Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

September 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այս ամառ ուրախանալի երեւոյթ էր, որ շաբաթը եօթը օր Հայաստան թռիչք ունէինք: Նոյնիսկ շաբաթներ եղան, որ թիւը իննի հասաւ:

Հետաքրքրական եւ քաջալերական երեւոյթ էր նաեւ, որ ոչ հայերու մեծ թիւ մը Հայաստան երթալու բնական փափաք մը կը դրսեւորէր: Աւելի ուրախալի էր անոնց վերադարձէն ետք դրական արտայայտութիւնները մեր հայրենիքի մասին:

Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան ալիքի աճը իսկապէս  սրտի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ: Մանաւանդ որ Հայաստանի ապահովութիւնը, յարմարութիւնները, մաքրութիւնը, տեսարժան վայրերու մուտքի յարմար սակերը, բոլորը գումարած` ընդհանուր լաւ մթնոլորտ մը ստեղծած են:

Ուրեմն պատահեցաւ, որ այս տարի երկու անգամ Հայաստան երթալու բախտը ունենամ: Օդակայանը  սպասման սրահին մէջ հանդիպեցայ ընտանիքներու, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը որոշած էին Հայաստան անցընել, ոմանք առաջին անգամ ըլլալով, ուրիշներ` երրորդ կամ աւելի անգամներ:

Սակայն ցաւալին հոն էր, որ այդ ընտանիքներէն մաս մը մեր հայկական վարժարաններու ծնողներ էին, որոնք ամբողջ տարին նիւթական իրենց պարտաւորութիւնը չէին կատարած: Աւելի՛ն. օժանդակութիւններու դիմած էին, նպաստներ ստացած էին ֆոնտերէն, գոնէ մէկ-երկուքը անձամբ գիտեմ, եւ հիմա հաւանաբար «պարտք»-ով Հայաստան կ՛երթան: Մինչ, անդին, պարտականութեան գիտակցութիւնը ունեցող ծնողներ, որոնք իրենց հացէն ու հագուստէն զրկած եւ դպրոցին վճարած են չեն կրնար Հայաստան երթալ:

Այս հարցին մէջ ուրիշ հարց կայ: Այս օրերուն, կարծէք, հայկական վարժարան ղրկելու մեր ծնողներու որոշումը այնպէս մը կը թարգմանուի, որ մենք` պատասխանատուներս մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլանք իրենց:

Այսինքն կը մնայ, որ հայկական վարժարան ղրկելու որոշումը տան միայն, մնացածը ազգը պէտք է հոգայ. չէ՞ որ հայկական վարժարան կը ղրկեն: Եթէ շատ գանգատինք, դպրոցէն կը հանեն: Այս ձեւով ալ տնօրէններուն կը սպառնան:

Ժամանակին մեր ծնողները ազգին շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ հայկական վարժարան կը պահուի: Հիմա ազգը շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ ծնողները` «գիտակից» ծնողները ազգին դպրոցները կը պահեն:

Շատ ծիծաղելի է:

Այսօր ազգը շնորհակալ պիտի ըլլայ, որ հայ աշակերտը հայկական դպրոց կը յաճախէ եւ կրթական, նիւթական, բարոյական ու երբեմն ընկերային, առողջապահական, դատական բոլոր հոգերը ազգը կը ստանձնէ:

Ուրիշ խօսքով, կ՛աղաչենք, որ հայկական վարժարաններու յանձնէք ձեր զաւակները:

Ո՛չ, սիրելիներ:

Այսպէս կարելի չէ շարունակել: Կա՛մ երկուքս զիրար պէտք ունինք, կա՛մ ալ եթէ խօսք պիտի լսենք, միայն պիտի ակնկալենք, բայց նուազագոյն ներդրումն ու գիտակցութիւնը պիտի չունենանք, չենք կրնար շարունակել:

Առաջնահերթութիւնները գիտնալը շատ կարեւոր է: Առաջնահերթութիւնները զգալը շատ կարեւոր է: Ազգային կառոյցները չեն եղած անսահման ծառայութեան համար: Եղած են փոխադարձ ծառայութեան յանձնառութեամբ:

Բոլոր ֆոնտերը ինքնանպատակ կ՛ըլլան, եթէ ֆոնտերէն օգտուողները միայն օգտուին:

Սկզբունքը այն է, որ ինչ որ ազգը կու տայ, պարտաւոր ես ազգին վերադարձնել: Խօսքով, գործով կամ յանձնառութեամբ:

Հայկական վարժարանները իրենց բոլոր բացթողումներով մեր Հայ դատի, հայապահպանութեան եւ ապագայի կերտման օճախներն են:

Այս ոգիով մեր զաւակները յանձնենք հայկական հաստատութիւններուն: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

Վերջապէս, կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: Որեւէ հարցի, որեւէ իրաւունքի, որեւէ դժուարութեան պարագային, դուք որքան ալ հայութենէ հեռանաք, օտարանաք եւ քաղքենիանաք, ձեզ հայ պիտի սեպեն: Այնպէս որ, մեր միութիւնը զօրութիւն է: Այսպէս է, որ զօրաւոր կը մնայ մեր համայնքը: Այսպէս է, որ ճառագայթող կ՛ըլլայ լիբանանահայութիւնը:

 

 

Նախորդը

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

Յաջորդը

Հիւսիսային Օսեթիոյ «Ուրուականի Վերածուող» Գաղութը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.