Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 2025 թուարկումով տարուան վերջին օրն է այսօր: Գիշերը պիտի դիմաւորենք Նոր տարին: Գրաւոր մամուլը, լսատեսողական միջոցները, արդի լրատուական բազմազան ու անդադար նորոգուող միջոցները լիքն են անցնող տարուան եղելութիւններուն մասին վերլուծութիւններով եւ գալիքին համար բարի մաղթանքներով: Միութիւններ, կազմակերպութիւններ ու այլազան հաստատութիւններ շնորհաւորական գիրերով մաղթանքներ կը կատարեն: Ծանօթ ու անծանօթ մարդեր զիրար կը շնորհաւորեն ու բարի մաղթանքներ կը փոխանակեն: Նուէրներու...


















