Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
ՄԱՇՏՈԾ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Շաբաթ, 15 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի համալիբանանեան մակարդակի գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, առ ի երախտապարտութիւն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտին քաղաքի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի 19 հոկտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս...



















