Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

December 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

2025 թուարկումով տարուան վերջին օրն է այսօր: Գիշերը պիտի դիմաւորենք Նոր տարին: Գրաւոր մամուլը, լսատեսողական միջոցները, արդի լրատուական բազմազան ու անդադար նորոգուող միջոցները լիքն են անցնող տարուան եղելութիւններուն մասին վերլուծութիւններով եւ գալիքին համար բարի մաղթանքներով: Միութիւններ, կազմակերպութիւններ ու այլազան հաստատութիւններ շնորհաւորական գիրերով մաղթանքներ կը կատարեն: Ծանօթ ու անծանօթ մարդեր զիրար կը շնորհաւորեն ու բարի մաղթանքներ կը փոխանակեն: Նուէրներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ:

Քանի մը օրուան տօնական դադարէն ետք, կեանքը կը վերսկսի սովորական կշռոյթով: Տագնապները կը յամենան, պատերազմները կը շարունակուին, հոգսերը չեն փարատիր: Երկիր մոլորակը կը շարունակէ իր կանոնաւոր թաւալումը արեւին շուրջ, առանց երկվայրկեան մը իսկ կանգ առնելու: Մարդերը սակայն, մանաւանդ անոնք, որոնք հոգերու տակ կքած են, կը յուսան, որ գալիք տարին ըլլայ հոգերու ու տառապանքներու նուազման առիթ, նոր հնարաւորութիւններու միջոց, բարգաւաճման ու երջանկութեան ընծայում: Ամանորեան մանկական երգի բառերով` «երջանկաբեր Նոր տարի»:

2025 տարին բաղձալի տարի մը չեղաւ մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ որդեգրուած հայրենիքին` Լիբանանի համար: Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը խորհրդարանի երկու երրորդը գերազանցող ձայներով բարելաւման յոյս ճառագայթեց ապահովական, տնտեսական ու ընկերային անդադրում տագնապներ դիմագրաւող լիբանանցիներուն հոգիներուն: Նախագահին երդմնակալութեան խրոխտ ճառը եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը ամրապնդեցին այդ յոյսը: Եղան սակայն միայն փոքր ու մասնակի յաջողութիւններ, իսկ կացութիւնը մնաց տագնապալի ու անհեռանկար: Մաղթենք, որ Նոր տարին բերէ այն հեռանկարը, որ խոստացան մեզի հանրապետութեան նախագահը եւ կառավարութիւնը: Յաջորդ տարին Լիբանանի համար խորհրդարանական ընտրութեան տարի է: Հայ համայնքը պիտի կարենա՞յ այս առիթով վերականգնել իր երբեմնի միասնականութիւնը եւ ապահովել ընտրութիւնը այնպիսի հայ երեսփոխաններու, որոնք իրողապէս կը ներկայացնեն մեր համայնքը եւ կը գործեն ի նպաստ հայութեան շահերուն: Ահա՛, լիբանանեան կացութեան բարելաւման առընթեր զուտ հայկական մաղթանք մը, որ յաջողութեան պարագային կրնայ վերածուիլ ջլատող անտարբերութիւնը ցրուող ու ազգային հպարտանքի առիթ մը:

Հայաստանի մէջ եւս 2026-ը ընտրական տարի է: Անցնող հինգ տարիները հանդիսացան իրերայաջորդ տագնապներու, բողոքներու, հալածանքներու երկար շղթայ մը: 2021-ի գարնան ընտրուած Ազգային ժողովը ունեցաւ երկու երրորդը գերազանցող մեծամասնութիւն մը: Այսպէս տնօրինեց պատերազմի ծանր պարտութենէն ցնցուած հայրենի ընտրողը: Յաղթական «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կազմած կառավարութիւնը պարտէր բարձրացնել տրամադրութիւնները եւ ազգին ու հայրենիքին կենսական շահերը պաշտպանող քաղաքականութիւն վարել: Սակայն կառավարութիւնը հակառակ ուղղութիւն որդեգրեց, հանդուրժեց Արցախի վերջնական կորուստը եւ հայաթափումը, հայկական տարածքներու գրաւումը եւ ի գին ցաւագին զիջումներու` ամէն գնով խաբուսիկ խաղաղութեան մը հետապնդումը: Պարտուողական իր վարքագիծը քողարկելու համար, իշխանութիւնները` խորհրդարան ու կառավարութիւն անդադար լուսանցքային տագնապներ յարուցեցին ու հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղեցին իրենց վարած ապազգային քաղաքականութենէն դէպի տարբեր ուղղութիւն: Վերջինը պետութիւն-եկեղեցի տագնապն է, որ կը շարունակուի ամիսներէ ի վեր:

Եթէ Նոր տարին բարեփոխում պիտի բերէ, ինչպէս կը յուսանք Ամանորի սեմին, Հայաստանի համար ցանկալի բարեփոխումը պիտի ըլլայ իշխանափոխութիւնը 2026-ի գարնան կայանալիք ընտրութիւններու միջոցով: Հայաստան անցնող եօթը տարիներու ընթացքին մխրճուեցաւ ամբողջատիրական վարչաձեւերը յիշեցնող տիղմին մէջ: Յենած բացարձակ մեծամասնութեամբ խորհրդարանի մը հլու եւ հնազանդ պատգամաւորներու զանգուածին վրայ, կառավարութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր ղեկավար վարչապետը կը վարեն հայութեան ազգային դիմագիծը խեղաթիւրող ապշեցուցիչ քաղաքականութիւն մը: Ընդդիմութիւնը, որուն բոլոր առաջարկները նոյնիսկ խորհրդարանի քննութեան առարկայ դառնալու հանգրուանին չեն հասնիր, վերածուած է լոկ բողոքող ու դժգոհող խմբակցութեան մը: Ժողովրդավարական ոգիի ամբողջական բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստան հետզհետէ վերածուեցաւ մէկ անձի քմահաճ որոշումներով կառավարուող երկրի մը: Նոր տարի` նոր իշխանութիւն մաղթանքը թող իրականութիւն դառնայ Հայաստանի համար:

Ամանոր է, ու իրաւունք ունինք դէպի լաւագոյնը փոփոխութեան յոյսը փայփայելու: Կ՛ըսեն, որ յոյսը յուսախաբ չ՛ըներ: Օգնենք, աշխատինք, որ բաղձանքը ճշմարիտ ըլլայ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի համար:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

Յաջորդը

Միջազգային Ֆութպոլի Վիճակագրութիւն. Փարիզ Սեն Ժերմենէն 6 Մարզիկներ Տարուան Լաւագոյն 11-ին Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.