Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրոյ Բացակայութեան

Սեպտեմբեր 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ 

Թող անիրապաշտ, ժամակավրէպ ու անգործնական համարուին այս տողերը, բայց կ՛ուզեմ նշել, որ այսպէս սնանած ենք մենք` առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւատացողներս, մենք կ՛ապրինք մեր հեքիաթները, մեր սիրով ու յոյսով շաղախուած հեքիաթները` իրականութիւն դարձնելու անկոտրում վճռակամութեամբ:

Կար ու չկար` բարոյականութիւն հասկացողութիւնը կար, որ չէր սահմանափակուեր լոկ կուսաթաղանթով, ունէր աւելի ծաւալուն հասկացողութիւն եւ ներկայ էր մեր ազգային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Կար ու չկար մե՜ծ սիրով առաջնորդուելու եւ առաջնորդելու վճռակամութիւնը կար:

Եղեռնազարկ ժողովուրդի հացի կարօտ բեկորներ, արդարութեան, ազատութեան ծարաւով մազապուրծ անարգ մահէն ազատած, աննկարագրելիօրէն բռնաբարուած արժանապատուութեամբ, սակայն կեանքին, ազատութեան եւ արդարութեան ատամներով կառչած` կանգնած էինք միասնաբար այս արեւին տակ մենք մեզ վերահաստատելու, նորէն սիրելու, յուսալու եւ հաւատալու հրամայականին առջեւ:

Եւ մշակն ու բանուորը միացան` բազմիցս ճզմելով շահագործող ցեցերը, առա՛ջ գացին, եղբայրական սիրո՛յ զէնքով հազար բարիք ժայթքեցին, անվախ քարին տակ չոքող ժողովուրդը կազմակերպ ա՛զգ դարձաւ, անսխալ խփողը, մտաւորականն ու հոգեւորականը մէկ պատնէշի վրայ կանգնելով, միւռոնաբոյր արեամբ գրեցին` ամբողջ աշխարհին աչքը ծակելով ամենագեղեցիկ հեքիաթները… Հեքիաթնե՞ր, մի՞թէ հեքիաթ է Լիզպոնը, հեքիա՞թ են մեր աշխարհասփիւռ մամուլն ու հայկական դպրոցները, մեր հաւատքի տուներն ու ակումբները: Հեքիաթ են ազատ Արցախն ու անկախ Հայաստանը:

Անսակարկ ինքնամոռաց սիրոյ, բարոյականութեան, անհո՜ւն զրկանքի, տառապանքի ծնունդ են այս բոլորը: Հազարաւոր չհամբուրուած համբոյրներու, անվերադարձ մեկնած խրոխտ հայրերու, որբացած հազարաւոր արեւ աչուկներով երեխաներու, արցունքով, արիւնով, քրտինքով երգուած, ապրող, որոտացող առասպել է սա, ի՜նչ հեքիաթ:

Բայց մենք որքա՜ն շուտ մոռցանք մեր անցեալը, երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծածանող եռագոյնը իրենց ամենահամարձակ երազներուն մէջ տեսնողները օրհնուած, բախտաւոր եւ ընտրեալ կը համարուէին: Եթէ ասկէ երեսուն տարի առաջ մէկը խօսէր այսպիսի հրասայլերով, թնդանօդներով, հեռահաս հրթիռներով, ուղղաթիռներով, մարտունակութեամբ, շռնդալից յաղթանակներ տարած հայկական բանակի մասին, զինք, հէ՜յ վախ,  զառամած կը համարէին:

Մենք զառամած ազգ չենք, մեր սերունդը Սասունցի Դաւիթի առասպելը քանի՜ անգամներ ապրելու, շօշափելու բախտաւորութիւնը ունեցաւ, երբ ազատագրուեցան` Շուշին, Քարվաճառը, Մարտակերտը, Մարտունին… Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը կը դառնան աշխատելաոճ, ոչ միայն հեքիաթներ կ՛իրականանան, այլ առասպելներ կը վերապրուին` ի զարմանս աշխարհի եւ մեզի ալ…

Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, սակայն, այս նորօրեայ, ազնիւ, զուլալ, միւռոնաբոյր հերոսապատումն ալ իր զրկանքներու եւ տառապանքներու առումով մենք ազգովին չվերցուցինք: Ազգին մեծամասնութիւնը տառապեցաւ, եղաւ առանձնաշնորհեալներու, տականքներու խաւ մը, որ պալատներ կառուցեց` ի Հայաստա՜ն եւ ի սփի՜ւռս աշխարհի:

Մեր լաւագոյն տղոց շատերուն բանտն ու տառապանքը բաժին ինկան, համազգային զարթօնքն ու անզուգական եռանդը հազար անգամ ծախուեցան ագահութեան, անխելքութեան: Վերջապէս, ի՞նչ է այդքան միլիառներ դիզելու իմաստը, բացատրեցէ՛ք, լուսաւորեցէ՛ք մեզ: Մարդ քանի՞ միլիառ կրնայ  ծախսել այս կեանքի ընթացքին, լա՜ւ, քանի սերունդ անհրաժեշտ է ապահովել միլիառներով…

Սա խելամտութի՞ւն է, թէ՞ անխելքութիւն:

Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը քաղաքականութիւն, գործելաոճ եւ ապրելաձեւ դառնան, կար ու չկարը կը դառնայ առօրեայ, կը ծնին շա՜տ Սասունցի Դաւիթներ, Արտաւազդը բազմի՛ցս կը փշռէ իր շղթաները եւ կ՛եղիցի ԼՈ՛ՅՍ:

11 սեպտեմբեր 2018
Արագած, Պէյրութ

Նախորդը

Վերամուտի Առիթով Պայուսակներ Եւ Գրենական Պիտոյքի Տրամադրում

Յաջորդը

Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը. Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?