Ի՞նչ Կը Ներկայացնէ Հայրենիքը Մեզի Համար
ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ապագայ լրագրող Ի՞նչ կը ներկայացնէ հայրենիքը մեզի` սփիւռքահայ երիտասարդներուս համար: Երբ այս հարցումը ուղղես հայ երիտասարդներուն, անոնց բոլոր կարծիքները այս նիւթին շուրջ` կարելի է ամփոփել հետեւեալ քանի մը պատասխաններով. Կարէն Պոյաճեանը կ՛ըսէ. «Հայրենիքը ինծի համար պարզապէս հողային տարածք մը չէ, այլ` սրբավայր մը, որ ամէն բանէ վեր է, եւ որուն գոյատեւման համար պէտք է պայքարի իւրաքանչիւր հայ պատանի,...


















