ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Խաբեբայ անձ մ`անասնական,
Բնաւորութեամբ քսմուս, դրուժան,
Իր դրոյթներուն ահեղ պաշտպան,
Մեծ սուտերուն միշտ ալ աժան,
Սուտին ընկեր խիստ անբաժան,
Կը քալէ իր կեանքին ճամբան,
Կը հանդիպի օր մ`իր խիղճին,
Որ կ՛անտեսէ բարեկամին:
Անձը նեղուած կը հարցնէ
– Ինչո՞ւ դուն յար զիս կ՛անտեսես,
Չես բարեւեր ով աներես,
Ինչ ըրած եմ որ քեզի ես:
Խիղճը անխօս կ՛անցնի, կ՛երթայ,
Կը հեռանայ անձէն անարգ:
Ուրիշ օր մը անձը նոյնպէս
Կը հանդիպի պատիւին վէս,
Կը բարեւէ զայն յարգանքով,
Փոխադարձին սպասելով:
Ոչ մէկ շշուկ ան կը ստանայ
Իր պատիւէն որ դիւրազգաց
Կը հեռանայ զազիր անձէն,
Լքելով զինք խոր կարեվէր:
Սուտը անձին սփոփելով,
Հազար ու մէկ սուտ խօսքերով,
Ամէն գնով կը ջանայ ժիտ`
Խաբել կրկին,համոզել զինք:
Անձը տարտամ,յոյժ վարանոտ,
կը յանձնուի սուտին ցասկոտ:
Լիբանան


