Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեցի Դաստիարակութիւնը` 21-րդ Դարու Սկիզբին-Յամեցող Ու Նոր Մարտահրաւէրներ

Մարտ 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Ստորեւ` այս հարցադրումներուն առնչուող թիւեր, օրինակներ եւ պատկերներ: Տեղեկատուական այս (յաճախ` չոր ու կրկնութեան նմանող) մանրամասնութեանց թուարկումը, հատուածի աւարտին, կը դառնայ ինքնաբացատրական:

1.- Միջինարեւելեան գաղութներ – Ասոնց կարեւորագոյնները տարբեր տարողութիւններով վճարած են ու կը շարունակեն վճարել տարածաշրջանի վերիվայրումներու գինը (յատկապէս` Եգիպտոս, Լիբանան, Իրան, Իրաք եւ Սուրիա): Բոլորին մօտ հասարակ յայտարարը անդամներու թիւի սուր կրճատումն է եւ ընկերային յօրինուածքի որոշակի նօսրացումը: Ուսումնական կառոյցները անխուսափելիօրէն ազդուած են այս ցնցումներէն, սակայն գէթ Լիբանան, Սուրիա եւ Իրան կը պահեն հայեցի դաստիարակութեան մը անհրաժեշտ աւանդը, հիմունքներն ու ուղեգիծը: Վիճակագրական ստոյգ տուեալներու բացակայութեան, տարբեր աղբիւրներէ քաղուած վարկածային համրանքներով, ամբողջ շրջանի հայութեան թիւի գումարը կը տարուբերի 300 հազարէն 350 հազարի միջեւ: Թէ այս թիւերուն համեմատ` քանի՞ հայկական վարժարան կը գործէ ամբողջ շրջանին մէջ, դժբախտաբար թիւերը կը պակսին մեզի առայժմ: Սակայն հարցականը, քանակական թէ հեռանկարային առումով, կը մնայ հաշուարկելի պատասխանի կարօտ: Ճշգրիտ համեմատութեան օրինակ կարելի է բերել միայն Լիբանանի պարագան, որուն վարժարաններու պատկերին շուրջ` 2013-ի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ հետեւեալ թիւերը.

25 հայկական վարժարաններ ունին (ոչ բոլորը` երկրորդական կարգերով) 6951 աշակերտներ (սուրիահայ աշակերտները ներառեալ): Հայերէն նիւթերու դասապահերու միջինը շաբաթական 40-ի վրայ` 9,5 է նախակրթարանի Ա. կարգերուն մօտ, 8,3` Ե. կարգեր, 4,8` ԺԱ. կարգեր եւ 1,6` ԺԲ. կարգեր:

Գաղութի համրանքը կը գնահատուի` 80-100 հազար:

2.- Արեւմուտք – Եւրոպայի (արեւմտեան թէ արեւելեան) գաղութները, Ամերիկաներն ու Աւստրալիան,  հակառակ ցամաքամասային հեռաւորութիւններուն, մեր գաղութներուն միջեւ կարելի է շատ մը հանգիտութիւններ եւ զուգահեռներ գտնել` ուսումնական ենթակառոյցի, իրադրութեանց, օտար(աց)ման վտանգին եւ հայեցի դաստիարակութեան մարտահրաւէրներուն իմաստով: Մերկ հայեացքով կարելի է վկայել որ տիրապետող մշակոյթներու եւ տարածաշրջաններու երկիրներու միջավայրային ազդեցութեան տակ, մեր վարժարաններէն ներս թէ դուրս,հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելը ոչ թէ հոսանքն ի վեր թիավարում մըն է այլեւս, այլ բազմապիսի կլանող ազդակներու ոլորապտոյտին մէջ` ծփում եւ շնչառութիւն պահելու սիզիփոսեան ճիգ մը:

Գաղութէ գաղութ փաստի կարօտող համրանքները հայութեան ընդհանուր գումարը կը տարուբերեն 3 միլիոնէն 3,5 միլիոնի միջեւ: Մօտաւոր համեմատութիւններու օրինակներ կարելի է բերել շրջաններու առաւել հայահոծ եւ կեդրոնական համայնքներէն հետեւեալները.

Ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի (յատկապէս` Քալիֆորնիա) հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը կը հասնի 6000-ի (այլ գնահատումով մը` 5000), ի դիմաց 50 հազար այլ հայ աշակերտներու, որոնք օտար կրթական հաստատութիւններու մէջ կ՛ուսանին: Ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատուի շուրջ 1,500,000-ով, իսկ ափէ ափ ամէնօրեայ դպրոցներու թիւը` 26 (այլ աղբիւրի մը համաձայն` 22: Արեւելեան Ամերիկայի մէջ «մէկ ձեռքի մատներու վրայ կը համրուին հայկական դպրոցները, իսկ արեւմտեան Ամերիկա` «կը հասնին մէկ ու կէս տասնեակի»):

– Ֆրանսահայութեան թիւը կը տարուբերի 400 հարիւրէ 500 հազարի միջեւ: Հոն կը գործեն 7 ամէնօրեայ վարժարաններ, որոնցմէ 5-ը նախակրթարան, մէկը միջնակարգ եւ միայն մէկ` երկրորդական, որ Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանն է: Փարիզ կը գտնուին անոնցմէ 4-ը, մէկական հատ ալ` Լիոն,Նիս եւ Մարսէյ: Հայ աշակերտութեան կը տրուի 60 հազարի համրանք, որոնցմէ շուրջ 1500-ը կը յաճախէ հայկական վերոգրեալ վարժարանները:

Ուշագրաւ է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի հայկական 7 ամէնօրեայ վարժարաններու պարագան: Իրենց հիմնադրութեան օրէն միայն հայ աշակերտութեամբ ճամբայ ելած այս կրթօճախները բոլորն ալ ներկայիս խառն աշակերտութիւն ունին (հայ եւ ոչ հայ, օրինակ` Խրիմեան վարժարանը ունի 650 աշակերտ, որոնց 55 տոկոսը հայեր չեն): Իրերու այս դրուածքը արդիւնք է առաւելաբար տնտեսական ազդակներու, ինչպէս նաեւ` քաղաքի հայ համայնքի տեղամասային շարժերուն: Համայնքին թիւը կը հասնի 80 հազարի:

Ոչ հայ աշակերտներուն գծով Խրիմեան վարժարանի պատասխանատուներու փոխանցած բացատրութիւնը կ՛ըսէ, թէ` «կը խօսինք ընտրանքով հայերու մասին, անոնք որոնք որդեգրած են հայ ըլլալ եւ իրենց ինքնութիւնը հարստացնել «հայկական»-ով (…) միեւնոյն ժամանակ, Հայկական հարցի նկատմամբ յանձնառութիւն կը ստանձնեն եւ զայն կը պաշտպանեն: Անոնք մեր լաւագոյն դեսպաններն են, որոնք կը տարածեն մեր մշակոյթն ու պահանջները»:

Նոյն պատասխանատուներուն փոխանցած տուեալներուն համաձայն, շաբաթական 40 ժամի վրայ նախակրթարանի մէջ կը դասաւանդուի հինգ ժամ հայոց լեզու, հինգ ժամ ալ հայ մշակոյթ` սպաներէնով: Բոլոր աշակերտներն ալ պարտաւոր են հետեւիլ հայեցի նիւթերուն: Երկրորդականի պարագային, շաբաթական 30 ժամերու վրայ վեց ժամը հայերէն նիւթերու յատկացուած է, երկու ժամ` լեզուի, մնացեալը` արուեստ, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պար` մէկական ժամ: Հոս միայն հայ աշակերտներուն համար պարտադիր են նիւթերը:

Ամէնէն բարացուցական յայտարարութիւնը, որ կու գայ Պուէնոս Այրեսէն, իր մէջ կը խտացնէ չորս գլխաւոր ազդակներ, որոնց ստեղծած պակասորդը արդէն կը յառաջացնէ առաջին մեծ կնճիռները: Զանոնք կարելի է ընդհանրացնել ու կապել այլ գաղութներու ալ:

«Մեր տկարութիւնը, որուն մասին խորապէս մտահոգուած ենք, հայոց լեզուի դաստիարակութիւնն է, որուն համար անհրաժեշտ են` մարդուժ, ուսումնական նիւթեր եւ ֆինանսաւորում: Կարիքը ունինք կրթական մարզին մէջ մանկավարժ անձնանազմ ունենալ մասնագիտացած` հայոց լեզուի ուսուցման մէջ: Հարկ է նշել, թէ մեր համայնքը վերջերս մեծ թիւով գաղթականներու նոր ալիքներ չէ ստացած, «հին» համայնք մըն է: Հայ ծագումով մեր աշակերտներուն մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը Արժանթին ծնած են, անոնցմէ մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր»:

Քանատահայութիւնը ունի 4 ամէնօրեայ վարժարաններ, երեքը` Մոնրէալ, մէկը` Թորոնթօ: Անոնցմէ մին մինչեւ միջնակարգ է, միւսները` երկրորդականի բարձրագոյն կարգով: Համայնքին ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 70-էն 80 հազար: Ամէնօրեայ այս վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կը կազմէ 2092 աշակերտ:

Մոնրէալի երեք ամէնօրեաներէն երկուքը նախակրթարանի մէջ ունին 5 ժամ հայերէն նիւթեր` շաբաթական 30 ժամուան վրայ, երրորդը  նոյն համեմատութեամբ` 4 ժամ: Վարժարաններէն մին, որ մինչեւ միջնակարգ Ը. դասարան կը հասնի, այդ կարգերուն համար կ՛ընէ շաբաթական 6 ժամ հայերէն նիւթ, իսկ միւս երկուքը, որոնք երկրորդական բարձրագոյն կարգ կը հասնին, հայալեզու նիւթերու շաբաթական միջինը 3-4 ժամ է:

Շատ աւելի յուսադրիչ է Թորոնթոյի միակ ամէնօրեայի լեզուային իմաստով հիմնարար տարիներու (նախակրթարան Ա.,Բ.,Գ.) ժամերու պատկերը` շաբաթական 9 ժամով, որ նախակրթարան Դ.-էն միջնակարգ Ը.` կ՛ըլլայ շաբաթական 7 ժամ, իսկ բարձրագոյն 4 կարգերուն համար կ՛իջնէ շաբաթը 3 ժամի:

Գոյութիւն ունին նաեւ 8 շաբաթօրեայ ու կիրակնօրեայ վարժարաններ (3 Մոնրէալ, 3 Թորոնթօ, մէկական` Քեմպրիճ եւ Վանքուվըր): Կիրակնօրեայ դպրոցներու դերը` քրիստոնէական ու Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու դաստիարակութեան մէջ կը կայանայ, իսկ շաբաթօրեայ վարժարանները կը փորձեն հայերէնի ամենատարրական գիտութիւն ու հայեցի դրոշմ փոխանցել օտար ամէնօրեայ վարժարան յաճախող սակաւաթիւ աշակերտներու:

Հակառակ անոր որ Քանատայի բազմամշակութային դիմագիծը ամրագրուած է երկրի սահմանադրութեամբ (ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու «ձուլման կաթսայ»-ի ուղղութեան) եւ որոշ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ տարբեր համայնքներու մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ակներեւ է անգլերէնի տիրապետող ազդեցութիւնը` բացի Քեպեք նահանգէն, ուր կ՛իշխէ պետութեան միւս պաշօնական լեզուն` ֆրանսերէնը: Նահանգային պետութիւնը կը վարէ ֆրանսախօսութեան յստակ ու նախանձախնդիր քաղաքականութիւն` յաճախ լարուածութիւն ստեղծելով երկու պաշտօնական լեզուներուն միջեւ (հակառակ ասոր` անգլիախօսութեան հարթիչ գլանին ծանրութիւնը զգալի է ամէնուրեք): Շատ հաւանական է, որ այս լարուածութիւնն ու անոր առթած լեզուական ինքնագիտակցութիւնը մէկ պատճառն են, որ հայախօսութիւնը շատ աւելի շեշտուած ըլլայ Քեպեքի հայ աշակերտութեան մեծ մասին մօտ, քան` առաւելաբար անգլիախօս մնացեալ նահանգները:

(Շար. 2)

 

Նախորդը

Քաղաքը Եւ Հրավառութեան Կիրքը…

Յաջորդը

Արցախեան Հիմնահարց Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Գինը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?