Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Շիրակ Երգարան 2016» Սայաթ Նովա (Մտայղացում Եւ Իրագործում Կարապետ Հաննէսեանի)

Մարտ 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շիրակ տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ «Շիրակ երգարան 2016»-ը: Մտայղացում եւ իրագործում` Կարապետ Հաննէսեանի: Երգարանը, որ երկրորդ բարեփոխուած հրատարակութիւնն է, կը պարունակէ Սայաթ Նովայի 57 երգեր, որոնք արեւմտահայերէնի վերածած է Աբրահամ Ալիքեան: Երկրորդ հրատարակութեան խմբագիրն է Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:

Յառաջաբանի մէջ Կարապետ Հաննէսեան կ՛ըսէ, որ Սայաթ Նովա վեց տասնեակէն աւելի հայերէն խաղեր ունի, որոնցմէ առնուազն յիսուն հինգի մէջ սիրոյ զգացման պէսպիսութեան  իմաստով ամբողջ աշխարհ մըն է շողշողուն, կարօտի, տառապանքի ու անանց գինովութեան ոսկեթելով ասեղնագործուած ոգեղէն բանուածք մը, իր բառերով, «զար ու զարբաբ» մը բովանդակ: Եւ կեանքի մը, իր արքայազուն եարի հանդէպ իմաստութեան, հպարտութեան եւ իր անմահութեան գիտակցութեան ինչպիսի՜ կեցուածք կը բրգանայ գրեթէ իւրաքանչիւր խաղի մէջ, ուր անսպառ, աննախընթաց պատկերներու եւ փոխաբերութիւններու ալեբախութիւնը ծովու չափ հարուստ հոգիի մը մարգարիտներուն գաղտակուր-ոստրէները կը սփռէ յաճախ ճշմարիտ բանաստեղծութեան տաք աւազին վրայ:

Հաննէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ գիրքը, ուր բովանդակութեան, չափի ու տեղ-տեղ յանգական կարելի հարազատութեամբ արեւմտահայերէնի է վերածուած «մեր քերթութեան Սիփան»-ին հայերէն գրեթէ ամբողջ ժառանգութիւնը, պիտի անպայման նորովի բանայ Սայաթնովայական անկրկնելի երեւոյթը եւ խաղերը երգելու, լսելու կամ կարդալու ատեն ոչ միայն իւրաքանչիւր բառի իմաստը պիտի երկարաձգէ հոգւոյդ մէջ, այլ նաեւ այդ ամբողջ երեւոյթի աւիւնով ողողէ քեզ:

Այնուհետեւ Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուցած է Սայաթ Նովայի կեանքը, ուր կ՛ըսէ.

Սայաթ Նովան (բուն անունով` Յարութիւն Սայադեան, Սայաթ Նովան իր աշուղական ծածկանունն է) ծնած է 1722 թուին Կովկասի Տփղիս (Թիֆլիս) քաղաքը: Հայրը Հալէպէն Տփղիս հասած Մահտեսի Կարապետն էր, մայրը` Տփղիսի հայկական հաւլաբար թաղամասի բնակչուհի Սառան: Քսան տարեկանին Յարութիւնը դարձեր է աշուղ, սկսեր է ստեղծագործել: Դատելով իր երգ-բանաստեղծութիւններէն (ինքը զանոնք կը կոչէ խաղ), Սայաթ Նովան անշուշտ որոշ կրթութիւն մը ստացեր է, ե՞րբ, ո՞ւր` մեզի ծանօթ չէ: Ան ստեղծագործեր է երեք լեզուներով` հայերէն, վրացերէն եւ թրքերէն: Եւ նոյնիսկ ունի երգ մը` գրուած չորս լեզուով (վերոյիշեալ երեք լեզուներով ու նաեւ պարսկերէն): Ըստ որոշ տուեալներու, ան եղած է պալատական երգիչ, վրացական արքունիքին մէջ շատ ճանչցուած եւ սիրուած անձնաւորութիւն:

Սայաթ Նովան ստեղծագործեր է համեմատաբար կարճ ժամանակ` 1742-էն մինչեւ 1759 թուական: Որմէ ետք, այսօր մեզի անյայտ պատճառներով, հաւանաբար ամբաստանութեամբ մը զինք հեռացուցեր են պալատէն եւ արքունիքէն: Այնուհետեւ` 1762 թուին զինք պարտադրաբար կը ձեռնադրեն քահանայ, Տէր Ստեփանոս անունով, եւ կ՛ուղարկեն հեռաւոր փոքրիկ աննշան գիւղ մը:

Տէր խաչատուրեան  կը շարունակէ ըսելով, որ Սայաթ Նովայէն մեզի հասած է 185 խաղ: Մեծ թիւ չէ, բայց անոնք բոլորն ալ ընտիր ու կատարեալ բանաստեղծութիւններ են: Սայաթ Նովայի հայերէն խաղերը գրուած են Տփղիսի բարբառով, վրացական մայրաքաղաքի բնակչութեան երեք քառորդի առօրեայ խօսակցական լեզուով:

Տէր Խաչատուրեան կը նշէ, որ Սայաթ Նովան սիրոյ անզուգական, անգերազանցելի երգիչ է: Անոր մասին հրաշալի խօսք ունի մեր մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը. «Եւ ինչ գեղեցիկ է, ճշմարիտ, որ էսպէս` մի հոյակապ սիրահար է, բռնուած ու բռնկած սիրոյ հրդեհով, նրա լոյսի տակ էլ նկատում է աշխարհքն ու իրերը, զգում է, որ էրւում, վերջանում է ինքը, բայց մնում է արի ու բարի անչար ու անաչառ, վեհ ու վսեմ, որպէս աշխարհքի ու մարդու մեծ բարեկամը…»:

Տէր Խաչատուրեան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ ժողովուրդը Սայաթ Նովային սիրած է գրեթէ առասպելական սիրով, անոր անձին ու անուան շուրջ հիւսելով զարմանալի պատմութիւններ ու աւանդազրոյցներ: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ, թէ հանճարեղ երգիչին սպաններ են 1795 թուին Տփղիս ներխուժած Աղա-Մահմէտ խանի հրոսակները հայկական եկեղեցւոյ շեմին, ուրիշ աւանդութիւն մը կ՛ըսէ, թէ ան վախճանած է իր բնական մահով 1800 թուականէն ետք:

Այնուհետեւ, էջ 12 էն 137, տեղ գտած են Սայաթ Նովայի 57 երգերը: Ձախ կողմը երգերուն բնագիրներն են, աջ կողմը` արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը:

Այնուհետեւ կան ծանօթագրութիւններ եւ Յակոբ Օշականէն, Նիկոլ Աղբալեանէն, Վալերի Պրիւսովէն եւ Եղիշէ Չարենցէն վկայութիւններ Սայաթ Նովայի մասին:

 

 

Նախորդը

Հայն Ու Հայ Կեանքը` Լեռ Կամսարի Էջերուն Մէջ

Յաջորդը

Թորոս Թորամանեան (18641934). Հայկական Ճարտարապետութեան Արժանաւոր Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?