերով, գրական, բժշկական: Այդ ժողովներուն մասին դրական եւ քննադատական խօսքեր կրնանք ունենալ` ըստ հայեցակէտի, եւ այդ բնական է, օգտակար: Օգտակար չէին զբօսաշրջիկ անխօս եւ անկարծիք ներկաները: Անուրանալի կերպով ճիշդ է մէկ բան. հայ մարդիկ, ո՛ր երկինքին տակ ալ ծնած ըլլան, կը խմբուին միասին ըլլալու, միասին մտածելու...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Աւգեան Ախոռների Մաքրման Հերթական Մեկնարկ Եւրոպայում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Ո՞ւմ չէ յայտնի, որ աղբազերծման այդ գործընթացն առաջին անգամ մեկնարկել է  հինաւուրց Հելլադայում` Աւգիաս արքայի բարձիթողի մատնուած աղբակուտակ ախոռներում: Խնդիրը, ինչպէս գիտէք, այն ժամանակ լուծուել է յունական դիցարանի հերոս Հերակլէսի ջանքերով, ով մէկ օրում մաքրել է դրանք` այնտեղ ուղղելով Ալփէոս եւ Պինոս գետերի ջրերը: Եւ ահա մաքրազտման այդ գործողութիւնը, նախադէպից հազարամեակներ անց, հերթական անգամ իրականացուեց բառացիօրէն...

Page 583 of 806 1 … 582 583 584 … 806

Արխիւներ