Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Իրազեկել Ազգային Արժէքներուն Մասին

Մարտ 4, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» վաղը կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 90-րդ տարին: Յոբելեանը ամէնէն առաջ կը խօսի հսկայական ժառանգութեան մը մասին, որ պատմութիւն է, բայց նաեւ ապրուած օրեր, իրադարձութիւններու անհատնում շտեմարան, առանց չափազանցութիւններու երթալու` ազգային արժէք:

Իսկ այդ ազգային արժէքի տէր կանգնողներու իրերայաջորդ սերունդներու աշխատանքային հանրագումարն է, լրատուութենէն թղթակցութիւն, խմբագրականէն ակնարկ ու առաջնորդող յօդուած, ինքնագիր յօդուածներէ վերլուծումներ եւ մեկնաբանական հրապարակագրութիւն` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կնոջական, մարզական, երիտասարդական, ուսանողական, ազատ բեմերէ մինչեւ գաղափարական ու քաղաքական ուղեգիծերու ներկայացում, նամականիներ ու համայնքային կեանք. տակաւի՛ն, հայրենական լուրերէն գաղութներու մասին տեղեկութիւններ, ձեռնարկներու յայտարարութիւններ, ծանուցումներ, կենցաղային լրատուութիւններ, յայտարարութիւններ, խաչբառեր, 50-ամեակ մը առաջ կատարուած հիմնական իրադարձութիւններու վերահրատարակութիւններ: Շարունակելու համար` յաւելուածներ, բացառիկներ, քննարկումներ, կայքի ձեւաւորումներ, արաբերէն կայքի հրապարակումներ, ձեռնարկներ, խմբագրատուներու տեղափոխութիւններ, տպարանի կազմածներու ապահովումներ, անվերջ վերանորոգումներ, ելեկտրոնային դաշտի կազմակերպում, լրագրական վարժողական ծրագիրներ, մինչեւ թուայնացում: Այս բոլորը իրերայաջորդ տնօրէններով, խմբագիրներով, վարչական պատասխանատուներով, նուիրատուներով, ծանուցումներով, քարտուղարական աշխատանքներով, էջադրական, գրաշարական, լեզուական հարցերու եւ վերստուգման անձնակազմեր, տպագրողներ, ցրուիչներ, հաշուապահներ:

Ժառանգութիւնը պահպանելը նուիրական գործ է անպայման: Ժառանգութիւնը նոր հարստութեամբ օժտելը արդէն այդ ժառանգութեան խորհուրդին հաւատարմութիւնն է, որ կատարած են անձնակազմերը 90 տարուան ընթացքին: Եւ ժառանգութիւնը հարստացած է:

Թերթին 90-ամեակի նշումը հիմնականին մէջ այդ հարստացած ժառանգութեան ներկայացման առիթ է. նաեւ առիթ` վերլուծելու թերթին անփոխարինելի դերը, 90 տարուան կատարած աշխատանքին անգնահատելի արգասիքը:

Յայտարարած էինք, որ 90-րդ տարեդարձին «Ազդակ»-ը հանրութեան պէտք է ներկայանայ երկու կարեւոր իրագործումով: «Ազդակ»-ի պատմութեան գրառման համար յուշագրութիւններով, գրութիւններով եւ վերլուծութիւններով տուեալներ հաւաքած բացառիկ հատորի հրատարակութեամբ եւ ամբողջ հաւաքածոյ արխիւի թուայնացումով: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»-ի բացառիկը, ուղերձներով, վկայութիւններով, յուշագրութիւններով, վերլուծութիւններով: Զուգահեռ կը յայտարարուի «Ազդակ»-ի արխիւի թուայնացման աշխատանքներու աւարտը եւ կարեւորագոյն հայագիտական կեդրոններու յանձնման մասին մեր պատկերացումները:

Տարուան ընթացքին կը հետեւին այլ ծրագիրներ` գիտաժողով, ցուցահանդէս, տեղեկատուական ոլորտի պատասխանատուներու հաւաք-խորհրդակցութիւն, քարոզչական այլ բնոյթի ձեռնարկներ եւ յոբելենական հանդիսութիւններ:

Մամուլը ընդհանրապէս եւ այս պարագային «Ազդակ»-ը ազգային արժէք են: Մամուլի գործիչներուն պարտականութիւնը այդ արժէքներուն մասին առաւելագոյնս իրազեկման միջոցներու կազմակերպումն է: Իսկ յոբելեանները այդ առիթներու ստեղծման ամէնէն պատեհ առիթներն են:

Պարտաւոր ենք արժանավայել նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեայ յոբելեանը:

 

Նախորդը

Խօսելով Հայ Ազգային Քոնկրեսի Մօտեցումին Մասին «Խաղաղութիւնը Միակողմանի Փափաքով Չի Հաստատուիր» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Դաւիթ Մանոյեան Բացակայ` Ղազախստանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?