Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկնակի Սրբադասում Մը

Կոմիտաս Վարդապետի Երկակի Սրբադասման Աստուածաբանական Տրամաբանութեան Մասին

Նոյեմբեր 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Գուցէ խորագիրը տարօրինակ հնչէ` Կոմիտաս վարդապետ կրկնակի սո՞ւրբ: Բայց ինչո՞ւ չէ. մեր ժողովուրդը իր մեծանուն երգահան, երգիչ, երաժշտական էթնոլոգ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտութեան տոհմիկ դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետը` «Հայոց երգի վեհափառը», միաժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան տարաբախտ նահատակը այնքան կը սիրէ ու անոր գրական-մշակութային ժառանգութիւնը այնքան բարձր կը գնահատէ, որ զինք գերազանց գոհունակութեամբ ոչ միայն որպէս կրկնակի, այլ նաեւ եռամեծ սուրբ մը ըլլալու իրողութեամբ պիտի ընդունի: Արժա՛ն եւ իրա՛ւ:

Այնուամենայնիւ, գոյութիւն ունի աստուածաբանական տրամաբանութիւն մը եւ, աւելի՛ն, եկեղեցական օրինակարգ մը, որուն պիտի ուզէի անդրադառնալ ստորեւ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ստացուած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 4-7 նոյեմբերին գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, ի թիւս այլ նիւթերու, քննարկած եւ որոշած է` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի վախճանման 1700-ամեակին նուիրուած հոգեւոր, մշակութային միջոցառումների կազմակերպման եւ Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցի քննութեան նպատակով ձեւաւորել յանձնախմբեր»:

Վերոգրեալ տեղեկութեան մէջ ուշադրութեան արժանի են ոչ միայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վախճանման 1700-ամեակը նշելու ուղղութեամբ նախատեսուող ձեռնարկները, այլ նաեւ` Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման համար ձեւաւորուող յանձնախումբը:

Այս առիթով պիտի ուզէի առ ի տեղեկութիւն ընթերցասէր հասարակութեան յայտնել, որ տակաւին 1994 թուականին, հովանաւորութեամբ քանատահայոց առաջնորդարանի Քրիստոնէական ուսման եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին, Մոնրէալի մէջ հրատարակած էի ստուար ուսումնասիրութիւն մը` «Գրական նշխարք Կոմիտաս վարդապետի բեղուն գրչէն»[1] խորագիրով: Սոյնը ունէր նաեւ հետեւեալ ենթախորագիրը` «Նպաստ մը Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին»:

Ակնյայտ է, որ հատորը մասնաւորաբար ուղերձ մըն էր Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին, որուն առիթ կ՛ընծայէր անոր ծննդեան 125-ամեակը: Հատորիս հեղինակը յառաջաբանին մէջ կը նշէ.

«Այսօր, երբ մեր հայրենիքը հոգեւոր-մշակութային աննախընթաց զարթօնք մը կ՛ապրի ու մեր Եկեղեցին լրջօրէն կը մտածէ Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու մասին, թող սոյն ձեռնարկը ըլլայ համեստ նպաստ մը այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն, անոր լուսապսակ կերպարը աւելի լաւ ըմբռնելու եւ իր մենագրութիւններուն ընդմէջէն տեսնելու վշտակոծ Վարդապետիս երկնաշնորհ մեծութիւնը»:

Առաջարկը սեթեւեթ ցանկութիւն մը չէր, այլ ունէր հոգեւոր-մշակութային, ինչո՞ւ չէ, նաեւ համազգային համոզումի մը խորապատկերը` նկատի ունենալով այն փաստը, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետ արդէն իսկ սուրբ մըն էր, այլապէս կը մնար Հայ եկեղեցիին կողմէ անոր պաշտօնական սրբադասման իրականացումը:

Արդարեւ, ընդամէնը տարի մը ետք, երբ 3-5 ապրիլ 1995 թուականին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, հոն բերուած քանի մը տասնեակ առաջարկներուն մէջ Արթօ Պասմաճեան քանատահայոց պատգամաւորներուն եւ թեմին անունով հանգամանօրէն ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցը:

Առ այս, անհրաժեշտ համարեցի 2013 թուականին հրատարակել ուրիշ հատոր մը` «Հայ եկեղեցին եւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցը»[2] խորագիրով, որ միաժամանակ ունէր` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» ենթախորագիրը:

Սոյն հատորի վերջաւորութեան առաջարկած էի յիշատակութեան բանաձեւ մը` ըսելով.

«…Որքան հանգիստ եւ լուսաւոր պիտի ըլլային ապրիլեան մեր նահատակներուն հոգիները, եթէ օր մը, թերեւս մօտ ապագային, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Հայ եկեղեցւոյ խորաններէն եւ ազգիս սրբազան բեմերէն տարուէ տարի 24 ապրիլին հնչէր նուիրական «Սրբոցն Կոմիտասայ վարդապետին եւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակացն ազգիս հայոց…» յիշատակութիւնը»:

Սակայն, դժբախտաբար, մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ զանազան իրադարձութիւններու բերումով Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու այս կարեւորագոյն հայցագիրը բարձիթողի եղաւ: Ուրեմն ամբողջ երեք տասնամեակ էր պէտք, որպէսզի հարցը (ափսո՜ս, վերահասու չեմ անոր իսկական դրդապատճառին կամ ԳՀԽ-ի ժողովին մէջ նիւթը բարձրաձայնողին մասին) կրկին վերատեսութեան ենթարկուէր եւ որոշում տրուէր «ձեւաւորելու յանձնախմբեր» Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու նպատակով:

Նախաձեռնութիւնը, անտարակոյս, ողջունելի է: Սակայն հարց պէտք է տալ. չէ՞ որ 23 ապրիլ 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասման հռչակագրին մէջ ըսուած է.

«Ամենասուրբ երրորդութեան շնորհաբաշխ զօրութեամբ, Տէր Յիսուս Քրիստոսից տրուած եւ Հայաստանի լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներից փոխանցուած իշխանութեամբ, Սուրբ Աստուածամօր, Հայոց երկրորդ լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորի եւ ամենայն սրբերի բարեխօսութեամբ, եպիսկոպոսաց ժողովի որոշմամբ եւ մեր ժողովրդի քրիստոնէական կեանքի վկայութեամբ սրբադասում ենք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներին»:

Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու սրբադասումը արդարացի եւ գերազանց ձեռնարկում մըն էր, որ ունէր ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ համազգային կարեւորագոյն նշանակութիւն: Ան կը ներառէ հայազգի բոլոր զոհերը` իրենց ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով մեզի յայտնի եւ անյայտ բովանդակ նահատակները` գիտութեան, մշակոյթի, հանրային կեանքի եւ եկեղեցական ասպարէզի անխտիր բոլոր գործիչները, որոնց շարքին կը դասուի նաեւ Կոմիտաս վարդապետ:

Նշուած համաթեքսթը միանշանակ կը յառաջացնէ հետեւեալ յարակարծութիւնը, որ ԳՀԽ-ը ձեւաւորելով յանձնախումբ մը` կը միտի կրկին սրբադասել արդէն 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ սրբադասուած Կոմիտաս վարդապետը:

Այլապէս, ԳՀԽ-ը նկատի ունենալով այն փաստը, որ Կոմիտաս վարդապետ իր մահկանացուն կնքեց 1935 թուականին Փարիզի մէջ, զայն չի ներառեր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու մեծագումար հոյլին մէջ: Այսինքն ան ցարդ սրբադասուած չէ: Ինծի կը թուի, թէ սոյնը ոչ պակաս անսովոր յարակարծութիւն մըն է, քանի որ Կոմիտաս վարդապետ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ 1915 թուականին Չանղըրը աքսորուած եւ հոգեպէս եղեռնագործուած` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ մըն է: Ի՜նչ փոյթ, թէ ան ֆիզիքապէս իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի Վիլ-Ժուիֆ արուարձանի հոգեբուժարանին մէջ, 20 հոկտեմբեր 1935 թուականին, երբ անոր ստեղծագործական եռանդը խորտակուած, իսկ քնարը ընդմիշտ լռած էր մահախուճապ աքսորէ վերադարձին:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած հոգեւորականներուն` գիր ու բանի երախտաշատ մշակ Թէոթիկ իր «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին: Աղէտալի 1915 տարին» կոթողային աշխատութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետի մասին կը վկայէ.

«Ամերիկեան դեսպան Մորկնթաուի բարեխօսութեամբ հազիւ կարելի եղաւ զինքը վերադարձնել Չանղըրիի իր աքսորավայրէն: Բարեկամաց եւ աշակերտներու տեսութենէն գրեթէ զուրկ, Կոմիտաս վրդ. պատերազմի ընթացքին ապրեցաւ Բերայի իր մենարանը, պարապելով իր մասնագիտութեամբ, առանց կարենալու սակայն միտքէն վանել կրկին աքսորուելու մղձաւանջը, որ հուսկ ուրեմն ընկճեց զինք: Խելագար եւ թշուառ վիճակի մէջ մնաց Շիշլիի Լա-Փէ հիւանդանոցը, մինչեւ որ համակիրներ զինադադարէն յետոյ փոխադրեցին զինք Փարիզ: Խնամածու բժիշկներ ափսո՜ս որ թերահաւատ են դեռ իր ապաքինման մասին: Այսպէ՛ս ահա տապալեցաւ հայ երաժշտութեան վերակենդանացուցիչ` այս հոյակապ վարպետը թուրք բռնակալութեան սեւ թաթերուն տակ»[3]:

Բոլոր պարագաներուն բացատրութեան կը կարօտի, թէ ինչո՞ւ համար հաւաքական սրբադասումէ մը ետք անհրաժեշտ կը նկատուի իրականացնել յաւելեալ անհատական սրբադասում մը: Եթէ այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուինք, ապա նոյնքան կարեւոր պիտի դառնայ անհատաբար սրբադասել այն միւս բոլոր հաւատքի ու արեան նահատակ եկեղեցականները, որոնք յականէ յանուանէ վաւերագրուած են Թէոթիկի «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան» վերոնշեալ աշխատութեան մէջ:

Ոչ պակաս արժանահաւատ հիմնաւորում է պէտք, թէ ԳՀԽ-ը ի՞նչ դրդապատճառներով կամ ինչո՞ւ համար վերջերս կայացած իր ժողովին մէջ որոշած է ձեւաւորելու յանձնախումբ մը` Կոմիտաս վարդապետը անհատապէս սրբադասելու նպատակով: Բացառուած չէ այսօրուան պետութիւն եւ Եկեղեցի յայաբերութեանց լարուած իրավիճակը, որու խորապատկերին վրայ նաեւ պէտք է մեկնաբանուի Մայր Աթոռին կողմէ նախաձեռնուած այս մարտավարութիւնը:

Բաց աստի, Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցը քննելու համար նշուած յանձնաժողովի ձեւաւորումը ցոյց չի՞ տար ԳՀԽ-ի կողմէ արհեստածին եռանդի մը դրսեւորումը: Այնուամենայնիւ, հոս հարց կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք այս խթանը կապուած է Վատիկանի կողմէ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման հետ, եւ արդեօ՞ք ան չի կրեր եկեղեցական ներքին հակազդեցութեան կամ մրցակցութեան մը բնոյթը:

Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, արդէն 23 ապրիլ 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Հայց. առաք. եկեղեցին հաւաքաբար սրբադասեց Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը: Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ անոր հետ առնչուած սրբադասման հռչակագիրը լայնօրէն կ՛ընկալուէին, որ այսպիսով սրբադասուած են ոչ միայն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նահատակ անդամները, այլեւ` այլ յարանուանակից հայեր, մասնաւորապէս` հայ կաթողիկէ, աւետարանական եւ, ինչո՞ւ չէ`, այլ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ` առանց դաւանական խտրականութեան: Ի վերջոյ, մահու աքսորներուն եւ արիւնահեղձ կոտորածներուն ոչ ոքի խնայուեցաւ իր ունեցած դաւանական տարբերութեան համար` ո՛չ հայ առաքելականը, ո՛չ կաթողիկէն եւ ո՛չ ալ բողոքականը:

Այս խորապատկերին վրայ հարց կը յառաջանայ յատուկ նահատակներու լրացուցիչ, անհատական սրբադասման աստուածաբանական անհրաժեշտութեան եւ հովուական իմաստին շուրջ: Ուրեմն ինչո՞ւ համար է նոր, առանձնայատուկ սրբադասումներու այս ակնյայտ «կրկնապատկումը»:

Իգնատիոս արք. Մալոյեանի պարագային հարկ է նկատի ունենալ, որ անոր սրբադասման վերաբերեալ պաշտօնական դիմումն ու համապատասխան գործընթացը Վատիկանի մէջ ձեռնարկուած էր Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէ` աւելի վաղ շրջանին: Իգնատիոս արք. Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ 7 հոկտեմբեր 2001 թուականին, իսկ անոր սրբադասումը տեղի ունեցաւ վերջերս` 19 հոկտեմբեր 2025 թուականին, Լեւոն ԺԴ. պապին կողմէ, որպէս տրամաբանական շարունակութիւնը Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ աւանդաբար օրինակարգուած գործընթացին:

Միեւնոյն է, որոշակի հարցեր բաց կը մնան ու, արդարեւ, կը կարօտին լուրջ վերլուծումներու. արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կաթողիկէ եւ բողոքական մեր քոյրերն ու եղբայրները ներառուած են Հայց. առաք. եկեղեցիին կողմէ իրականացուած 2015 թուականի սրբադասման մէջ, թէ՞ անոնք դիտաւորեալ բացառուած են իրենց դաւանական տարբերութեան պատճառով: Կրնա՞յ ըլլալ, որ թէկուզ նահատակութեան եւ կեանքի զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած հաւատքի վկայութեան պարագաներուն յարանուանութիւնը առաջնահերթ նկատուի միեւնոյն քրիստոնէական կրօնէն եւ ազգային պատկանելիութենէն: Այսպիսի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցեր արժանի են աւելի լուրջ եւ խորացուած աստուածաբանական մեկնաբանութեան, եւ ամենեւին ճիշդ պիտի չըլլայ, որ անոնք ներազգային եւ միջեկեղեցական զգայնութիւններէ մեկնելով` թաքցուին մութ գզրոցներու մէջ:

Անդրադառնալով Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու հարցով ԳՀԽ-ի յանձնախումբ մը ձեւաւորելու վերաբերեալ որոշումին` պէտք է համոզուած ըսել, որ ան արդէն իսկ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան եւ անոր ջերմեռանդ ապրումներուն մէջ գերազանցօրէն սո՛ւրբ է` իր օրինակելի վարքով, իր անմահ գործով եւ քրիստոնէական հաւատքի երանաշնորհ վկայութեամբ:

Ժընեւ, 8 նոյեմբեր 2025
Տօն յիշատակի սրբոց հրեշտակապետացն` Գաբրիէլի, Միքայէլի

եւ ամենայն երկնային զօրացն

[1] Օղլուգեան, Աբէլ, իմա` Մանուկեան, Աբէլ, «Գրական նշխարք Կոմիտաս վարդապետի բեղուն գրչէն: Նպաստ մը Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին», Մոնրէալ, տպ. Ա. Տ. Մանավեան, 1994, 236 էջ:

[2] Մանուկեան, Աբէլ, «Հայ եկեղեցին եւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ», տպ. Արազ, Պէյրութ – Ժընեւ, 2013, 88 էջ: Նոյնը հրատարակուեցաւ նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ: Տե՛ս Manoukian, Abel, New Saints, Canonizing the victims of the Armenian Genocide in the Armenian Church, Araz Printig Press, Beirut – Geneva, 2015, 80 pages.

[3] Հմմտ. Թէոթիկ, «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին: Աղէտալի 1915 տարին», St. Vartan Press, Նիւ Եորք, 1985, էջ 12:

Նախորդը

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Յաջորդը

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Անդրադարձ

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

Նոյեմբեր 19, 2025
Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը
Անդրադարձ

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Նոյեմբեր 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ստախօսը

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?