Կը Բուժուի՞նք Մեր «Մեղքի Բաժին»-էն
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յաճախ կը յիշեմ լուսարձակներէ եւ խօսափողներէ հեռու հայրենասէր հայ «Հայաստաններ»-ու ժառանգութեան տիրոջ գիտակցութեամբ ապրող եւ գործող ՀԱՅ ակադեմիկոսի մը երկտողին մէջ արձանագրուած այն միտքը, որ` «Մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»: «Մեղք»` ինչ կը վերաբերի մեր պարտութիւններուն, նահանջներուն, ձախողութիւններուն, լքումներուն: Այս «ինքնաքննադատական «բիրտ վճիռ»-ին մասին շատ կը մտածեմ, յաճախ կը յիշեմ, ամէն առիթով կը յիշեցնեմ եւ կը կրկնեմ:...




















