Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞մ, Թէ՞ Մեր Շահը

December 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Բան մը գրգռութեամբ կամ սնապարծութեամբ մի՛ ընէք. հապա խոնարհութեամբ մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք: Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը` իր ընկերոջն ալ»

Փիլիպեցիս 2:3-4

Մարդ անհատին անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»-ի եւ «մենք»-ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը: Եթէ մարդը կ՛ապրի իր «ես»-ով, բայց այդ պէտք է համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին` իմա՛ «մենք»-ին հետ: Այս երկու բաղադրիչները միշտ չէ, որ կը համընկնին իրարու: Կան հակադրուած իրողութիւններ այս երկու կենսական ինքնութիւններուն միջեւ, եւ անոնք միշտ չէ, որ հաշտ կրնան ընթանալ իրարու հետ: Մարդը կ՛ապրի իր «ես»-ով, եւ այս բնական է: Բայց թէ ինչպէ՞ս «ես»-ը պէտք է տեղադրել «մենք»-ի խճանկարին մէջ, կը մնայ իրագործելի առաքելութիւն:

Աստուած մեզի շնորհած է` ընտանիք, առողջութիւն, ժամանակ, ընդունակութիւններ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք: Բայց երբ անձնականը` «ես»-ը, կը դառնայ միակ չափանիշ, մեր կեանքի մտահորիզոնը կը նեղնայ, եւ մեր տեսիլքն ալ կրնայ խաւարիլ: Այս իմաստով, Պօղոս առաքեալի նամակը` փիլիպեցիներուն` ուսանելի է: Պօղոս առաքեալ չ՛անտեսեր «ես»-ի իրականութիւնը, երբ կ՛ըսէ` «Միայն ձեր անձերուն շահը»: «Միայն»-ը ցոյց կրնայ տալ, թէ «ես»-ը կայ եւ կը գործէ: Բայց ոչ միայն «ես»-ը:

«Փնտռել» բային յունարէն արմատը «skopeo» է, որ գործածուած է Աստուածաշունչի այս համարին մէջ. «Ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք». ասիկա պէտք է հասկնալ` իբրեւ նպատակասլաց ուշադրութիւն, միտումնաւոր կեդրոնացում եւ աշխուժ գիտակցութիւն: Այս իմաստով, «փնտռել» բային գործածութիւնը եւ անոր իմաստը պատահական բարութիւն չէ` այլ մտածուած դիտարկում:

«Փնտռել» բային մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ անհատին «ես»-ի փնտռտուքը, բայց նոյնքան նաեւ կայ կեդրոնացումը` դուրս գալու նոյն «ես»-էն եւ տեսնելու «մենք»-ին հետ փոխկապակցուածութիւնը: Հոսկէ պէտք է տեսնել, թէ «իմ»` իմա՛ «ես»-ի, եւ «մեր»-ի` իմա՛ «մենք»-ի, յաջող փոխկապակցուածութիւնը կրնայ դառնալ շահեկան, որ կ՛արտադրէ ուժ, եւ որ` հասարակութեան մէջ կրնայ ստեղծել արժէք: Այս արժէքն է, որ կեանքը պիտի կերտէ: Երբ մարդ կը սորվի իր տեսադաշտը ընդարձակել եւ ուրիշին կարիքը տեսնել, ան կրնայ դառնալ վստահութեան եւ սիրոյ կամուրջ մը հաւաքականութեան եւ ազգային կեանքի միջեւ, ինչ որ կը կերտէ ու չի քանդեր: Ընտանիքը, Եկեղեցին, համայնքը եւ ազգը կը զօրանան այն ատեն, երբ անոնց անդամները գիտեն իրենց մասնակցութիւնը դնել ուրիշին բարիքին եւ յառաջխաղացքին ի խնդիր: Այլ խօսքով, երբ անհատը բան մը «գրգռութեամբ եւ սնապարծութեամբ չ՛ըներ, այլ` խոնարհութեամբ»:

Երբ «իմ»-ը կը փոխարինուի «մեր»-ով, մրցակցութիւնը կը դառնայ համագործակցութիւն, փակ սիրտը կը վերածուի բաց ձեռքի, եւ անտարբերութիւնը կը փոխարինուի կարեկցանքի եւ փափկանկատ տրամադրութիւններով ու կեցուածքներով:

Մարդ անհատը կոչուած է «բան մը ընել»-ու իր երկրային կեանքին մէջ: Բան մը ընելը պարգեւ մըն է եւ նոյնքան նաեւ պարտականութիւն-պատասխանատուութիւն` տրուած Աստուծոյ կողմէ: Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը Իր պատկերովը եւ տեսաւ, որ բարի է: Մարդը, որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած է, ինքն ալ կը դառնայ ստեղծագործ` ստեղծելու համար նորը: Այս իրականութենէն մեկնելով է, որ մարդը Աստուծոյ կողմէ կոչուած է «բան մը ընել»-ու իր կեանքին մէջ, բայց` ոչ գրգռութեամբ եւ սնապարծութեամբ, այլ` խոնարհութեամբ: Այլ խօսքով, տիրական «ես»-ը փոխադրել «մենք»-ին մէջ, ուր բան մը ընելը կը ստեղծէ յառաջխաղացք:

Երբ «իմ»-ը կը կամրջուի «մենք»-ի իրականութեան հետ, այդ «բժշկութիւն» եւ «փրկութիւն» կը ստեղծէ: Այս իրականացաւ Քրիստոսով, որ աշխարհ եկաւ, որպէսզի «իր»-ը` իմա «ես»-ը, զոհէ յօգուտ «մենք»-ի: Քրիստոսի այս գործընթացը մարդկային կեանքի մէջ ստեղծեց  Նոր Կեանքը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ, եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք», Եսայեայ 53.5:

Քրիստոս աշխարհ եկաւ «բան մը ընել»-ու յստակ առաքելութեամբ: Քրիստոս իր «ես»-ը վիրաւորեց ու տակաւին ծեծուեցաւ, խաչուեցաւ ու մահացաւ, որպէսզի խաղաղութիւն բերէ: Այս խաղաղութիւնը, որ իրականացաւ իր յարութեամբ, իրեն համար չէր, այլ` մեր բոլորին: Ան իր «ես»-ը դրաւ «մենք»-ի իրականութեան մէջ, որպէսզի բոլորս փրկուինք եւ բժշկուինք: Եթէ մարդ արարածը բժշկուեցաւ, այդ միայն իրեն համար չէ, այլ հաւաքականութեան` մեր եւ մենքի համար, որպէսզի բոլորը փրկուին: Վերջապէս, «մարդ իր անձին օգուտը պէտք չէ փնտռէ, հապա` իր ընկերոջն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10.24): Քրիստոնէական աստուածաբանութեան շնորհած փրկութիւն-բժշկութիւնը կայացաւ, քանի որ Քրիսոտոս իր «ես»-ը դրաւ «մենք»-ի հաւաքական շահին համար, եւ ուր ստեղծուեցաւ Նոր Կեանքը: Նոր Կեանքը, որ եկաւ Իր «ես»-ին մէջէն, բայց դրուեցաւ «մենք»-ի իրականութեան համար:

Մեր համահայկական կեանքը այսօր կանգնած է «իմ-ես»-ի եւ «մեր-մենք»-ի մեծ առճակատումի դէմ յանդիման: Հայուն կեանքին մէջ այսօր «ես-իմ»-ը եւ «մեր-մենք»-ը կը կանգնին հակադիր կողմերու վրայ: Եթէ մեր համահայկական հարցերուն մէջ կան քաղաքական դժուար պայմաններ, աշխարհաքաղաքական կնճռոտ տուեալներ, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան մեր ազգային ու հայրենի կեանքերու վրայ, բայց ներհայկական իմաստով հայը ունի նոյնքան ՀՈԳԵՒՈՐ տագնապ: Հոգեւորը` իր քրիստոնէական աստուածաբանութենէն մեկնելով, ուր հայուն «ես»-ը չի համընկնիր «մենք»-ի իրականութեան հետ: Այսօրուան հայուն տագնապը. հայը կ՛ապրի բեւեռացուած  վիճակներու մէջ` ինք իր մէջ, հեռու հաւաքական ու ազգային կեանքի մէջ փրկութեան-բժշկութեան հասնելու տեսլականէն: Հայը պիտի տեսնէ, թէ ինք կոչուած է «բան մը ընել»-ու: Այդ բան մը ընելը միայն իր անձին համար չէ, այլ` մերի ու հաւաքականութեան համար, որպէսզի ապահովէ ազգային կեանքի համար փրկութիւնը եւ բժշկութիւնը: Հայը այսօր պէտք ունի «փրկութեան ու բժշկութեան», որպէսզի  դուրս գայ իր ազգային հազարումէկ հարցերէն:

Եթէ հայը այսօր կը ցաւի, ունի վիշտեր եւ կ՛ապրի անարդարութիւններ ու, տակաւին, կը տքնի խաղաղութեան համար, այս պիտի նշանակէ, որ «ես-իմ» շահը պիտի տեղափոխէ «մենք-մեր»-ի հաւաքական շահի գիտակցութեան մէջ: Եւ «իմ-մեր»-ի բաժնեկցութեան մէջ է, որ հայը պիտի գտնէ փրկութիւն-բժշկութիւն: Եւ խաղաղութիւն:

Ի՞մ, թէ՞ մեր շահը:

Անպայմանօրէն` ՄԵՐ շահը: Մեր շահին մէջ է հայուն փրկութիւնը: Եւ այս փրկութիւնը պիտի բերէ սպասուած խաղաղութիւնը:

Եթէ պիտի շնորհաւորենք մեր բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, պիտի մաղթենք, որ հաւաքական` իմա՛ մեր շահը, ըլլայ համահայկական իրականութեան համար ապրող իրականութիւն:

Դեկտեմբեր, 2025

Նախորդը

Նոր Տարիին

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Նամակ` Իմ Կաղանդ Պապայիս

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.