Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Նամակ` Իմ Կաղանդ Պապայիս

December 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Սիրելի՛ Կաղանդ պապա,

Ամէն տարի, Նոր տարուան նախօրէին, մանուկ դարձած, նամակներ կը ղրկէի անծանօթ Կաղանդ պապաներուն..: Սակայն ամէն անգամուն ալ կաղանդչէքներս կը մոռցուէին, կամ նամակներուս պատասխանները կ՛ուշանային, եւ տարին անցած ու գացած կ՛ըլլար, ու ես կը սրտնեղէի…

Այս տարի ես որոշեցի նամակս միայն քեզի գրել… ի՛մ Կաղանդ պապայիս, իմ հաւատացած իրա՛ւ Կաղանդ պապայիս` համոզուելով ու քաջ գիտնալով այլեւս, որ մնացեալ բոլոր Կաղանդ պապաները սուտլիկ են, կեղծ են եւ տարիներ խաբեցին զիս: Խաբեցին, այո՛, խաբեցին: Ես իրենցմէ շատ բան չէի ուզած, շատ բան չէի խնդրած, միայն մէկ բան էր փափաքածս, եւ չբերին, խոստացան ու չբերին: Արդարեւ, ինչպէ՞ս հաւատայի:

Ուրեմն, իմ շա՛տ սիրելի եւ թանկագին Կաղանդ պապա, հաճիս` լա՛ւ կարդա իմ փոքրիկ ու պարզ նամակս. զայն կը գրեմ հաւատալով, որ գոնէ այս տարի իմ կաղանդչէքս կ՛իրականանայ, եւ ես անհունօրէն կ՛ուրախանամ: Սակայն, քանի որ սկսայ նամակագրել, միտքէս անցաւ նաեւ քեզմէ խնդրել քանի մը մանր-մունր բաներ, թերեւս զանոնք կարենաս տոպրակիդ մէկ անկիւնը դնել եւ գալու ժամանակդ ճամբուդ վրան բաշխել:

Ես անձնասէր մարդ չեմ… չեմ ուզեր, որ միայն ինծի համար երկար ճամբայ կտրես եւ չափազանց յոգնիս: Դուն նախապէս, որքան որ գիտեմ, կու գայիր Հայաստան աշխարհէն` Հայաստանի լեռներէն, ձորերէն, ձիւներու եւ փոթորիկներու մէջէն, եղնիկներդ կը թռչէին սարէ սար, նախ կը բարձրանայիր Արարատ, ապա կ՛անցնէիր արցախեան լեռնաշղթայ եւ անտեսանելի ուժգնութեամբ կը հասնէիր Միջին Արեւելք, մայրիներու երկիր Լիբանան, կը հանգչէիր Սաննինի գլխուն վրայ եւ ապա` ուղղակի հայկական թաղեր, ու կ՛ուրախացնէիր մեծերն ու փոքրերը:

Հիմա՞, հիմա լսեցի, որ արգիլուած է քեզի բարձրանալ Արարատ, նաեւ արգիլուած է մեր սրբազան լերան անունը առնել բերանդ… Նաեւ առաջին անգամ լսեցի, որ Արարատը հայկական չէ, այդ լեռը մեզի հետ գործ չունի, ուստի դուն ալ ստիպուած ես ճամբու քարտէսէդ հանել Արարատը եւ Արարատ անունը…

Երկրորդ. լսեցի նաեւ, որ իրաւունք չունիս այցելելու Արցախ, քանի որ հոն այլեւս հայ չէ մնացած, հայաթափուած է հայ Արցախը, բայց ինչպէ՞ս Կաղանդ պապային պտոյտը ամբողջական կ՛ըլլայ, եթէ ան չայցելէ Արցախ եւ արցախեան քաղաքներ` Ստեփանակերտ, Հադրութ, Շուշի, Քարվաճառ…

Բայց հիմա, իմ ազնի՛ւ Կաղանդ պապա, կը լսեմ նաեւ, որ ապագային դիւրին դիւրին պիտի չկրնաս այցելել նաեւ Սիւնիք, աւելի հարաւ` դէպի Մեղրի, քանի որ հոն ալ կամաց կամաց պիտի դառնայ եղեր «Վտանգաւոր գօտի», քանի որ մեծ-մեծ աչքեր կ՛ուզեն կռուախնձորի վերածել Հայաստանի հարաւը, եւ մանաւանդ մեր արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացիները պիտի օգտագործեն եղեր հոն իրականանալիք միջանցքը: Այդ պարագային, քու սահնակդ ինչպէ՞ս անարգել պիտի անցնի: Չեմ գիտեր, շատ ալ չեմ ուզեր գիտնալ… հակառակ պարագայի՞ն… թերեւս այս նամակս ալ գրաքննութեան կ՛ենթարկուի, կա՛մ կ՛այրեն, կա՛մ կ՛անհետացնեն, կա՛մ ալ նամակիս դիմաց կը ստանամ անորոշ աղբիւրէ մը ազդարարագիր:

Կաղա՛նդ պապա, ներկայ լուսաւոր այս դարուն, կ՛ըսեն, թէ բովանդակ աշխարհի վրայ կը տիրէ ժողովրդավարութիւն: Բայց արդեօք իրա՞ւ է, դուն որ ամբողջ աշխարհը կը շրջիս, կա՞յ երկիր մը, ուր կը տիրէ իրապէս ժողովրդավարութիւն: Ես ամէն օր լրատուական աղբիւրներէն կը տեղեկանամ, որ աշխարհի բոլոր կէտերուն վրան գուպար է, պատերազմ, հեռատեսիլի կայանները կը գոռան ու կը մրցին ցոյց տալու` ջարդ, կոտորած, քանդում, հրկիզում, պայթումներ, գաղթականութիւն, ցեղասպանութիւն, եւ աշխարհի մեծ-մեծ երկիրներու պատասխանատու այրեր կամ պետական այրեր լուռ են… Տարօրինակ է, չէ՞… ինչո՞ւ արդեօք… արդեօ՞ք շատ կը ցաւին պատահածներուն համար, կամ կը ցաւի իրենց չունեցած խիղճը: Շատ ծանօթ չեմ: Ես ծանօթ եմ մոխրացած Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ դժբախտացած ժողովուրդներու անանց ցաւերուն:

Ամէն պարագայի, իմ սպիտակ մօրուքով աննման ու բարի Կաղանդ պապա, զգուշութեամբ շարժէ… վստահաբար դուն գալիք ճանապարհդ ինձմէ լաւ գիտես, սակայն փափաքս է, որ գէթ մեր երկիրը չեկած` այցելես Հայաստանի մէջ գտնուող արցախցի մանուկներուն, անտէր ու անպատսպար գաղթականներուն, լսես անոնց ցաւերը եւ յատկացնես յատուկ կաղանդչէքներ:

Շատ պիտի փափաքէի, որ այցելէիր Պաքուի բանտերուն մէջ բանտարկուած արցախցի ղեկավարներուն, բայց այդ անհնար է, սակայն լաւ է, որ յիշես… Քանի բանտերու մասին կը խօսիմ, հաճիս, սիրելի՛ Կաղանդ պապա, այցելէ Երեւանի մէջ ազատազրկուած բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն, մանաւանդ` հայ հոգեւորականներուն, մխիթարէ զանոնք, յուսադրէ՛, որպէսզի չմնան անյոյս,  որպէսզի Կաղանդի օրով բանտախուցերու մէջ չապրին ազատութեան չապրուած ցաւը եւ տխրութեամբ չերգեն` «Սէր, միութիւն ազգիս հայոց»:

Իմ բարի՛ Կաղանդ պապա, ես նամակս պիտի փակեմ ակամայ… Քեզմէ կը խնդրէի, որ մէկ բան բերես աշխարհին. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ… Բայց համոզուեցայ, որ այս աշխարհի վրայ խաղաղութիւն պիտի տեսնենք ո՛չ մենք, ո՛չ ալ գալիք սերունդները, այնքան ատեն որ կան ընչաքաղցներ… ռազմասէրներ… անկուշտ քաղաքական գործիչներ: Դարերէ ի վեր այսպէս եկեր է, այսպէս ալ պիտի երթայ: Արդ, կ՛աղաչեմ, Կաղա՛նդ Պապա, կրնա՞ս գոնէ քչի՜կ մը, քանի մը կրամ ԽԻՂՃ բերել… որպէսզի նուիրեմ աշխարհի մեծերուն ու պետական այրերուն… Կրնա՞ս…

Թանկագի՛ն Կաղանդ պապա, երբ կարենաս անվտանգ գալ եւ հասնիլ մեր փոքրիկ ու վիրաւոր Լիբանանը այն ատեն ես որպէս մեծ շնորհակալութիւն` կուշտ ու կուռ պիտի համբուրեմ սպիտակ մօրուքդ… ԲԱՐՈՎ ԳԱՍ, ԿԱՂԱ՛ՆԴ ՊԱՊԱ…

Պէյրութ, 28 դեկտեմբեր 2025

Նախորդը

Ի՞մ, Թէ՞ Մեր Շահը

Յաջորդը

Մասիս Ալեքսանդրեան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.