«Կաթիլ Մը Պատմութիւն»…
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ ձեռնակառքի վրայ վաճառուող գիրքերու մէջ աչքիս զարկաւ գիրք մը` «Կաթիլ մը պատմութիւն» խորագիրով: Գնեցի եւ տուն վերադարձիս աչքէ անցուցի: Ամբողջութիւնը քաղուածք մըն է հին ու նորագոյն պատմական դէմքերու յանցագործութեանց եւ նշանաւոր դէպքերու, որոնց հիման վրայ հեղինակը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ «Վայրագութիւնն է պատմութեան ծնունդ տուող դայեակը» (յունարէն` մամի-դայեակ): Հեղինակը` Տիմիթրի Քամպուրաքի, յայտնի լրագրող-վիպագիր...




















