Երեւանէն լսուող աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու գործընթացը արագացնելու փորձերը յաջողութիւն չեն ներշնչեր ներկայիս: Ոմանք մինչեւ իսկ այսպէս կոչուած TRIPP-ի գործարկումէն ետք, անհաւանական կը գտնեն Թուրքիոյ կողմէ սահմաններու լիակատար բացումը: Առաւելագոյնը՝ 2026 յունուարէն, դիւանագիտական անցագիր կրողներուն միայն արտօնուի սահմանը հատել: Այս ալ միայն ենթադրութիւն մըն է:
Հայաստանի իշխանութիւնները 8 օգոստոսի երեկոյեան ամբողջ աշխարհով մէկ աւետեցին ճանապարհները բացուելու լուրը: Իսկ ներկայիս կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս համոզել թուրքերուն, որ բանան սահմանը:
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները կը մնան ժամանակակից միջազգային քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ամենաբարդ եւ բազմաշերտ հարցերէն մէկը։
Տարիներ շարունակ, լռութիւն կը տիրէ հայեւթուրք բանակցութիւններու ընթացքին իրական բովանդակութեան մասին: Բանակցութիւնները կ՛ընթանան մշուշոտ: Ոչ ոք տեղեակ է քննարկուող օրակարգերէն: Առիթներով միայն կ՛իրազեկուին լաւատեսութիւն ներշնչող խոստումներ, առանց բացատրութեան, առանց մտածողութեան յստակացման։
Երբ խօսքը կը վերաբերի պետութեան գերիշխանութեան, պատմական ժառանգութեան եւ անվտանգութեան, լռութիւնը կը դառնայ վտանգ։
Դարաւոր հակամարտութիւնը, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, տարագրութիւնը, Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանէն փակ սահմաններու իրողութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարին հետեւանքով Հայաստանի դէմ տնտեսական շրջափակումը, 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին անվերապահ աջակցութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական վերջին փոփոխութիւնները երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները դրած են պատմագիտական, իրաւական, անվտանգային եւ դիւանագիտական առանցքային հանգոյցի մը մէջ։
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները, որ սնած են մեր ժողովուրդի կոթողային փորձառութենէն ու դարաւոր ցաւերէն, այսօր ալ կը մնան մեր ազգային մտածողութեան ու քաղաքական օրակարգին ծանրագոյն հարցերէն մէկը։ Ցեղասպանութենէն յառաջացած բաց վէրքերը, պատմական արդարութեան չվերականգնուած պահանջը բարոյական պարտադրանք մը կը յառաջացանեն, որուն մէջ հայը ոչ միայն իր պատմութիւնը կը պաշտպանէ, այլեւ կը պահանջէ իր արժանապատուութեան ամբողջական հատուցումը։
Միաժամանակ, ժամանակակից աշխարհակարգը մեզ կը դնէ նոր խնդիրներու եւ քաղաքական ընտրութիւններու դարպասին առջեւ։ Միջազգային քաղաքականութեան խաչմերուկին, Թուրքիոյ անփոփոխ եւ հետեւողական հակահայ ռազմավարութիւնը կը բախի մեր ազգային գոյութեան եւ պատմական յիշողութեան։ Հետեւաբար Հայաստանի համար պէտք չէ ընկալուի իբրեւ քաղաքական պարզ մօտեցում մը․ ան ունի ինքնութեան, հոգեբանական խորք, ազգային գոյութեան կշիռ:
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր խորհրդանշական կամ զանգուածային կապերով: Անոնք կը ներառեն ամբողջ հաւաքական յիշողութեան, արդարութեան եւ գոյատեւման միջեւ ընթացող մաքառումներ: Նախապայմանը ոչ թէ սահմանին հապճեպ բացումը պիտի ըլլայ, այլ՝ ազգային շահերու պահպանման եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան յստակ երաշխիքը:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը յուշ կամ բարոյական պահանջ չէ միայն: Հայեւթուրք յարաբերութիւններու հիմքը հայոց պետականութեան ինքնութիւնն ու անվտանգութիւնն է: Ցեղասպանութիւնը ժխտելով՝ Թուրքիա կը շարունակէ իր սպառնալիքի եւ ճնշման լեզուն։ Ճանաչումը կրնայ դառնալ փոխադարձ յարաբերութիւններու անշրջանցելի օղակը, որովհետեւ առանց պատմական իրողութեան համակողմանի ընդունման՝ յարաբերութիւնները կը կորսնցնեն բարոյական հիմքը եւ կը վտանգեն Հայաստանի միջազգային ինքնութեան:
Պետութիւն մը, որ կը ժխտէ իր կատարած ցեղասպանութիւնը, երբեք չի կրնար կայուն վստահելի գործընկեր դառնալ։ Իսկ պետութեան մը ղեկավարը, որ կասկածի ու հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նոյնքան խոցելի է, որքան ցեղասպանը:
Երկիր մը ինչպէ՞ս կրնայ «իրական» քաղաքականութիւն վարել, երբ անոր սահմանակից պետութիւնը տակաւին կը ժխտէ կատարած յանցագործութիւնը եւ կը շարունակէ պատմական սպառնալիքի քաղաքականութիւնը։
Պետութիւն մը, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, ինչպէ՞ս կրնայ ստեղծել կայուն եւ արժանահաւատ հաշտեցման ուղի: Միւս կողմէ, ինչպիսի՜ անվտանգային հետեւանքներ կրնան ունենալ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ աճող դերակատարութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ուղղուածութեան փոփոխութիւնը։
Միայն անցեալի յիշատակ չեն Արեւմտեան Հայաստանի վանքերը, եկեղեցիներն ու ժողովուրդի մը պատմամշակութային կոթողները. անոնք համայն ժողովուրդի մը պատմական քարտէսն են։ Թուրքիա, պարտաւոր է երաշխաւորել՝ յստակ վերահսկողական համակարգ, միջազգային կառոյցներու մասնակցութիւն (ԵՈՒՆԵՍՔՕ), պահպանութեան ու վերականգնման թափանցիկ կառուցուածքներ:
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական յանձնառութիւն է, որ անհրաժեշտ է ներառել իբրեւ բանակցութիւններու առաջնահերթ կէտ։ Առանց անոր յարաբերութիւնները կը դառնան ինքնանպատակ եւ վտանգաւոր։
Հայաստանի աշխարհագրական սահմանները ամրակայուած են միջազգային օրէնսդրութեամբ։ Սակայն Թուրքիոյ իշխանական եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ տակաւին կը գտնուին այնպիսիք, որ Հայաստանի տարածքը կը դիտեն իբրեւ պատմական “անվտանգային գօտի”։
Այս տրամաբանութիւնը կը պահանջէ սահմաններու անառարկելի ճանաչում, տարածքային ամբողջականութեան յստակ հաւաստագիր, եւ միջազգային երաշխաւորներու մասնակցութիւն։
Առանց անվտանգութեան պատշաճ հիմքի, սահման բանալ՝ կը նշանակէ քաղաքական ինքնասպանութեան ճանապարհ հարթել Թուրքիոյ սպառնալիքներուն առջեւ։
Հայաստանի համար առաջնահերթ է՝ սահմաններու անառարկելի ճանաչում, ռազմական սպառնալիքներու վերացում, օդային եւ ցամաքային անվտանգութեան միջազգային վերահսկելի երաշխիք։
Առանց այս երաշխիքին, սահման բանալը կը դառնայ վտանգ են, ոչ թէ յաջողութիւն։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը կազմեն տարածաշրջանային միասնական ճակատ։ Քաղաքական անթոյլատրելի սխալ մը պիտի ըլլայ հայեւթուրք երկխօսութեան օրակարգէն դուրս ձգել Արցախի հարիւր հազարէ աւելի տեղահանուած բնակչութեան տունդարձը:
Հայաստան պէտք է պնդէ իրաւունքներ՝ ապահով վերադարձ,
սեփականութիւն, մշակութային ինքնութիւն, եւ միջազգային պաշտպանութիւն։
Այս պայմանը միայն մարդասիրական քայլ մը չէ. անիկա համազգային անվտանգութեան հարց է։
Թուրքիա կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկերը։ Հայեւթուրք բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան պէտք է—թէեւ մեծ դժուարութեամբ— արցախահայութեան ապահով վերադարձը:
Սահմաններու բացումը անհնար է դիտել իբրեւ զուտ տնտեսական գործարք: Վնասող եւ տուժող կողմը անկասկած պիտի ըլլայ Հայաստանը: Գոյութիւն ունի իրական վտանգ՝ թրքական արտադրանքի կտրուկ ներխուժում, ազգային տնտեսութեան կախուածութիւն, ներքին շուկայի հսկողութեան կորուստ, ռազմավարական ճնշման տակ երկարաժամկէտ մնալու լուրջ հաւանականութիւն։
Սահմանի բացումը պէտք է շաղկապուի՝ համաչափ մաքսային քաղաքականութեան, ռազմավարական ոլորտներու սահմանափակման, ինչպէս նաեւ պետական պաշտպանութեան կառուցուածքներու ամրապնդման հետ։
Թուրքիա այսօր կը փորձէ Կովկասը վերաձեւել իր աշխարհաքաղաքական ընկալումով։ Հայաստանի համար առաջնահերթ մտահոգութիւն պէտք է դառնայ չմտնել այնպիսի տնտեսական կամ անվտանգային նախագիծերու մէջ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի գերիշխանութեան:
Յարաբերութիւններու բնականոնացումը պէտք է ըլլայ երկկողմանի շահերու հիման վրայ, ոչ՝ իբրեւ դարաւոր ազդեցութեան շարունակականութեան արտայայտութիւն։
Հայաստանը պէտք է յստակօրէն մերժէ նման փապուղիի մը մէջ մտնելու արկածախնդրութիւնը, որ ծանր հարուած պիտի հասցնէ իր գերիշխանութեան կամ պիտի պարտադրէ թրքամէտ ուղղութիւն մը։
Յարաբերութիւններու բնականոնացում չի նշանակեր քաղաքական ենթակայութիւն:
Այս բոլորէն առկախ, թուրք հասարակութեան մէջ կը գործեն այնպիսի հոսանքներ, որոնք պատրաստ չեն տեսնել հայ ժողովուրդը իբրեւ ինքնուրոյն, արժանապատիւ կողմ։
Այս պատճառով անհրաժեշտ է ստեղծել՝ պատմագիտական երկխօսութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան կամուրջներ, որոնք կը յառաջացնեն հասարակական հիմք ՝ կայուն յարաբերութեան համար։ Մշակութային համագործակցութիւններ՝ որոնք պիտի փարատեն նախապաշարումները եւ կը հիմք դնեն խաղաղութեան՝ ոչ թէ իշխանական շահերով, այլ՝ հասարակութիւն–հասարակութիւն կապերով։
Յարաբերութիւններու բնականոնացումը ինքնին դրական գործընթաց է, սակայն Թուրքիոյ նկրտումներուն ընթացք տալ առանց սկզբունքային օրակարգի՝ կը վերածուի վտանգաւոր զիջումներու, որոնք կրնան կործանել Հայաստանի անվտանգութիւնը, տնտեսական եւ հոգեւոր հաստատունութիւնները։
Հայաստանի շահը կը պահանջէ՝ հրապարակային եւ ճշմարիտ օրակարգ, եւ երկարաժամկէտ արժանապատուութեան քաղաքականութիւն։
Մնացածը միայն պատրանք է։



