2026 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան արդ եւս|in view նպաստի ծրագիրը կը հրաւիրէ ստեղծագործողներ եւ մտածողներ` հայկական սփիւռքի մշակութային դաշտը պատկերացնելու որպէս ընկերային ենթակառուցուածք մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ հիմնել աւելի ուժեղ, կենսունակ եւ դիմակայուն ապագայ: Նպատակն է ամրապնդել հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային շերտերը` ստեղծագործութեան, գաղափարներու ձեւաւորումի եւ լեզուի միջոցով:
Մշակոյթը ընկալելը` որպէս ընկերային ենթակառուցուածք, թոյլ պիտի տայ երեւակայել կապի եւ փոխազդեցութեան նոր ցանցեր, ամրապնդել համայնքային յարաբերութիւնները նորաստեղծ մշակոյթի մը միջոցով, որ միաժամանակ հասարակաց է ու հարազատ: Այս ենթակառուցուածքը պիտի մշակէ նոր յարաբերութիւններ ու աջակցի անհատական եւ հաւաքական բարեկեցութեան` ստեղծագործութեան, ինքնութեան ուսումնասիրութեան ու ընդհանուր իմաստաւորումի միջոցով: Արդ եւս|in view ծրագիրը կը խրախուսէ մարդիկը` առատաձեռն ըլլալ իրենց գաղափարներով ու ստեղծագործութեամբ, որ լեզուի նորարար գործածութեան հետ միատեղ թոյլ պիտի տայ ձեւաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակ ապագան:
Այս նպաստի դիմումնագիրը բաց է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել: Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ` ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ: Տասնութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիմել: Հիմնարկութիւնը պիտի հովանաւորէ տարեկան մինչեւ տասը ծրագիր` իւրաքանչիւրին համար առաւելագոյնը 10.000 եւրօ նպաստով:
Դիմումներու վերջնաժամկէտ` 28 փետրուար 2026:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/



