Անդրադարձ

Մեր Կորուստները

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Արմենակ Եղիայեանի շիջումը առիթ հանդիսացաւ շատերուն մտորելու հայերէն լեզուի, յատկապէս արեւմտահայերէնի մթագնող կացութեան մասին: Իր մահը ողբացին նոյնիսկ անոնք, որոնք տարիներով ենթակայ եղած էին իր խարազանումին, իրենց սխալագրութեան համար: Աշխարհաբարի երկու ճիւղերը կազմաւորուած են շնորհիւ հայ մամուլի բծախնդրութեան եւ գրողներու` բանաստեղծ, արձակագիր ու թատերագիր, կատարելագործած լեզուին: Քերականագէտներու կանոնակարգումները կատարուած են աւելի ուշ, հետեւողութեամբ գրական միջավայրին մէջ գործնականօրէն ստեղծուող...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Կրկնակի Սրբադասում Մը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Գուցէ խորագիրը տարօրինակ հնչէ` Կոմիտաս վարդապետ կրկնակի սո՞ւրբ: Բայց ինչո՞ւ չէ. մեր ժողովուրդը իր մեծանուն երգահան, երգիչ, երաժշտական էթնոլոգ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտութեան տոհմիկ դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետը` «Հայոց երգի վեհափառը», միաժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան տարաբախտ նահատակը այնքան կը սիրէ ու անոր գրական-մշակութային ժառանգութիւնը այնքան բարձր կը գնահատէ, որ զինք գերազանց...

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ  ... Եւ Ասոնցմէ Մեծագոյնը Սէրն Է Ա Կորնթացիներուն 13:13 Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ գրասեղանիս անկիւնը ծուարած գրքերէն ձեռքս վերցուցի երկուքը` Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը (այո՛, մի՛ զարմանաք. ութսունն անց գրողը անցեալ տարի հրատարակած է) եւ Հայաստանի «Աստուածաշնչային ընկերութեան» նոր հրատարակութիւնը` «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» : Աստուածաշունչի էջերէն ծանօթ եւ ուսուցողական սիրային պատմութիւններուն գումարուեցաւ գրողի յուզիչ յուշը` անցած-գացած օրերու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ստախօսը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Խաբեբայ անձ մ`անասնական, Բնաւորութեամբ քսմուս, դրուժան, Իր դրոյթներուն ահեղ պաշտպան, Մեծ սուտերուն միշտ ալ աժան, Սուտին ընկեր խիստ անբաժան, Կը քալէ իր կեանքին ճամբան, Կը հանդիպի օր մ`իր խիղճին, Որ կ՛անտեսէ բարեկամին: Անձը նեղուած կը հարցնէ - Ինչո՞ւ դուն յար զիս կ՛անտեսես, Չես բարեւեր ով աներես, Ինչ ըրած եմ որ քեզի ես: Խիղճը անխօս կ՛անցնի, կ՛երթայ, Կը հեռանայ...

Հրատարակուեցաւ «Վէմ» Հանդէսի 2025-ի Երկրորդ Թիւը

Հրատարակուեցաւ «Վէմ» Հանդէսի 2025-ի Երկրորդ Թիւը

«Վէմ» հանդէսի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տպագիր տարբերակով ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ դրուած է «Վէմ» հանդէսի 2025 թուականի երկրորդ թիւը` 343 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ: Խմբագրութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հանդէսի խմբագրականն առաջադրում ու հիմնաւորում է հայկական ինքնութեան դէմ սկսուած գրոհին դիմակայելու որոշակի մեթոդաբանութիւն, որի հիմնական բաղադրիչները մշակուել են «Վէմ»-ի խմբագրակազմի ջանքերով: Մինչ օրս մեր հայագէտների մեծ մասն առաջնորդւում է...

Պատանիին Էջը

Պատանիին Էջը

Ինչո՞ւ Հայկական Դպրոց Յաճախել Աշխարհի մէջ ամէն բան կրնաս սորվիլ: Կրնաս կարգ մը նիւթերու մէջ շատ լաւ ըլլալ, այլ նիւթերուն մէջ` ոչ գոհացուցիչ, բայց եթէ մոռնաս, թէ ո՛վ ես, մոռնաս լեզուդ, արմատներդ, ապա ա՛յն ժամանակ դատարկութեան մէջ կը մնաս: Այդ դատարկ վիճակէն փրկողը հայկական վարժարանն է: Հայկական դպրոց երթալ` չի նշանակեր միա՛յն գիրքեր կարդալ եւ քննութիւն տալ: Հայկական դպրոց երթալ`...

Վտանգը

Չհամաձայնելու Անխուսափելի Իրաւունքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, թերեւս` ամէնէ՛ն հիմնականը, «Ո՛չ» ըսելու, չհամաձայնելու, տարակարծիք ըլլալու իրաւունքը: Այդ իրաւունքի բացակայութիւնը ակնառու է եղած պատմութեան սկիզբէն ի վեր` մենատիրական ու սակաւապետական երկիրներու մէջ, բռնատիրական կարգերու տակ: Այսօր, սակայն, մենք ականատես կ՛ըլլանք այդ իրաւունքի ոտնակոխման այլուր, ցարդ «ժողովրդավար» ճանչցուած պետութիւններու մէջ, որոնց քաղաքացիներուն մենաշնորհն էր, կը կարծէինք, կարենալ «Ո՛չ» ըսելը: Այս յօդուածով ներկայ յոռի...

Սփիւռքի Տեսլական Եւ Օրակարգ

Սփիւռքի Տեսլական Եւ Օրակարգ

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Սփիւռքի Սահմանումը Համաշխարհային մակարդակով սփիւռք երեւոյթը դիտելով` զանոնք կարելի է բաժնել երկու մեծ խմբակի. առաջին` սփիւռք, որ յառաջացած է հայրենազրկումի պատճառով, երկրորդ` սփիւռք, որ կազմաւորուած է հայրենալքումի պատճառով: Հայկական իրականութեան մէջ սփիւռքը գլխաւորաբար կազմաւորուած է Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի պատճառով: Իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք արդէն կայացած ու կազմակերպուած սփիւռքին վրայ կ’աւելնայ հայրենալքումի ալիքով յառաջացած շերտ մը, որուն տեսլականը, հարցերու...

Մշակոյթը Որպէս Ընկերային Ենթակառուցուածք.  Արդ Եւս 2025-2026. Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութիւններ Արեւմտահայերէնով

Մշակոյթը Որպէս Ընկերային Ենթակառուցուածք. Արդ Եւս 2025-2026. Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութիւններ Արեւմտահայերէնով

2026 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան արդ եւս|in view նպաստի ծրագիրը կը հրաւիրէ ստեղծագործողներ եւ մտածողներ` հայկական սփիւռքի մշակութային դաշտը պատկերացնելու որպէս ընկերային ենթակառուցուածք մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ հիմնել աւելի ուժեղ, կենսունակ եւ դիմակայուն ապագայ: Նպատակն է ամրապնդել հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային շերտերը` ստեղծագործութեան, գաղափարներու ձեւաւորումի եւ լեզուի միջոցով: Մշակոյթը ընկալելը` որպէս ընկերային ենթակառուցուածք, թոյլ պիտի տայ երեւակայել կապի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար Ո՞վ Կրնայ Հակաճառել «Ազգընտիր»-ին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ազգային ժողովի բեմէն «Ազգընտիր հերոս»-ը դարձեալ յոխորտանքներ սփռած է ընդդիմադիրներու երեսին` յայտարարելով, որ իր քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական քայլերը բարիք բերած են ազգին, մասնաւորաբար` Արցախին: Եկէ՛ք, առանձնացնենք հաւաստիքներէն գոնէ երկուքը եւ զայն զարնենք ճշմարտութեան փորձաքարին: Մարդուկը կ՛ըսէ, որ իրենք (ըսել կ՛ուզէ ինք եւ ՔՊ-ական իշխանութիւնը) ոչի՛նչ յանձնած են (թշնամիին), իսկ Արցախին իրենցմէ աւելի մեծ նպաստ բերող չէ եղած...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Լիբանան Կը Կանգնի, Իսկ Հայաստան Կը Խոնարհի…

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանան Կը Կանգնի, Իսկ Հայաստան Կը Խոնարհի…

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ Յօդուած մը, զոր լիբանանահայ մը կը գրէ ցաւով, այն, ինչ որ պիտի ուզէր գրել տարբեր ուղղութեամբ: Ես քաղաքագէտ մը չեմ, ո՛չ ալ վերլուծաբան մը: Բայց հայ եմ: Լիբանանի մէջ ծնած հայ մը, որուն հոգին կը պատռտուի երկու ճամբով` մէկ կողմէ սփիւռքի պարտաւորութիւնները, միւս կողմէ` հայրենիքի հանդէպ անմար սէրը: Մտահոգ եմ եւ որոշ վիշտով կը գրեմ այս տողերը. այն...

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ –  Բ.

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Բ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Հոն, ուր Աստուած եկեղեցի մը կը կառուցէ, սատանան ալ կրնայ հոն տաճար մը կառուցել» ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԸՐ ՔԻՆԿ Մեր նախորդ սիւնակով պատմական շատ արագ եւ ոչ ամբողջական ակնարկ մը ներկայացուցինք մեր Եկեղեցւոյ ուղղուած ԱՐՏԱՔԻՆ հարուածներուն եւ միջամտութիւններուն մասին, մասնաւորեցինք այն 70 տարիները, երբ Հայաստան ինկաւ համայնավար կայսրութեան իշխանութեան տակ: Նշեցինք նաեւ, որ այդ «դարաշրջան»-ը միագոյն չէր, որովհետեւ սկզբնական` շեշտուած...

Դպրեվանեան Ոգին.  Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք

Դպրեվանեան Ոգին. Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Հայ երգը ոչ միայն մշակութային հարստութիւն կը ներկայացնէ հայուն համար, այլ նաեւ ունի դաստիարակիչ ուժ մը, որ կը կերտէ զայն երգողին կամ լսողին ներաշխարհը: Հայուն ինքնութիւնը տաշուած ու պահպանուած է հայ երգով: Եթէ հայ մը իր պատմութեան ծանօթ չէ, ան գէթ հայ երգին ընդմէջէն կը զգայ, թէ ինք հարուստ պատմութեան մը ժառանգորդն է: Այլ խօսքով, հայ...

Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը

Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը

ՎԱՀԷ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթն այսօր Միջին Արեւելքում լոյս տեսնող հայալեզու եզակի տպագիր օրաթերթերից է (այդպիսիք կան նաեւ Պոլսում ու Թեհրանում): Այն հրատարակւում է 1927-ից, իսկ 1965-ից համարւում է ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթը: Թերթի խմբագրութիւնը գտնւում է մայրաքաղաք Պէյրութի հարեւան Պուրճ Համուտ հայաշատ քաղաքում: «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որը թերթի ղեկավարն է 2002-ից, «Հետք»-ի հետ զրոյցում պատմում է,...

Միասին Կապուած` Յաւերժ Սպիներով

Միասին Կապուած` Յաւերժ Սպիներով

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Երկու այլանդակ գլուխներ ենք, Հայաստանն ու մենք` սփիւռքը. Երկուքս ալ` մանրացուած. հիւլէացուած: Բռնուած, հաստ պարանով իրարու  կապուած խեղկատակներ` կը նայինք հակառակ ուղղութիւններով,  փրկութեան լաստը  կը փնտռենք  հեռաւոր  բաց ծովերուն վրայ: Լրիւ մոռցած ենք, որ կը  կիսենք մէկ պարան: Նոյն պարանն է սեղմուած մեր կոկորդներուն:  Կոպտացած  մեր դէմքերուն  վրայ սառած  մռայլութիւնը, հարկադրուաւծ միաւորման սպիներն են կարծես. անսէր ամուսնութեան նման,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (1)

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (1)

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Պուրճ Համուտի մասին գրելէ առաջ պարտք կը զգամ անդրադառնալ այս շրջանի կազմաւորման, թէ ինչպէ՛ս վերածուած է հայահոծ շրջանի մը, ո՛ր մէկն է առաջին եկեղեցին, առաջին ակումբն ու դպրոցը, եւ որո՛նք էին այս մեծ աշխատանքը տանող նուիրեալները: Պուրճ Համուտի առաջին շրջանը եղած է Թիրօ հիւղաւանը, 1924-1925 տարիներուն, հոն սկիզբը բնակութիւն հաստատած էին 20-25 ընտանիքներ: Շնորհիւ Պօղոս Նուպար փաշայի կատարած...

Տեսակէտ. «Իրաւ Մտաւորական»-ը՝ Երէկ Եւ Այսօր …

Տեսակէտ. Մեր Խօսոյթը` 2030-ին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ «Տեսակէտ» սիւնակին տակ տեղ կու տանք այս յօդուածին, միաժամանակ յստակացնելով, որ խմբագրութիւնը չի բաժներ այնտեղ արտայայտուած որոշ միտքեր. յատկապէս` տարածքներ չզիջելու կեցուածքը առաւելապաշտութեամբ մեկնաբանելու կամ Արցախ մեկնած օրուան պետական նախարարին քայլը հարցականի տակ առնելու մօտեցումները: Խմբ. Կարմիր թելի մը պէս «կը վազէ» պատերազմը: Պատերազմի գաղափարը նոր չէ, որ արմատ նետած է կողք-կողքի ապրող եւ իրարու հանդէպ թշնամական մօտեցում...

Արժէքաւոր Դանակի Մը Պատմութիւնը

Արժէքաւոր Դանակի Մը Պատմութիւնը

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ 1965 օգոստոս 15-ին` Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով, Պիքֆայայի վանք բարձրացած էինք Հայաշէնի արծուիկներով` մասնակցելու ս. պատարագին եւ թափօրին, հսկելու կարգապահութեան: Մատաղօրհնէքէն եւ խաղողօրհնէքէն ետք, մեր պարտականութիւնները լիուլի կատարած` իջանք վարի բակը, ուր մեզ դիմաւորեց Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը` հիւրասիրելով մեզ հերիսայով եւ խաղողով: Ճաշէն ետք, նկատելով, որ օդը շատ հաճելի է եւ համայնապատկերը սքանչելի, որոշեցինք երկար մնալ եւ...

Կեանքի Նժարին Մէջ

Պահպանէ՛ Լեզուդ, Պահպանէ՛ Ինքդ Քեզ

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ Գարնանային արեւոտ ու տաքուկ առաւօտներէն մէկն էր, թուականը` 2005: Վենետիկի Սուրբ Մարկոս հրապարակէն քալելով  դէպի ծովեզերք ուղղուեցանք, որպէսզի փոքր նաւով մը մեկնինք մերձաւոր ջուրերու մէջ գտնուող Ս. Ղազար կղզի: Տեղ-տեղ զբօսաշրջիկներու ստուար խումբ մը հրապոյրով կը դիտէր քանդակագործի մը մէկ գլուխ գործոցը կամ ճամբուն եզերքը նստած գծագրիչի մը արուեստի գործերը: Անդին` ուրիշ խումբ մը կը հետեւէր զինք առաջնորդող...

«Զգուշ» Առողջապահական-Նախազգուշական Պարբերաթերթը Կը Շարունակէ Իր Արդիւնաւէտ Երթը

«Զգուշ» Առողջապահական-Նախազգուշական Պարբերաթերթը Կը Շարունակէ Իր Արդիւնաւէտ Երթը

«Զգուշ» առողջապահական - նախազգուշական պարբերաթերթը հետեւողականօրէն լոյս կը տեսնէ 11 տարիէ ի վեր` հրատարակութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի: Ցարդ հրատարակուած թիւերուն մէջ ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ` առողջապահական տարբեր հարցերու, անոնց լուծման ձեւերով, որեւէ հիւանդութեան տարբեր ծալքերուն, նախազգուշական միջոցներու, առողջութեան վերաբերող հետաքրքրական ու օգտաշատ նիւթերու: Վերջերս լոյս տեսաւ պարբերաթերթի 2025 տարեշրջանի երրորդ թիւը: Պարբերաթերթը կը բովանդակէ արդիական եւ այժմէական բժշկական նիւթեր, որոնք գրուած են մասնագէտ...

Page 53 of 808 1 … 52 53 54 … 808

Արխիւներ