Անդրադարձ

Ծառը

Հաւատոյ Հանգանակ

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հաւատամք` Ի մի հայրենիք` կոչեալ Հայաստան Եւ` Ի մի հայութիւն` կոչումով յաւերժութիւն: Հաւատամք` Ազատ եւ անկախ պետականութեան Եւ` Արդար ու հաւասար ընկերութեան: Հաւատամք` Բանին, ազատ եւ անկաշկանդ Եւ` Կարգին ժողովրդավարական: Հաւատամք` Հաւաքատիրութեան Եւ ո՛չ մենատիրութեան, Ազգերու համակայութեան Եւ ո՛չ գերակայութեան: Հաւատամք` Հայութեան պատմական Դատին` Ահազանգ խղճի եւ արդարութեան: Հաւատամք` Հայ մշակոյթին` Խարիսխ գոյութեան Եւ փարոս փրկութեան: Հաւատամք` Հայ...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Գոհաբանութեան Օր

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ բերքահաւաքն ու գոհաբանութիւնը հնադարեան արմատներ ունեցող արարողութիւններ են, որոնք կապուած են մարդ արարածի ամէնէն խոր զգացումներուն հետ։ Երբ հողին ընծայաբերած բերքը կը լեցնէ շտեմարանները, հողագործին սիրտը կը լեցուի խոնարհ երախտագիտութեամբ, իսկ մարդը կը կանգնի Արարիչին առջեւ՝ շնորհակալական աղօթքով։ Գոհաբանութեան օրը այս հոգեւոր կեցուածքի կենդանի արտայայտութիւնն է, օր մը, որուն մէջ կը հանդիպին հողը, քրտինքը, օրհնութիւնը...

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան – Հայացման Եւ Մտաւոր Ազատութեան Դեսպանը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան – Հայացման Եւ Մտաւոր Ազատութեան Դեսպանը

ԹԱԼԹՈՍ Կան մարդիկ, որոնք ի ծնէ կը կրեն ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը իրենց մտածումներուն մէջ: Անոնք չեն ապրիր սովորական մահկանացուի մը նման. անոնք կը շնչեն միտք, կ՛ապրին իբրեւ գաղափար ու կը ծաղկին որպէս գաղափարախօսութիւն: Այդպիսին էր ու աւելին Նիկոլ Աղբալեանը` ո՛չ միայն գրող, ուսուցիչ կամ կուսակցական գործիչ, այլ` կենդանի խիղճը հայոց մտաւոր կեանքի: Անոր մէջ միաձուլուած էին բանասիրական նրբութիւնը, քաղաքական...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

«Մեր Տունը» (Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի Նոր Հրատարակած Գիրքը)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Վերջերս Պէյրութ գտնուած օրերուս «Ազդակ»-ի անխուսափելի սուրճը կ՛ըմբոշխնէի, երբ խմբագրատուն այցելեց Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանը եւ իր հեղինակած գիրքէն օրինակ մը մակագրելով` ինծի նուիրեց: Կողքին վրայ կարդացի «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ»: Առաջին մտածումս եղաւ այն, թէ ինչպէս ուրիշներ, չոր ու յաճախ անհամ նկարագրութիւն մը պիտի ըլլայ   իր ընտանիքին կենսագրութեան մասին: Յուշագրութիւն մը` իբրեւ խղճի պարտք: Ինչ որ է, խորհեցայ, թէ վերադարձի ճամբուս`...

Նշմար.  Բարոյականութիւն. Ո՞ւր Կը Ծախուի…

Նշմար. Բարոյականութիւն. Ո՞ւր Կը Ծախուի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը երեքշաբթի, 18 նոյեմբերի կանուխ յետմիջօրէին գրեթէ միաձայնութեամբ որոշում տուաւ, որ կառավարութեան պատկան բաժանմունքները հրապարակեն «Ճեֆրի Էփսթինի թղթածրար»-ը: Քուէարկութեան արդիւնքն էր մէկի դէմ 427 ձայն, 5 ձեռնպահ: Որոշումը վերջակէտի մը կը հասցնէ ամիսներ, աւելի՛ն, տարիներ տեւած բանավէճ մը, որուն կիզակէտը եթէ այժմ անդի աշխարհ գացած Էփսթինն է, սակայն բազմագլուխ ճիւաղին բազմաճիւղ պոչերը կը հարուածեն բազմաթիւ...

Սթափելու Ժամանակը

Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Վաղարշապատ եւ Խոյ խոշորացուած համայնքի ընտրութեան յաջողութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանութիւն մը գրեց իր դիմատետրի էջին վրայ, ուր ի միջի այլոց արձանագրեց, որ այս յաղթանակը պիտի դիւրացնէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վեհարանէն հեռացնելու գործընթացը: Համայնքային ընտրութեան յաղթանակը կը պարտէին բազմաթիւ գործօններու. Խոյ գիւղական համայնքին միացումը Վաղարշապատին, նոյն համայնքի նախկին ղեկավարին նշանակումը իբրեւ քաղաքապետի թեկնածու խոշորացուած նոր համայնքին, ընտրարշաւէն Նիկոլ...

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Անձնուէր Առաջնորդը

ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Դիւրին չէ քանի մը տողերու մէջ ամփոփել  բազմաշնորհ հայուն` Նիկոլ Աղբալեանի  բեղուն վաստակը: Կարելի չէ հպանցիկ ակնարկով մը թուել Աղբալեան մարդուն ազգանուէր ծառայութիւնները կամ անդրադառնալ անոր  տաղանդին, որովհետեւ Նիկոլ Աղբալեան իր ժամանակներուն ապրած եւ գործած եզակի երեւոյթներէն մըն էր: Թիֆլիսի մէջ հասակ առած,  Ներսիսեան վարժարան յաճախած, ապա հայրենիք անցնելով` Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի շրջանաւարտ դարձած հայ մըն էր ան:...

Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումն Ու Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումն Ու Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան կառավարութիւնը 5 օգոստոսին որդեգրեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշում մը: Տեսականօրէն ճիշդ եղող այդ որոշումը, սակայն, իրողական գետնի վրայ թակարդ մըն էր, որուն մէջ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար յայտնուեցաւ կառավարութիւնը: Արդարեւ, կառավարութիւնը մէկ կողմէ անկարող է իր այդ որոշումը գործադրելու, որովհետեւ այդ մէկը իր մէջ քաղաքացիական պատերազմի իսկական վտանգ պարունակելուն պատճառով անբաղձալի հետեւանքի կրնայ յանգիլ, միւս կողմէ ալ...

Նիկոլ Աղբալեան` Մտքի, Մշակոյթի  Եւ Պատասխանատուութեան Մարդը

Նիկոլ Աղբալեան` Մտքի, Մշակոյթի Եւ Պատասխանատուութեան Մարդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռութեամբ եւ կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի նշուի բազմաշնորհ ու տաղանդաւոր մտքի ու մշակոյթի մշակ, ազգային-պետական գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակը: Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ, Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանի հիմնադիր Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ին էջերով պիտի հրատարակուին...

Հայ  Ազգը 2100 Թուականին Եւ Անդին…

Հայ Ազգը 2100 Թուականին Եւ Անդին…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ազգը, որ ի Հայաստան, բազմանուն սփիւռք(ներ), նոր, հին, պատմական, Ռուսիա, Թուրքիա, նաեւ «մնացորդացի թաքուն հայեր», Մուշ, Վան, Կիլիկիա եւ ամէնուրեք, ՀԱՅ ԱԶԳ, որուն համար քաղաքական միամտութեամբ ըսին «համաշխարհային» ազգ, որ աշխարհագրական սահմաններ չունի, այսինքն ան անորոշ տեսութիւն մըն է: Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի բազմանուն, տեւաբար բազմացող եւ բազմաթիւ «առաջնորդութիւն»-ներուն համար, ՀԱ3 ԱԶԳ-ը որպէս ամբողջ, հեռանկարային եւ ոչ շերտային հետապնդուող...

Պատանիին Էջը

Պատանիին Էջը

Երկրորդ Տունը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ակումբները մեր երկրորդ տուներն են, ուր մենք` պատանիներս, կը հաւաքուինք հոն եւ պատանեկան մեր աշխատանքները կը կատարենք, ինչպէս նաեւ շատ բան կը սորվինք մեր երէց ընկերներէն` իրենց փորձառութենէն, խրատներէն եւ թելադրանքներէն: Դաշնակցութեան ակումբները միայն քարաշէն կառոյցներ չեն, այլ իրականութեան մէջ անոնք կը հանդիսանան հայ երիտասարդութեան համար կարեւոր կրթական եւ գաղափարական կեդրոններ, ուր կը պատրաստուին ապագայ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Պանկլատէշի Կողմնացոյցը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պանկլատէշի ոճրադատ ատեանը երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին մահավճիռ արձակեց նախկին վարչապետ Շէյխա Հասինայի եւ անոր ներքին գործոց նախարարին դէմ, անոնց այլ գործակիցներ տարբեր վճիռներ ստացան: Հասինայի իշխանութիւնը տապալած էր աւելի քան տարի մը առաջ, օգոստոս 2024-ին, երբ անոր դէմ բողոքի ցոյցերը, մասնաւորաբար ուսանողներու շարժումը, եւ զայն ճնշելու իշխանականներու բռնամիջոցները երկիրը նետած էին արիւահեղութեան ոլորապտոյտի մը մէջ: Ըստ ՄԱԿ-ի տեղեկագիրներուն,...

Հոլիվուտեան Հայածին Տաղանդներ

Հոլիվուտեան Հայածին Տաղանդներ

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Վերիվայրումներով յատկանշուող ու յախուռն փորձութիւններով լի մեր կեանքի հոլովոյթի ընթացքին, բոլոր մահկանացուներուն նման, հասուն տարիքիս ես ալ հասած եմ այն եզրակացութեան, որ ցաւն ու մորմոքը, ուրախութիւնն ու բարեբեր արգասիքներով լեցուն բախտը իրարու հետ համատեղ ընթացող անբաժանելի հոգեվիճակներ են, յաճախ խռովուն, երբեմն ալ` զուարթ պահերու, որոնցմով յագեցած է մարդ էակի իրերայաջորդ տագնապներով լեցուն կեանքը: Սոյն գրութեանս երկայնքին նախ պիտի...

Անկախութեան 82-Ամեակ.  Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը

Անկախութեան 82-Ամեակ. Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լիբանան դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան տակ մնացած, բայց իր ինքնուրոյն գոյավիճակը պահպանած է: Լեռնալիբանանի էմիրութիւնը, տիւրզի Մաան եւ այնուհետեւ Շեհապ ընտանիքներու ղեկավարութեամբ, եւ իբրեւ կեդրոն ունենալով Տէյր Քամարը եւ հետագային Պէյթէտտինը, երկար ժամանակ յաջողած էր պահպանել իր ինքնիշխան գոյավիճակը: 1860-ի տիւրզի-մարոնի կռիւներէն եւ քրիստոնեաներու ջարդէն ետք Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութիւնը հաստատուած էր: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դաշնակիցները ծովային շրջափակում սահմանեցին...

Իմ Միւնակը – Ձեր Աշխարհը.  «Թուղթէ Շինուած» Երկիր Մը, Որ Կ՛ուզէ Ամէն Քայլափոխի Վերապրիլ

Իմ Միւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Թուղթէ Շինուած» Երկիր Մը, Որ Կ՛ուզէ Ամէն Քայլափոխի Վերապրիլ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  «Կ՛ապրինք խենթանոցի մը մէջ…» ԹԱԼԱԼ ԱՐՍԼԱՆ (3-11-2025) Հեռու աշխարհաքաղաքական վերլուծութենէ եւ տեղական ամուլ եւ խենեշ վէճերու մասնակից դառնալէ, ի՛նչն է, որ մեզ` իբրեւ լիբանանահայ քաղաքացիներ, կը մղէ վերոնշեալ տօնին առիթով սեւով ճերմակի վրայ արձանագրելու մտածումներ, որոնք կրնան ժամանակավրէպ, անըմբռնելի ու անտեղի նկատուիլ, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ «ծուռ կառոյց» ունեցող երկիր-ժողովուրդ մը երբեւէ կրցե՞ր է վերականգնիլ եւ խաղաղ ապաստան...

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել  (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Լիբանան` Անկախութեան Կանչը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Լիբանանի պատմութեան մէջ առանցքային օր մըն է 22 նոյեմբերը: Օր մը, երբ ժողովուրդ մը իր ձայնը բարձրացուց ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ` ստիպելով, որ աշխարհը յարգէ լիբանանցիներուն ինքնիշխան ըլլալու կամքը: Աշխարհագրական փոքր տարածք մը ըլլալով հանդերձ, անկախ Լիբանանը դարձաւ տարբեր լեզուներու, կրօններու, մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու խաչմերուկը: Անկախութիւնը, սակայն, միայն պատմական յաղթանակ մը չէ: Անիկա իւրաքանչիւր սերունդի համար հայրենիքը պաշտպանելու, անոր...

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ  Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Գ.

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Գ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Լուսաւորչի կանթեղը հայ հաւատքի կարկառուն ու անժխտելի ապացոյցներէն մէկն է, որ կը յատկանշէ Մայր Աթոռը` Էջմիածինը»: ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ (Ապա` կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ) Հայաստանի մէջ, համայնավար իշխանութիւններու օրերուն, եւ ընդհանրապէս խորհրդային կայսրութեան տարածքին, հակակրօնական եւ հակաեկեղեցական ընդհանուր մթնոլորտին, ապա նաեւ գետնի վրայ անոր կիրարկման մասին ուրուագծային պատկեր մը ներկայացնելէ ետք (նոյն խորագիրին տակ մեր նախորդ երկու սիւնակները), եկէ՛ք,...

ՀՕՄ-ի 115-Ամեակ. Մէկ Ընտանիք

ՀՕՄ-ի 115-Ամեակ. Մէկ Ընտանիք

ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ-ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ Տարի մը եւ աւելի սպասումի ու բծախնդիր նախապատրաստութեան շրջանէ մը ետք, նշուեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը: Հայրենիքը` որպէս սրբազան հող ու հոգեմատեան, եղաւ այս տօնին ամենաբնական եւ արժանաւոր վայրը. հոն կը խարսխուին մեր արմատները, հոն սրտերը կը գտնեն զիրար, եւ սէրը, կարծէք, որպէս յարատեւ կրակ` կը վերածնի: Ամէն մէկ քայլ, ժպիտ եւ հպում լեցուն էին ջերմութեամբ, իսկ ամէն ակնթարթ` հարազատ...

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հայաստանի Բնակչութեան Երկու Երրորդը Չի Հաւատար, Որ Ազրպէյճանի Հետ Կարելի Է Խաղաղութիւն Հաստատել

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Տարիներու ընթացքին հետեւած եմ բազմաթիւ հարցախոյզերու, որոնք ուսումնասիրած են Հայաստանի բնակչութեան տեսակէտները` հիմնականօրէն ընկերային եւ քաղաքական հարցերու վերաբերեալ: Այդ բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան զգալի անկումը 2018 թուականին իշխանութեան գալէն` 82 տոկոսէն մինչեւ այսօր` ընդամէնը 10 տոկոսէն քիչ մը աւելի: Վերջին համազգային հարցախոյզը Հայաստանի մէջ կատարուած է 5-25 հոկտեմբեր 2025-ին, «ԱՐԱՐ» քաղաքակրթական հետազօտութիւններու հիմնադրամին...

Տոմսեր.  Ուրախացէ՜ք, Նոր Հող Պիտի Նուիրենք…

Տոմսեր. Ուրախացէ՜ք, Նոր Հող Պիտի Նուիրենք…

Այս Քարտէսը Տարածած Է Հայ Դատի Յանձնախումբը Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աչքալուսա՜նք` հայրենի ու համայն հայութեան: Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման յաջորդ փուլը պիտի իրականանայ Սիւնիքի մէջ: Ուրախացի՜ր, հայ ժողովուրդ: Խաղաղութիւն բերող «ազգընտիր»-ը բացայայտեր է, որ հողերու յանձնումի, այսինքն` զիջումներու, յաջորդ դաշտը Սիւնիքն է, մունետիկներն ալ կ՛արձագանգեն: Սա վատաբանութիւն ու բամբասանք չէ, այլ կը հիմնուի այս հողաբաշխներուն նախորդ իրագործումներուն վրայ. Արցախը տուին, Տաւուշի սահմանամերձ...

Page 52 of 808 1 … 51 52 53 … 808

Արխիւներ