… Եւ Ասոնցմէ Մեծագոյնը Սէրն Է
Ա Կորնթացիներուն 13:13
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ գրասեղանիս անկիւնը ծուարած գրքերէն ձեռքս վերցուցի երկուքը` Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը (այո՛, մի՛ զարմանաք. ութսունն անց գրողը անցեալ տարի հրատարակած է) եւ Հայաստանի «Աստուածաշնչային ընկերութեան» նոր հրատարակութիւնը` «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» [Աստուածաշնչային հատուածներու ընտրութիւնը եւ ներածականները` Անեգրէթ Փութքամերի, գերմաներէնէն թարգմանութիւնը` տէր Անդրէաս վրդ. Եզեկեանի, խմբագիր եւ սրբագրիչ` Լուսինէ Վարդանեան]:
Աստուածաշունչի էջերէն ծանօթ եւ ուսուցողական սիրային պատմութիւններուն գումարուեցաւ գրողի յուզիչ յուշը` անցած-գացած օրերու անմոռանալի յիշատակներու ու մարդուն Մարդ դարձնող աստուածային Սիրոյ մասին:
Տասնամեակներ անց գրքի էջերուն մէջ կը վերակենդանանայ Հալէպի բակերէն մէկը, ուր կ՛ապրին քանի մը հայ ընտանիքներ: Կ՛ապրին հաշտ, համերաշխ, կը խուսափին մեծ ու փոքր բախումներէն, որովհետեւ կան, կը գործեն բարոյականութեան չգրուած օրէնքներ, սովոր են իրարու հետ հաց ու դժուարութիւններ կիսել, միասին կ՛ուրախանան ու կը տխրին:
Այս քիչ թէ շատ երազային պայմաններուն մէջ (գաղտնիք չէ` տասնամեակներ անց մեր կեանքի անգամ ամենացաւոտ պահերը «կը ներկուին» այլ երանգներով) կ՛ապրէր ուսումնասէր եւ օրինակելի Հայկը, որուն ընկերը` Տիգրանը, երբեմն-երբեմն իրական ու յօրինուած պատմութիւններ կը պատմէր կիներու մասին, ցոյց կու տար որոշ լուսանկարներ. «Մէկ խօսքով` «շուկայի քերականութեան» դասեր…» (27):
Այդ ամէնը գայթակղիչ էր, բայց շա՜տ շա՛տ հեռու կը թուէր, քանի դեռ բակի ամենաօրինակելի պատանին` Հայկը, չէր դարձած «իր տաք պատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած» գայթակղութեան զոհն ու «անակնկալ դիպուած»-ի (8) հերոսը: Հիմա` գեղեցկուհի Շուշանիկի մերկութիւնը տեսնելէ ետք, Հայկը կ՛ապրէր այլ աշխարհի մէջ: Գէորգ Պետիկեանը շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ հերոսներու գաղտնի հանդիպումները, լաւ թաքցուցած ապրումները, ու մեր աչքի առջեւ կը ծաւալի շատ սիրուն սիրավէպ մը:
Վէպէն քանի մը պատկերներով ներկայացնեմ Հայկի եւ Շուշանիկի ապրումները. «Հայկի ուղեղէն հոսող պատկերները մարտ ամսուան անակնկալ եւ անօրինակ անձրեւի նման կը հոսէին իր հոգիին մէջ» (16), «Ահա նոր վախ մը: Ամօթ ըսուած բառէն կախուած վախ մը: Ու այդ վախը հիմա կը կճէր [կծէր] իր սիրտը» (17), «Հայկ երբեք չէր զգացած, որ ճիշդ իր քիթին տակ կամաց-կամաց, օրէ օր մէկը` իգական սեռին պատկանող էակ մը, կը մեծնար կամ սկսած էր «հասուննալ» » (25), «Հիմա ինք ունէր իր հերոսուհին: Իր անձնականը, որ զինք միշտ կը փոխադրէր երազային եւ դրախտային աշխարհ մը» (27), եւ այսպէս շարունակ:
Իրական աշխարհին մէջ կան այլ գործեր, որոնցմէ ամենակարեւորը աւարտական վկայական ստանալն ու Հայաստանի մէջ բժշկութիւն ուսանիլն են: Ուսուցիչներու ու քրոջ բծախնդիր հսկողութեան տակ Հայկը հարկադրուած կը հրաժարի Շուշանիկի հետ հանդիպումներէն, կը կարգաւորէ միւս գործերը եւ քանի մը տարիով կը մեկնի Հայաստան` բժշկութիւն ուսանելու:
Գէորգ Պետիկեանը հետագայ դէպքերը համառօտ կը ներկայացնէ. երեք տարի անց Շուշանիկը կ՛ամուսնանայ Սուրէնին հետ, բայց երջանիկ չէ, իսկ երբ ամուսինը ծանր կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ, պարզապէս կը յուսահատի:
Պատանեկան երազները վերակենդանանալու, աւելի՛ն, իրականութիւն դառնալու հեքիաթային զօրութիւն ունին:
Հայկի եւ Շուշանիկի շատ ուշացած, բայց անխուսափելի հանդիպումէն ետք կը կատարուի ամենասովորական հրաշքը, եւ հերոսները կը վճռեն ամուսնանալ:
«Հայկ յաղթած էր իր երազին»,- սա սիրավէպի հեղինակի եզրակացութիւնն է:
140 էջանոց այս գրքին մէջ Գէորգ Պետիկեանը կը վերադառնայ իր ծննդավայր Հալէպ` «սպիտակ ու հին հեքիաթներու» քաղաք, որ «շա՜տ շատերու համար պաշտելի գիրք մըն է, որուն մէջ ամէն ինչ գրուած էր մատչելի բառերով» (120):
Գրողը ընթերցողին հետ վերապրելով պատանեկան օրերու անմոռանալի յիշատակները` առիթէ առիթ կը խօսի կիներու մասին. «Կիները շուտով կրնան կարդալ այրերու աչքերը: Այդ անոնց առաւելութիւններէն է» (26), «Կիները այդպէս են. կասկածներէ ու ենթադրութիւններէ ծնունդ առած հազար տեսակ հարցականներ կը մտնեն անոնց ուղեղէն ներս եւ կը խանգարեն անոր հեզասահ վազքն ու ընթացքը» (59), «Շուշան կարծես հասուն կին մը ըլլար: Ինք չէր կրնար ընդունիլ կեանքը` ինչպէս որ էր: Ինք սիրահար մըն էր` նման բոլոր սիրահարներուն` անմեղ եւ արդար» (83), «Կիները իրականութեան զաւակն են: Շատ յաճախ կը նմանին գետերու… Վա՜յ անոնց, որոնք լողալ չեն գիտեր» (107), «Շուշան հասկցող կին մը դարձած էր եւ նման որդեգրում մը` շատ դրական նկատած: Ժողովական: Ինքզինք կիներով շրջապատած էր ու անհամ ժողովներու մթնոլորտին մէջ նետած», «Տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած կեանքի փորձառութիւնը իրմէ սկսած էր հեռացնել նոյն կեանքի բարդութեան եւ անորոշութեան գոյներն ու գիծերը:
Նոր աստղի նման փայլուն էր ու երջանիկ:
Ամուսնանալ Հայկի հետ: Միանալ անոր կեանքին: Ահա՛ իր պատանութեան` հիմա` հասուն տարիքին, վերակենդանացած երազը» ( 141) եւ այլն:
Սիրավէպը կարդալէ ետք ընթերցողը կը խորհի կարդացածին ու իր կենսագրութեան զանազան դրուագներու, անցածի, կորսնցուցածի եւ ձեռք բերածի մասին, կը խորհի լուսաւոր թախիծով ու շնորհակալութեամբ, որ ապրած եւ զգացած է. սա է մեր կարճ, բայց բովանդակութեամբ հարուստ կեանքի բուն իմաստը:
Սա իմ` ընթերցողի եզրակացութիւնն է:
«Ի՜նչ լաւ է, որ մեր Աստուած, որ Ինքն իսկ սէր է, սէր պարգեւեց մեզի: Ի՜նչ լաւ է, որ Ան մեզի մինակ չի թողուր մեր սիրոյ բոլոր դժուարութիւններուն մէջ…»,- աս ալ «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» վերը յիշատակուած գրքի վերջին տողերէն է:
Կարծեմ` ամէն ինչ ըսուած է…
Երեւան



