Անդրադարձ

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Սեպտեմբեր Բ./2015. Արցախը` Մեր Անառիկ Ամրոցը

  Արցախի անկախ հանրապետութիւնը 24 տարեկան է: Երիտասարդ մեր հայրենիքը տարուէ տարի կը նուաճէ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային ձեռքբերումներ: Արցախի սահմանը ազերիական յաճախակի ոտնձգութիւններուն դիմաց ամրակուռ վահանի վերածած արցախեան բանակի հերոսներուն մարտունակութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի կարգ մը համանախագահներուն մերթ ընդ մերթ Արցախին ի նպաստ յայտարարութիւնները, միջազգային գետնի վրայ Արցախի պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական հանդիպումները, երկրին դէպի ժողովրդավարական կայուն համակարգ սրընթաց յառաջացումն ու Արցախի...

Անդրադարձ.  Սխալ Հարցադրումէ Մը Աւելին

Անդրադարձ. Սխալ Հարցադրումէ Մը Աւելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ապրահամ Լինքըն մեզ պատերազմէն հաշտութեան բերաւ` վեր բարձրանալով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Ապրահամ Լինքըն մը, որ պատրաստ է խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերելու»: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահի օրինակին օգտագործումը սխալ է, որովհետեւ Լինքընի...

Սլաք.  Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

Սլաք. Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

Ս. Մ. Պատկերասփիւռէն երեկոյեան լուրերը կը սփռէին. բարեկամի մը հետ «աչքի պոչով» կը հետեւէինք լուրերուն, առանց ընդհատելու մեր հաճելի զրոյցը:        Պաստառին վրայ երեւցաւ նախագահ Օպաման, լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն: - Տե՛ս, մազերը որքա՜ն սպիտակեր են,- նշմարեց բարեկամս: - Նախագահութեան ծանր բեռն ու աշխարհի մտահոգութիւնները ասա՛նկ կ՛ընեն,- փիլիսոփայեցի ժպտելով: - Չէ՛, ասոր պարագային ուրիշ պատճառ կայ, - բացատրեց խորհրդաւոր ժպիտով...

Ահազանգ (Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով)

Ահազանգ (Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Հայ դպրոցի տագնապին մասին շատ խօսուած է: Տագնապը մեղմացնելու քայլեր եւս առնուած են: Տագնապը սակայն չէ դադրած տագնապ ըլլալէ եւ այսօր վերածուած է տագնապէ մը աւելի` ահազանգային կացութեան, բոլորս հրաւիրելով զգաստութեան եւ պատասխանատուութեան: Ինչո՞ւ հոս հասանք: Կրնայի՞նք չհասնիլ: Սփիւռքեան մեր պայմաննե՞րը ծնունդ տուին այս տագնապին, թէ՞ դպրոցավարական մեր աւանդական մօտեցումները: Հարցումներ են, որոնց պատասխանները փնտռելու ժամանակը չէ այժմ,...

Լրագրող Ըլլալու Պատիւին…

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Պայուսակս թեւիս սեղմած` հապճեպով ինքնաշարժէն իջայ... Այս խճողում ըսուածն ալ անտանելի բան է, եղբա՛յր. ժամանակիդ կէսը ինքնաշարժին մէջ պիտի անցընես եղեր, քառորդը` հեռաձայնին պիտի պատասխանես, միւս քառորդը...  ինչ որ է... հիմա կարեւորը ճիշդ ժամուն  հասայ սահմանուած վայրը: Պտտցուցի աչքերս, զարմանալի՜, մարդ մարդասանք չտեսայ: Պահ մը ետք եկեղեցւոյ զանգերը հրաւիրեցին պատարագի: Իսկոյն հասկցայ, որ մէկ ժամ կանուխ եկեր եմ......

Մուսա  Լեռ.  Լորտ Ճէյմս Պրայս  «Կապոյտ Գիրք»  (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին)  (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

Մուսա Լեռ. Լորտ Ճէյմս Պրայս «Կապոյտ Գիրք» (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին) (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

ՊՕՂՈՍ ԱՐՄԵՆԱԿ ԼԱԳԻՍԵԱՆ Քալիֆորնիա, Հայ գրողների միութեան անդամ - Յաջորդ մի քանի օրերի ընթացքում թշնամին ոտքի հանեց բազմաթիւ մղոնների շառաւիղի ամբողջ մահմետական բնակչութեանը` թերեւս տասնհինգ հազարանոց հրոսակախումբ: Այդ խոշոր թուաքանակով նրանք ի վիճակի էին շրջապատել  լեռը`  ցամաքի կողմից պաշարելով Մուսա Տաղը: Նրանց ծրագիրը սովամահ կ՛անէր մեզ: Ծովի կողմից նաւահանգիստ չկար եւ ոչ էլ հաղորդակցութեան ուղիներ` որեւէ ծովային նաւահանգիստի հետ: Լերան...

Լիլիթ Գալստեան. «Ամբողջ Երեւանին Ու Երկրին Որպէս Պիզնես Տարածքի Են Վերաբերւում»

Լիլիթ Գալստեան. «Ամբողջ Երեւանին Ու Երկրին Որպէս Պիզնես Տարածքի Են Վերաբերւում»

Նա Ափսոսում Է, Որ Արամ Մանուկեանը Մեր Ժամանակի Հերոսը Չէ ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ «Առաւօտ»-ը Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանից մեկնաբանութիւն խնդրեց Արամ Մանուկեանի` Արամի փողոցում գտնուող տան ոդիսականի վերաբերեալ: Լ. Գալստեանը նշեց, որ այդ տունը մշակութային ժառանգութիւնից անդին է, քանի որ հոգեւոր ու պատմական արժէք է, յիշատակ, մինչդեռ այսօր այն մարդիկ, որոնք իշխանութիւն են իրականացնում, չունեն այդ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

«Իսլամական Պետութենէն» Ձերբազատելու Համար Թուրքերը Նախ Պէտք Է Էրտողանէն Ազատին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրքիան ոչ միայն հրաժարած է միանալէ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցներուն «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, այլ վերապատրաստած, զինած եւ աջակցած է հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցման Սուրիա եւ Իրաք: Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը յայտնեց, որ մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ուժերը արեւելեան Սուրիոյ մէջ շրջապատեցին եւ սպաննեցին «Իսլամական պետութեան» ղեկավար Ապու Սայեաֆը, յարձակման ժամանակ գրաւուած փաստաթուղթերը բացայայտեցին...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Սանձարձակ Եւ Ինչպէ՞ս Զսպել Նրան Իր Սահմաններում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 1994-ի մայիսին հաստատուած զինադադարից ի վեր Հայաստանը, Արցախը եւ Ազրպէյճանը տարբեր հանգամանքներում կորցրել են աւելի քան երեք հազար քաղաքացիական անձանց եւ զինուորականների, հիմնականում` 18-20 տարեկան ժամկէտային զինծառայողների: Աւելի քան 20 տարի շարունակուող «Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» վիճակը, յատկապէս վերջին տարիներին, մի քանի էական փոփոխութիւններ է կրել: Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի եւ Արցախ-Ազրպէյճան սահմանի կամ ինչպէս ընդունուած է ասել` շփման գծի...

Մուսա  Լեռ.  Լորտ Ճէյմս Պրայս  «Կապոյտ Գիրք» (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին) (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

Մուսա Լեռ. Լորտ Ճէյմս Պրայս «Կապոյտ Գիրք» (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին) (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

ՊՕՂՈՍ ԱՐՄԵՆԱԿ ԼԱԳԻՍԵԱՆ Քալիֆորնիա, Հայ գրողների միութեան անդամ 1915 թուականը հարիւրամեակն է նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի: Այն արդէն սկսուել է տօնախմբուել Այնճար բնակավայրի համախումբ մուսալեռցիների կողից: Ամէն մուսալեռցի ուրախ ու երախտապարտ պիտի լինէր իրենց քաջ նախնիների պայքարի վաւերագրական պատմութեան հրապարակումը տեսնելով: Արմին-հայերի «1915 թուականի ազգային ողբերգութեան միակ ուրախալի պատահարն է» այն: Պատիւ ունեմ աշխարհ եկած լինելու Մուսա Լերան կեդրոնական Եօղունօլուգ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Մըսթըր Ուորլիքի Հռետորական (Եւ Սխալ) Հարցադրումները

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ «Աբրահամ Լինքըն մեզ պատերազմէն հաշտութեան տարաւ` վեր կանգնելով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Աբրահամ Լինքըն մը, որ կրնայ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերել: Տարածաշրջանի ժողովուրդները պատրա՞ստ են խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ ապրելու»: Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք այս յայտարարութիւնը տարածած է Instagram-ի միջոցով, ինչպէս կը հաղորդէր «Երկիր» կայքը,...

Ղարաբաղը Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Ջուր Տրամադրելու

Ղարաբաղը Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Ջուր Տրամադրելու

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստ են համագործակցելու Ազրպէյճանի հետ եւ անոր ջուր տրամադրելու, յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` արձագանգելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին: Ուորլիք Ինսթակրամի վրայ տեղադրած էր Սարսանգի ջրամբարին լուսանկարը եւ կատարած` հետեւեալ գրառումը. «Գիտէ՞ք, թէ ո՛ւր եմ: Ես այս լուսանկարը նկարուած եմ նախորդ տարի համանախագահներուն հետ: Մենք պէտք է երաշխաւորենք, որ ջրամբարը շարունակէ...

Ս. Օհանեան. «Զօրավարժութիւնները Իրենց Նպատակին Հասած Են»

Ս. Օհանեան. «Զօրավարժութիւնները Իրենց Նպատակին Հասած Են»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած «Շանթ- 2015» հրամանատարական-ղեկավարման մարմիններու զօրավարժութիւնները իրենց նպատակին հասած են: Սեպտեմբեր 11-ին «Մարշալ Բաղրամեան» հրաձգարանին մէջ կայացած հրաձգութեան աւարտին նախարարը շնորհաւորած է հրամանատարութիւնն ու անձնակազմը` հրաձգութեան յաջող աւարտին առթիւ եւ նշած է, որ կը հպարտանայ հայկական բանակին նուաճումներով: «Սա ղեկավարների եւ շարքայինների խմբային աշխատանքի արդիւնք է», յայտարարած...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Մեր «Շանթն» Ալ Պիտի Հարուածէ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին բանակի եւ պետական բոլոր կառոյցներուն մասնակցութեամբ իրականացաւ աննախընթաց տարողութեամբ զօրավարժութիւն մը` «Շանթ» պայմանական անունով, որ զուգադիպեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ սահմանին վրայ լարուածութեան սաստկացման: Զօրավարժութեան մանրամասնութեանց վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն գնահատել ամբողջական պատերազմի մը պարագային պետութեան հնարաւորութիւնները` բնակչութիւնը նուազագոյն վնասի ենթարկելու միջոցներու արդիւնաւէտութիւնը: Սահմանի լարուածութիւնը վստահաբար աւելի լրջութիւն...

«Այն, Ինչ Կատարւում Է Այսօր Մերձաւոր Արեւելքում, Յիշեցնում Է Հայոց Ցեղասպանութեան Սարսափը». Նախարար Նալբանդեան

«Այն, Ինչ Կատարւում Է Այսօր Մերձաւոր Արեւելքում, Յիշեցնում Է Հայոց Ցեղասպանութեան Սարսափը». Նախարար Նալբանդեան

Պաշտօնական այցելութեամբ Մեծն Բրիտանիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լոնտոնի Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկին մէջ (Chatham House) խօսած է ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ անոնք կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութեան սարսափը: Ան անդրադարձած է նաեւ այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայերուն` շնորհակալութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճողոպրածներուն ապաստան տուող երկիրներուն: «Այն, ինչ կատարւում է այսօր...

Պատկերներ` Ահաւոր Ողբերգութենէ Մը

Պատկերներ` Ահաւոր Ողբերգութենէ Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այս տողերուն ընկերացող քանի մը լուսանկարները բնականաբար անկարող են ցոյց տալու օր ըստ օրէ ահագնացող այն ողբերգութիւնը, որ աշխարհս կ’ապրի վերջին աւելի քան տասը տարիներուն, չըսելու համար` վերջին աւելի քան քառորդ դարուն, սկսեալ այն օրէն, երբ տագնապներու ցուցակին վրայ, Վիեթնամի, Քորէայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի այլ երկիրներու իբրեւ յաջորդներ, արագօրէն աւելցան Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, ափրիկեան երկվեցեակ մը երկիրներու...

Ակնարկ.  Մետալին Երեք Երեսները

Արար Թիւ…

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Սուրիացի գաղթականներու Եւրոպայի դռները ծեծելը արդեօք «Արաբական գարուն» կոչուած խայտառակ ներկայացման քանի՞երորդ արարն է: Սուրիական պատերազմի հինգերորդ տարուան մէջ ենք, արարները զիրար կը յաջորդեն անակնկալներով յագեցած, եւ տակաւին յայտնի չէ, թէ ներկայացումը քանի՛ արար է եւ վերջին արարը ե՞րբ է: Ու ակամայ հարցեր կը ծագին. այս մարդիկը, որոնք տարիներէ ի վեր թուրքին «հիւրասիրութիւնը» կը վայելէին, ինչո՞ւ յանկարծ անբաղձալի...

Տխուր Պատկեր

Տխուր Պատկեր

ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ          Վերջերս լրատուական հաղորդումները, ընկերային ցանցի տեղեկատու բաժինները իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած են գաղթականները, մասնաւորաբար` սուրիացի ապաստան որոնողները ու անոնց կրած անասելի դժուարութիւնները: Ուշագրաւ է յատկապէս տասնեակ լրատուամիջոցներու, հեռատեսիլի կայաններու կողմէ ցուցադրուած Արաբ Բունարի ծնունդ, պատերազմի զոհ, փոքրիկ Էյլան Քուրտիի լուսանկարը, որ ծովու ալիքներու քմայքին տրուած, աշխարհի նեխած մթնոլորտին անտարբեր, փոքրիկ տոտիկները կծկած` կը ննջէ հրեշտակային, յաւիտենական քունով... Սուրիական տագնապի...

Խմբագրական.  Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման  Նոր Ուղղութիւններ

Խմբագրական. Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման Նոր Ուղղութիւններ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ  իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա Լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ: Մուսա Լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 13. Յարգա՛նք Քեզ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Յարգելի մուսալեռցի, Շնորհաւո՛ր յաղթանակի տօնդ: Անցնող հարիւր տարիները քեզի համար դարձան մնայուն մաքառումի տարիներ: Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակն է այսօր, բայց այդ հերոսական խոյանքը դուն պատմութեան չյանձնեցիր երբե՛ք, այլ զայն ապրեցուցիր պայքարիդ շարունակականութեամբ, անկոտրում վճռակամութեամբ եւ լեռնցիի վայել քաջութեամբ: Դուն մնացիր լերան քաջ զաւակ, արհամարհեցիր ամէն վտանգ եւ սպառնալիք, յանձն առիր ամէն զրկանք...

Page 752 of 806 1 … 751 752 753 … 806

Արխիւներ