Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիին Էջը

November 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչո՞ւ Հայկական Դպրոց Յաճախել

Աշխարհի մէջ ամէն բան կրնաս սորվիլ: Կրնաս կարգ մը նիւթերու մէջ շատ լաւ ըլլալ, այլ նիւթերուն մէջ` ոչ գոհացուցիչ, բայց եթէ մոռնաս, թէ ո՛վ ես, մոռնաս լեզուդ, արմատներդ, ապա ա՛յն ժամանակ դատարկութեան մէջ կը մնաս: Այդ դատարկ վիճակէն փրկողը հայկական վարժարանն է:

Հայկական դպրոց երթալ` չի նշանակեր միա՛յն գիրքեր կարդալ եւ քննութիւն տալ: Հայկական դպրոց երթալ` կը նշանակէ` արթննալ հայերէնով, մտածել հայերէնով, զգալ հայերէնով եւ սիրել ամէն բան, որ կապ ունի մեր ազգին հետ:

Երբ հայկական դպրոց կը մտնեմ, կը զգամ, որ տանս մէջն եմ: Ընկերներուս հետ հայերէն կը խօսիմ եւ հայերէն կ՛երգեմ: Կը սորվինք Հայոց պատմութիւնը, որ լեցուն է հերոսներով:

Երբ ուսուցչուհիս մեզի կը պատմէ Վարդանանց ճակատամարտին մասին, աչքերս կ՛արցունքոտին: Երբ կը լսեմ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին, որ հայերէնի այբուբենը ստեղծեց, կը մտածեմ, թէ ի՜նչ մեծ բան է ունենալ սեփական լեզու: Երբ կը սորվիմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սիրտս կը ցաւի, բայց միեւնոյն ատեն կը կարծեմ, որ հո՛ն կը ծնի ուժ մը` չմոռնալու, չլռելու եւ պաշտպանելու:

Հայկական դպրոցը մեզի կը սորվեցնէ սիրել մեր լեզուն, մեր անցեալը եւ զիրար: Նոյնիսկ եթէ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր երկիրը ըլլանք, բայց լեզու, մշակոյթ եւ արմատ չունենանք, մենք ոչինչ ենք:

Մեր ծնողները մեզի հայկական դպրոցներ ուղարկելով` մեծ զոհողութիւն մը կ՛ընեն: Կը նշանակէ, թէ անոնք կ՛ուզեն, որ մենք իրենց նման հայ մնանք:

Երբեմն կը մտածեմ, որ եթէ հայկական դպրոց չերթայի, այսքան հայերէն պիտի չգիտնայի, Հայկ նահապետը պիտի չճանչնայի, իմ ազգիս մասին բան մը պիտի չգիտնայի: Իսկ հիմա ես հպարտ եմ, որ հայերէն կը խօսիմ, կը պահպանեմ ա՛յն լեզուն, զոր հազարաւոր մարդիկ փորձած են ջնջել: Ես կը մերժեմ մոռնալը եւ կը սորվիմ սիրել ու պահել իմ ժառանգութիւնս:

Կը սիրեմ հայկական դպրոցը: Կը սիրեմ գրատախտակին վրայ գրելը, «Զարթի՛ր, լաօ» երգելը եւ մաքուր հայերէնով խօսիլը: Բայց ամէնէն շատ կը սիրեմ հայկականութիւնը:

Հայկական դպրոց յաճախելը դաստիարակութիւն է, հոգի է, սէր է, յուշեր են եւ վստահութիւն, որպէսզի ապագային ես ալ կարենամ փոխանցել…

ՍԷՐԼԻ ԱՐԲԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Հայկական Դպրոցը`
Մեր Ինքնութեան Աղբիւրը

Հայկական դպրոց յաճախելը սովորական կրթական ընտրութիւն մը չէ միայն: Անիկա խորարժէք քայլ մըն է` դէպի ինքնաճանաչում, լեզուի պահպանում եւ ազգային հպարտութիւն: Երբ հայ մանուկ մը կը սկսի յաճախել հայկական դպրոց, ան կը մտնէ մթնոլորտի մը մէջ, ուր արեւմտահայերէնը կը լսուի, կը խօսուի եւ կը սիրուի: Այս լեզուն ոչ միայն հաղորդակցութեան միջոց մըն է, այլ մեր ժողովուրդին հոգեւոր ձայնն է` մեզ միացնողը անցեալին, պատմութեան, մշակոյթին եւ ժառանգութեան հետ:

Հայկական դպրոցը միայն լեզուի եւ պատմութեան դասարան մը չէ: Անիկա վայր մըն է, ուր աշակերտը կը սորվի հայկական արժէքներ` յարգանք, հաւատք, ընտանիքի սէր, ազգային հպարտութիւն եւ ազնիւ աշխատասիրութիւն: Երեխաները կը ծանօթանան իրենց արմատներուն, կը սորվին Հայոց պատմութեան մասին, կը ճանչնան` Մեսրոպ Մաշտոցը, Վարդան Մամիկոնեանը, Տիգրան Մեծը եւ այլ դիւցազուն դէմքեր, եւ կը գիտակցին, թէ իրենք հին, հարուստ եւ տոկուն ժողովուրդի մը ժառանգորդներն են:

Հայկական դպրոցը նաեւ ընտանիքի շարունակութիւնն է համայնքին մէջ: Աշակերտները ո՛չ միայն դասեր կ՛առնեն, այլ կեանք կը կառուցեն` ստեղծելով երկարատեւ բարեկամութիւններ, երգելով հայկական երգեր, պարելով հայկական պարեր եւ մասնակցելով տօնական ձեռնարկներու, ինչպէս` Տեառնընդառաջ, Վարդավառ, Ս. Սարգիս եւ ապրիլ 24: Այս բոլորը կը ձեւաւորեն ազգային ինքնութիւն մը, որ պիտի ուղեկցի անոնց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Եթէ հայկական դպրոց չըլլայ, սփիւռքահայութեան շատ մը սերունդներ կը գտնուին վտանգի տակ` ձուլուելու եւ մոռնալու իրենց լեզուն, պատմութիւնը եւ ոգին: Հետեւաբար հայկական դպրոց յաճախելը պարզ ուսում ստանալ չէ, այլ հայրենասիրութեան, ազգապահպանման եւ արժէքներու սերմանումի միջոց մըն է: Հայկական դպրոցը փոքր Հայաստան մըն է օտար ափերուն վրայ:

Հայկական դպրոց յաճախելով` մենք ոչ միայն կը սորվինք ինչպէս հայ ըլլալ, այլ կը զգանք, թէ մենք իսկապէս հայ ենք: Այս գիտակցութիւնը ո՛չ միայն կ՛ամբողջացնէ անհատը, այլ կը պահպանէ ամբողջ ժողովուրդի մը ապագան:

ՊԵՐՃ ՊԱՍՏԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Հայկական Դպրոցներուն
Կարեւորութիւնը

Հայկական դպրոց յաճախելը կարեւոր է, որովհետեւ կ՛օգնէ փոքրիկներուն` պահպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ սերտ կապի մէջ մնալու իրենց արմատներուն հետ: Այս դպրոցներուն մէջ աշակերտները կը սորվին հայերէնը, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան եւ աւանդութիւններուն: Այդ գիտելիքները կը նպաստեն, որ նոր սերունդը հասկնայ, թէ ինք ո՛վ է, ուրկէ՛ կու գայ եւ ի՛նչ դեր ունի իր ազգի ապագային մէջ:

Այդպիսի միջավայրի մէջ ձեւաւորուող ընկերութիւնները եւ յարաբերութիւնները կը դառնան ամուր եւ երկարատեւ: Բացի կրթական առաքելութենէն` հայկական դպրոցը նաեւ կը ստեղծէ ջերմ եւ ազգային հոգեւոր միջավայր, ուր երեխաները կը շաղուին իրենց նման մտածող հասակակիցներու հետ, կը զարգացնեն հայրենասիրութիւնը եւ համայնքի պատկանելիութեան զգացումը: Այդպիսի միջավայրի մէջ ձեւաւորուող ընկերութիւնները եւ յարաբերութիւնները կը դառնան ամուր եւ երկարատեւ: Հայկական դպրոցը նաեւ կ՛իրականացնէ տօնակատարութիւններ, մշակութային եւ կրօնական արարողութիւններ, որոնք աշակերտներուն առիթ կու տան արտայայտելու իրենց տաղանդը եւ ամրապնդելու իրենց հպարտութիւնը` հայ ըլլալու զգացումը:

Վերջապէս, հայկական դպրոց յաճախելը միայն լեզու սորվելու կամ կրթութիւն ստանալու համար չէ: Ան մշակութային ժառանգութեան փոխանցումի եւ ազգի շարունակականութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի:

ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ՂԱԶԱՐ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Ապագայի Հայը Պատրաստող Կեդրոն 

Հայկական դպրոց յաճախելը շատ աւելի է, քան` սովորական ուսում ստանալը: Ան մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի վայրն է: Հայկական դպրոցը հայ աշակերտին կը փոխանցէ ոչ միայն գիտելիք, այլեւ` մայրենին, պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը: Այնտեղ հայ փոքրիկները կը սորվին հայերէն խօսիլ, կը ծանօթանան հայ երգին եւ պարին, ու կը դառնան իրենց ինքնութեան գիտակից անձեր: Հայկական դպրոցները կ՛ամրապնդեն համայնքին կապերը եւ կը պատրաստեն սերունդ մը, որ գիտէ իր անցեալը, կ’ապրի իր ներկայով եւ պատրաստ է կերտել ապագայի հայ ժողովուրդը:

ՆԱՆԱՐ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Հայկական Ոգիի
Կազմաւորման Կեդրոնը

Շատ մեծ է դերը հայ դպրոցին, որ նոր սերունդներուն կը ծանօթացնէ` հայ մշակոյթը, լեզուն, կրօնը եւ արժէքները: Հայ դպրոցին դերակատարութիւնը հայկական գաղութներուն մէջ միշտ կարեւոր եղած է ու պէտք է մնայ, հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ մանուկին:

Այո՛, հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման սուրբ վայր է: Հայ դպրոցը հիմնուած է` հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովելու, հայ սերունդներ դաստիարակելու, հայ աշակերտին մէջ հայկականութիւն սերմանելու եւ հայրենիքի գաղափարը վառ պահելու: Հայ դպրոցին մէջ միայն կ՛ապրի եւ կը կազմաւորուի հայկական ոգին: Հայ դպրոցը կ՛ապահովէ ապագան եւ կը պատրաստէ բարոյական արժէքներով թրծուած սերունդներ:

ԱՐԱ ԶՈՊՈՒԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Հայկական Արմատներուն Կապը

Հայ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ըլլայ, միշտ պայքարած է` պահելու իր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները: Հայկական դպրոցները միայն դասերու եւ քննութիւններու վայրեր չեն, այլ տուներ են, ուր հայ փոքրիկներ կը յաճախեն ու կը սորվին, թէ ո՛վ են, ուրկէ՛ եկած են եւ ինչպիսի՛ պատմութիւն ունին:

Հայ դպրոցը կը սորվեցնէ մայրենին` հայերէնը, մեր գրականութիւնը եւ պատմութիւնը: Այս բոլորը կ՛օգնեն նոր սերունդին, որ չմոռնան իրենց արմատները, նոյնիսկ եթէ հեռու ապրին հայրենիքէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ դպրոցը, եւ ոչ` օտարը, որովհետեւ հայ դպրոցը կը պաշտպանէ ոչ միայն մտային զարգացումը, այլ նաեւ կ՛արթնցնէ հայ ոգին երեխաներուն մէջ: Արաբական կամ ամերիկեան դպրոցներ կրնան տալ բարձր որակի կրթութիւն, բայց չեն կրնար փոխարինել ա՛յն զգացումը, որ հայ մնալ կը ներշնչէ:

ՆՈՒՇԻԿ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ

Սերունդներ
Դաստիարակող Օճախը

Հայ դպրոցը հիմնական դեր ունի` պահպանելու հայ լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը:

Հայկական դպրոց յաճախող հայ աշակերտը, շնորհիւ հայ ուսուցիչներուն, առիթը կ՛ունենայ ծանօթանալու մեր ազգային արժէքներուն:

Հայկական դպրոցներուն մէջ մեծ շուքով կը տօնուին հայ ժողովուրդի համար հոգեւոր եւ բարոյական արժէք ներկայացնող ազգային տօները, ինչպէս` Վարդանանց պատերազմը, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակը: Այս ոգեկոչումներն են, որ տարուէ տարի աշակերտները աւելի եւս կը կապեն հայրենիքին եւ կ՛ընդարձակեն հայ ազգի հանդէպ անոնց ունեցած սէրն ու կապուածութիւնը:

Հայ աշակերտները, յաճախելով հայկական վարժարաններ, կը կազմեն հայ ընկերային շրջանակներ, որոնց մէջ կը բաժնեկցին միեւնոյն մտահոգութիւնները եւ հետաքրքրութիւնները` Արցախին եւ հայրենիքին նկատմամբ:

Հայ վարժարանը պիտի մնայ սերունդներ դաստիարակող լաւագոյն կրթական օճախը:

ԴԱԼԱՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
Հ.Յ.Դ «Ազատամարտ» Պ.Մ

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Չհամաձայնելու Անխուսափելի Իրաւունքը

Յաջորդը

Հրատարակուեցաւ «Վէմ» Հանդէսի 2025-ի Երկրորդ Թիւը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.