Անդրադարձ

Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը.  Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը. Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

Կազմողներ` Պատմաբան Սեդա Գալստեան Լուսանկարիչ` Գաբրիէլ Փանոսեան ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին, չորս  հիմնական անուններ կը յստականան  մտքիս  մէջ: Արամ Մանուկեան` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Սիմոն Վրացեան` որպէս Հայաստանի անկախ հանրապետութեան  վարչապետներ, որոնք  գրի առած են հանրապետութեան պատմութիւնը, եւ  փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան` որպէս պատմաբան, որ իր հինգ հատոր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով լոյսին...

Սիրոյ Բացակայութեան

Սիրոյ Բացակայութեան

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ  Թող անիրապաշտ, ժամակավրէպ ու անգործնական համարուին այս տողերը, բայց կ՛ուզեմ նշել, որ այսպէս սնանած ենք մենք` առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւատացողներս, մենք կ՛ապրինք մեր հեքիաթները, մեր սիրով ու յոյսով շաղախուած հեքիաթները` իրականութիւն դարձնելու անկոտրում վճռակամութեամբ: Կար ու չկար` բարոյականութիւն հասկացողութիւնը կար, որ չէր սահմանափակուեր լոկ կուսաթաղանթով, ունէր աւելի ծաւալուն հասկացողութիւն եւ ներկայ էր մեր ազգային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:...

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մէջ, կայացած  է Երուանդ Փամպուքեանի «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Անիկա Արամ Մանուկեանի տասնամեայ (1904-1915) նամակագրութիւնն է`  ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ: Հայոց պետականութեան հիմնադիրի կեանքին ու գործունէութեան մէկ ժամանակաշրջանը ներկայացնող գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Հայ Բեմում Յաւերժող Շէյքսփիրը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Հայ թատրոնի արդի բեղուն ընթացքին նուիրուած թատերագիտական գրականութիւնը հարստացաւ Հայաստանում վերջերս լոյս տեսած «Արմէն Խանդիկեանի շէյքսփիրականը» ժողովածուով («Վան Արեան» հրատարակչութիւն): Արմէն Խանդիկեանի (ծնողական արմատներով պէյրութցի է) անունը քաջածանօթ է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ արտերկրի, ե՛ւ սփիւռքի թատերասէրներին: Նաեւ լիբանանահայ մտաւորականութիւնը ցայսօր հաճելիօրէն, բարձր գնահատութեամբ յիշում է 1992թ.ին Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի այն հիւրախաղերը, երբ Պէյրութում...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Հիւսիսային Օսեթիոյ «Ուրուականի Վերածուող» Գաղութը

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան պատմութիւնը կը սկսի ԺԸ. դարուն: Վաւերական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ առաջին հայերը բնակութիւն հաստատեցին Մոզտոքի մէջ, 1763 թուականին: Ծերակոյտի հրահանգով անոնք  առանձնաշնորհումներ ստացան` առանց մաքսատուրքերու լեռնականներուն հետ առեւտուրի իրաւունք, գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար սեփական հող ունենալու արտօնութիւն` առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ տուրքերէ ազատ մնալու իրաւունքով: Հայութեան մեծամասնութիւնը Մոզտոք փոխադրուեցաւ դրացի շրջաններէն` Քապարտինօ Պալքարէն, Աստրախանէն, Ղզլարէն: Քաղաքին...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այս ամառ ուրախանալի երեւոյթ էր, որ շաբաթը եօթը օր Հայաստան թռիչք ունէինք: Նոյնիսկ շաբաթներ եղան, որ թիւը իննի հասաւ: Հետաքրքրական եւ քաջալերական երեւոյթ էր նաեւ, որ ոչ հայերու մեծ թիւ մը Հայաստան երթալու բնական փափաք մը կը դրսեւորէր: Աւելի ուրախալի էր անոնց վերադարձէն ետք դրական արտայայտութիւնները մեր հայրենիքի մասին: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան...

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

Անցնող մայիսին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանէն ներս բացումը կատարուած է «Արեւմտահայերէնի հայագիտական գիտահետազօտական կեդրոն»-ի մը, որ յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի, յատկապէս մեզ` արեւմտահայերուս համար: «Գրական Թերթ»-էն քաղուած եւ ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը ընդհանուր գաղափար մը կու տայ մեզի բացման հանդիսութեան եւ կեդրոնի բնոյթի մասին: Ընթերցելէ առաջ կ՛ուզենք ճշդում մը կատարել: Թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուի. «Որ հէնց արեւմտահայերէնն ու Արցախի բարբառն են հարազատ...

Գիտական Եզակի Կեդրոն

Գիտական Եզակի Կեդրոն

ՔՆԱՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Լուտովիկա եւ Յակբ Այնթապլեան Կեդրոնի գլխաւոր մասնագէտ Մայիսի 11-ին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանում տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որին ներկայ էին` ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալեքսանտր Մանասեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը, բանաստեղծ Մովսէս Մանուկեանը, ճանաչուած գրողներ,...

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցներու հրապարակումը աւելիով թէժացուց ներհասարակական մթնոլորտը: Կը թուի, որ շղթայական հակազդեցութիւններու շարքի դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն մեր երկրին մէջ: Բնականաբար նախ եւ առաջ խիստ մտահոգիչ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու ծառայութիւններու գլխաւորները կը գաղտնալսուին. եթէ չհրապարակուէր նման ձայնագրութիւն, տրամաբանօրէն կրնանք ենթադրել, որ գաղտնալսումներն...

Ուսանելի Օրինակներ

Ուսանելի Օրինակներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի: Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել`  առաջարկելով «Նիւ տիլ»ևը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը` Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը,...

Թրքական Լիրան` Ամերիկեան Տոլարին Դէմ Յանդիման

Թրքական Լիրան` Ամերիկեան Տոլարին Դէմ Յանդիման

Ա. Ա. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողան կը հետապնդէ անիրագործելի ծրագիր մը: Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական սուր տագնապին պատճառով ստեղծուած անել վիճակէն դուրս գալու եւ թրքական տագնապահար տնտեսութեան առաւել վատթարացման առաջքը առնելու անիրապաշտ ծրագիրը կը վերաբերի արտաքին առեւտուրը թրքական լիրայով կատարելու նպատակի մը, որուն մասին քարոզչութիւնը արդէն իսկ սկսած է: Թէ ի՛նչ դրոյթներու վրայ հիմնուելով նման ծրագիր մը կարելի է իրագործել,...

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

«Ով Մարդկային Արդարութիւն…» Թուրքիան «Մտահո՜գ» Է Կոտորածներով

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Սիրիայի հարցով թեհրանեան գագաթնաժողովում Թուրքիան, ի դէմս Էրտողանի, քաղաքական պարտութիւն կրեց լոկ անազնիւ կեցուածքի ու դիրքորոշումների պատճառով... Միաժամանակ թէ՛ մեխին եւ թէ՛ նալին խփելով ու դիւանագիտական լարախաղացութեամբ Թուրքիայի հնարքները յօդս ցնդեցին` Սիրիայի ու մասնաւորապէս Իտլիպի հարցում Իրանի եւ Ռուսաստանի սկզբունքային դիրքորոշման առկայութեամբ: Եւ սա` այն դէպքում, երբ դեռ սեպտեմբեր 7-ին, եռակողմ նիստի նախօրեակին, Թուրքիայի...

«Միացեալ Նահանգները Տակաւին Չեն  Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Չեն Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ժողովուրդներէ բռնի խլուած տարածքներու եւ հայրենիքներու վրայ հիմնուած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը` «Միացեալ Նահանգները տակաւին չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը»: Ան իր այս անկեղծ յայտարարութեան կողքին, դարձեալ խօսքը ուղղելով իր երկիրը պատժող ու սպառնացող Միացեալ Նահանգներուն, կատարած է ճշմարիտ այլ վկայութիւն մը` «Մենք ունինք այնպիսի պատմութիւն մը, որ այդպիսի սպառնալիքներով մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:...

Երեք Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Երէկ  Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի  Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Անդրադարձ. Վերյիշեցում Եւ Ստորնացում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ պետութիւնը առկախած է Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելուն դէմ իր հաստատած 3-ամեայ արգելքը եւ «վեհանձնաբար» արտօնած, որ հայերը 9 սեպտեմբերին այդտեղ պատարագ մատուցեն Խաչվերացի տօնին առիթով: Եւ որպէսզի պատարագի մասնակիցներուն կամ այլոց մտքերուն մէջ յանկարծ անտեղի շփոթ մը չստեղծուի, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարն ու թուրք պաշտօնատարներ` իբրեւ «հիւրընկալ տանտէրեր», ներկայ գտնուած...

Անցեալի Անվերապահօրէն Համընդհանուր Ճանաչումը Կ՛ամրապնդէ Հայութեան Ներքին Հաշտութիւնն Ու Համերաշխութիւնը

Անցեալի Անվերապահօրէն Համընդհանուր Ճանաչումը Կ՛ամրապնդէ Հայութեան Ներքին Հաշտութիւնն Ու Համերաշխութիւնը

«Համազգային»-ի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը կը նշենք: Յոբելենական հանդիսութիւնները ընդհանրապէս անցեալին հետ յարգանքով վարուելու եւ հպարտանալու առիթներ են`  ինքնագովութեան պահեր. բայց այսօր կրկնելու գնով կ’ուզենք խօսիլ հարցի մը մասին, որ առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունենալու երեւոյթը ունի, սակայն հիմնական ձեւով կը ղեկավարէ հաւաքականութեան մը մշակութային զարգացման ուղին` ստանալով գոյութենական իմաստ: Վերջ ի...

«Համազգային»ի 90-ամեակը Մարտահրաւէր Է Մեր Երիտասարդութեան Համար՝ Հայրենիքէն Մինչեւ Սփիւռքի Ամենահեռաւոր Անկիւնները

«Համազգային»ի 90-ամեակը Մարտահրաւէր Է Մեր Երիտասարդութեան Համար՝ Հայրենիքէն Մինչեւ Սփիւռքի Ամենահեռաւոր Անկիւնները

Համազգայինի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին անունով կը շնորհաւորեմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը: Համազգայինի հիմնադրութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` ո՛չ միայն որովհետեւ ան հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տասնամեակի օրը` 1928-ի մայիս 28-ին, այլ նաեւ անոր համար, որ անոր հիմնադիրներուն մէջ էին Հայաստանի Հանրապետութեան...

Թուրքիոյ Յեղաշրջման  Փորձին Ընթացքին Հայեր Չեն Տուժած

Զանգուածային Յանցագործութիւն Մը Ու Անոր Հետեւանքները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «6-7 սեպտեմբերի դէպքեր» անունով յիշուածը իրականութեան մէջ միայն մօտ անցեալին պատահած աղէտ մը չէ՛: Իր ազդեցութիւնները շատ խոր եղած են քաղաքի (Պոլիս, խմբ.) եւ հետզհետէ երկրի պատմութեան մէջ: Ներկայիս աւելի քան 15 միլիոն ենթադրուած քաղաքի բնակչութիւնը 6-7 սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ, պատահած` 1955-ին, հազիւ կը մօտենար մէկ միլիոնի, որուն 200 հազարը, կամ համեմատելով` ըսենք մէկ հինգերորդը,...

Ընտրապայքարի Թելադրանքով

Ընտրապայքարի Թելադրանքով

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Այն օրէն, երբ ընտրապայքարի ազդանշան տրուեցաւ, այս պարագային` Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար, երկրին մէջ տիրապետողը դարձաւ ընտրապայքարին թելադրած մթնոլորտը, որուն ընթացքին դժուար թէ կարելի ըլլայ ակնկալել, որ պայքարող կողմերը իրարու սիրոյ պատգամներ պիտի փոխանցեն: Այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ հիմա, եւ այդպէս պիտի չըլլայ նաեւ այն օրէն, երբ պիտի յայտարարուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն թուականը: Այս փուլին մամուլն ու...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Հաւաքական Նպատակասլաց Կեանքի Տեսլականի Ի Խնդիր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Այո՛, հայ ժողովուրդը ունի տեսլական, որ կը խտանայ իր հիմնական նպատակներու աստիճանական իրագործման մէջ. այս` որպէս հիմնական վերնագիր, իսկ հայ մարդուն համար հիմնական այդ նպատակը կը կայանայ Հայաստանի ու Արցախի  ուժեղացմամբ ու ժամանակակից, արդի պետութեան կայացումով: Պետութիւն մը, որ յուսալի եւ խանդավառող ընթացք որդեգրած է դէպի արդար հասարակակարգ եւ ընկերա-տնտեսական համակարգ, որ կը յատկանշուի ժամանակակից եւ արդի պետութեան...

Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան

Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Մամուլը գուժեց Արեթա Ֆրանքլինին մահը: Լէյտի Սոուլը մահացաւ Տիթրոյթի մէջ` շրջապատուած հարազատներով: Աշխարհի բոլոր ծայրերէն մարդիկ սգացին աստղին մահը` մինչ այդ աղօթքներ մրմնջելով մահամերձ վիճակին մէջ գտնուող երգչուհիին համար: Ժամանակաշրջանի ամէնէն յայտնի սեւամորթ երգչուհին մահացաւ 76 տարեկանին, երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելով: Տարի մը առաջ յայտարարած էր հանգստեան կոչուելու մասին: Բժիշկները արգիլած էին բեմ ելլել: Հինգուկէս տասնամեակ բեմին վրայ...

Page 508 of 806 1 … 507 508 509 … 806

Արխիւներ