Կազմողներ` Պատմաբան Սեդա Գալստեան
Լուսանկարիչ` Գաբրիէլ Փանոսեան
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին, չորս հիմնական անուններ կը յստականան մտքիս մէջ: Արամ Մանուկեան` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Սիմոն Վրացեան` որպէս Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վարչապետներ, որոնք գրի առած են հանրապետութեան պատմութիւնը, եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան` որպէս պատմաբան, որ իր հինգ հատոր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով լոյսին բերաւ 1918-1920 թուականներու Հայաստանի Հանրապետութեան երկու տարիներու կեանքը իր բոլոր մանրանասնութիւններով:
զարգացումը» հատորները կը մնան անսահման շտեմարան այլազան գիտելիքներու եւ քաղաքական վերլուծումներու: Անոնք կը նկատուին սկզբնաղբիւրներ` Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մասին: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի աշխատանքը ունի պատմագիտական մեծ արժէք, մանաւանդ` օտար ուսումնասիրողներու համար, նկատի առնելով, որ անգլերէն լեզուով գրուած է:
Բնականաբար այս նշումները չեն միտիր նսեմացնել այլ հրատարակութիւններ եւ յուշագրութիւններ, որոնք գրուած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած գործիչներու կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մասին ցարդ կային (եւ կան) Հրաչ Տասնապետեանի «Արամը» հատորը, Արամ Մանուկեանի շիրիմը Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ, լքուած բնակարանը Երեւանի սրտին վրայ եւ կիսանդրին Երեւանի ներքին գործոց նախարարութեան մուտքին` զետեղուած Հայաստանի վերանկախացումէն ետք:
Եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ, բնականաբար, հայութիւնը ուզեց վերակենդանացնել հանրապետութեան ստեղծման պանծալի տարեդարձը` արժանի յարգանք մատուցելով հայոց պետականութեան վերածնունդի կերտիչներուն:
Անկախ տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած այլազան բնոյթի ձեռնարկներէն եւ յիշատակութեան արժանի քանի մը եզակի ծրագիրներէն` յատկապէս կարելի է յիշատակել «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» պատկերազարդ հատորին հրատարակութիւնը, «Արամ Մանուկեանի նամականին» մեծածաւալ հատորի հրատարակութիւնը (հրատարակութեան պատրաստուած պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ) եւ Երեւանի հրապարակին վրայ կանգնած Արամ Մանուկեանի յուշարձանը` Հայաստանի պետութեան նախաձեռնութեամբ:
Այս նշմարը կը միտի ներկայացնել «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» հատորը (Երեւանի մէջ լոյս տեսած), զոր հրատարակութեան պատրաստած են պատմաբան Սեդա Գալստեանը եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը:
Հատորի առաջին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ մայիսին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ պետական համալսարանի տնօրէնութեան:
Աւելի քան ութ ամիսներու ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է այս հատորը: Այս հատորի աշխատանքներուն մեծապէս իրենց օժանդակութիւնը բերած են` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թանգարան-հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան Ազգային թանգարանը, զօրավար Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) թոռնուհին Իրինա Կանայեանը եւ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետներէն Համօ Օհանջանեանի թոռնուհին` Լիզա Մեհրապեանը:
Հրաշալի հրատարակութիւն մը, որ 100 էջերու մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու երկուքուկէս տարիներու գործունէութեան ամփոփ պատկերը:
Իրականութեան մէջ այս հատորը ալպոմ մըն է, հարուստ` լուսանկարներով եւ արխիւային նիւթերով, որոնք լոյսին կը բերեն հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն յիշարժան իրագործումը, որ հայկական պետականութեան վերածնունդն է Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն 543 տարի յետոյ` 28 մայիս 1918-ին:
Ընտիր տպագրութեամբ, գեղարուեստական գեղեցիկ ներկայացումով, պատմական մեծ արժէք ներկայացնող արխիւային նիւթերով եւ լուսանկարներով հարուստ այս հատորը հրաշալի հրատարակութիւն մըն է , որ յաջորդական պատկերներով լոյսին կը բերէ 1918 մայիս 28-ով վերածնած հայոց անկախ պետականութեան շուրջ 2,5 տարիներու կեանքը` 18 բաժիններով, 100 էջերու վրայ: Ալպոմին մէջ տեղ գտած են հանրապետութեան կեանքին գրեթէ բոլոր բնագաւառները` Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, Արամ Մանուկեան, ազգային բանակի ստեղծումը, մայիսեան հերոսամարտեր (Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա, Բաշ Ապարան), Լոռի, Ախալքալաք, Զանգեզուր, Նախիջեւան, Ղարաբաղ, կառավարութիւն, խորհրդարան, դատական համակարգ, Արեւմտահայերու Բ. համագումար, դիւանագիտութիւն, տնտեսութիւն, գաղթականներ, արուեստ, մշակոյթ, կրթութիւն, քաղաքական ինքնավարութիւն եւ Հայաստանի խորհրդայնացում: Յատկանշական է, որ հատորը կ՛աւարտի ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով, եւ լուսանկարները կ՛աւարտին «Նեմեսիս»-ի հերոսներու նկարներով:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են` Հայաստանի ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն: Իրենց սրտի խօսքը ըսած են նաեւ հեղինակները:
Հատորի անդրանիկ հրատարակութեան եւ պատրաստութեան համար իր զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը բերած է Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն` հոգալով բոլոր ծախսերը:
Հատորին արեւմտահայերէն հրատարակութիւնն ու արեւելահայերէն Բ. հրատարակութիւնը հովանաւորած են տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեանները, Սան Ֆրանսիսքոյէն:
Ահաւասիկ մեր տրամադրութեան տակ կը գտնուի այս նոր յուշարձան-ալպոմը, որ կոչուած է կենդանի պահել հայոց անկախութեան ձգտումը սերունդէ սերունդ: Ալպոմը նաեւ արժանի յարգանք է պետականութիւն ստեղծած այն սերունդին` որոնց շնորհիւ է, որ մենք այսօր ունինք անկախ Հայաստան:
Պէտք է նաեւ յիշել, որ ալպոմի ամէնէն յիշատակելի լուսանկարները մեծ ծաւալով ցուցադրութեան դրուած են հատորի շնորհանդէսներու ընթացքին` կենդանի տպաւորութիւն ձգելով դիտողներուն մօտ:
Բարձր գնահատանքի արժանի հրատարակութիւն մը, որ պէտք է ներկայ ըլլայ բոլորիս տուներուն մէջ: Ճիշդ կ’ըսեն հատորին հրատարակիչները, որ «Հատորին նպատակն է ողջ հայութեան համար անցեալէն դասեր քաղել,պետական մտածողութիւն սերմանել եւ հայրենասիրական ոգիով տոգորել»:
Այս հրատարակութեան մէջ կան շատ բաներ, որոնք այսօր տակաւին այժմէական են մեր պետութեան զարգացման համար:
3 սեպտեմբեր 2018
Մուսա լեռ- Այնճար